«Մասնակի Ընտրութիւնները Ո՛չ Ազատ Էին, Ո՛չ Ալ Ժողովրդավար» Կ՛ըսէ Ստեփան Սաֆարեան
Աւանի թիւ 1 ընտրատարածքին մէջ պատգամաւորի թեկնածու, Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան ընդհանուր քարտուղար Ստեփան Սաֆարեան յայտարարութիւն մը տարածեց 2 դեկտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Թեկնածուի նախընտրական գրասենեակի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ լրացուցիչ ընտրութիւններու քուէարկութեան հանգրուանը աւարտեցաւ, եւ ընտրական տեղամասերուն մէջ արձանագրուեցան ընտրախախտումներ:
Սաֆարեան յայտնեց, որ մինչեւ ընտրութիւնը իրենք ահազանգած էին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին` պահանջելով կանխել մայիսեան ընտրութիւններուն մէջ դրոշմակնիքներու հետ կատարուածը, բայց ատիկա չկատարուեցաւ եւ նորէն դրոշմակնիքները զանգուածաբար կ՛անհետանային անձնագիրներէն:
Բազմաթիւ փոխադրամիջոցներ ընտրողները խումբերով քուէարկութեան կը տանէին ակնյայտ ուղղորդումով: Բազմաթիւ ընտրատեղամասերու մէջ արձանագրուեցան ընտրողներու կուտակումներ: Ի վերջոյ, արձանագրուեցաւ նաեւ քուէարկողներու ցած մասնակցութիւն:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ տակաւին քարոզարշաւին մէջ ի յայտ եկած զանգուածային օրինախախտումները նոյն շարունակութիւնը եւ աւարտը ունեցան ընտրատեղամասերուն մէջ` հաստատելով ընտրութիւններու ո՛չ ազատ, ո՛չ թափանցիկ եւ ո՛չ ժողովրդավար բնոյթը: Պատկերին ամբողջանալէն ետք պիտի դիտարկուին ընտրութեան արդիւնքները վիճարկելու հիմքերը:


