«ՀՅԴ-ի Որոշումը Պայմանաւորուած Չէ Ոեւէ Մէկուն Որոշումով» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
«Մենք ըսած ենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք: Գերագոյն ժողովին մէջ այս ամբողջ պատկերը ամբողջացնելով` մեր որոշումը պիտի տանք», «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է ներկայ պահու քաղաքական անորոշութիւնը, յայտարարեց Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան անդրադառնալով յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ըսաւ, որ ՀՅԴ-ի ընթացքը շատ յստակ է` կուսակցութիւնը ոեւէ մէկուն դիրքորոշումով չի պայմանաւորեր իր որոշումը:
Ան նշեց, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի արտակարգ ժողովը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերին, որուն ընթացքին ալ պիտի յայտարարուի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցութեան ձեւաչափի մասին:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տեսակէտ կայ, որ ընդդիմադիրներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ-ի որոշումը կախեալ է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի որոշումէն, եւ որ միայն Ծառուկեանի որոշումէն ետք միւս ուժերը պիտի հրապարակեն իրենց որոշումը, Ռուստամեան յայտնեց հետեւեալը. «ՀՅԴ-ի որոշումը ոեւէ մէկուն դիրքորոշումով պայմանաւորուած չի կրնար ըլլալ: Անոնք, որոնք ծանօթ են ՀՅԴ-ին, գիտեն, որ կուսակցութիւնը իր որոշումները կու տայ իր ժողովներով, ուրիշ որեւէ հանգամանքով որոշում փոխել կարելի չէ: Մենք հիմա կը կատարենք այն, ինչ որ Գերագոյն ժողովը յանձնարարած է Գերագոյն մարմինին` հասնիլ համախմբման այս ընդդիմադիր դաշտին մէջ: Եթէ ատիկա կարելի չըլլայ, անով պայմանաւորուած պիտի ըլլայ նաեւ մեր որոշումը, եթէ ոչ` մենք պիտի քալենք մեր ճամբով, եւ անոնք, որոնք չհամաձայնեցան այս օրակարգին, մեզի համար կը դառնան նոյնը` ի՞նչ տարբերութիւն իշխանական դաշտէն, թէ` միւս դաշտէն»:
Անդրադառնալով քաղաքական խորհրդակցութիւններուն` Ռուստամեան նշեց, որ 6 դեկտեմբերին հանդիպում տեղի պիտի ունենայ քաղաքացիական, հասարակական խաւին հետ, որմէ ետք ալ պիտի հրապարակեն ընդհանուր արդիւնքները: Ռուստամեան ընդգծեց, որ որոշ հարցերու մէջ համաձայնութեան եկած են, որոշ հարցերուն մէջ` ոչ:


