Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Քոնկոյի Նախագահին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 նոյեմբերին Պրազավիլի մէջ տեղի ունեցած օդանաւի արկածին առնչութեամբ ցաւակցական հեռագիր  յղեց Քոնկոյի նախագահ Տենիս Սասու Նկուեսոյին եւ զոհուած հայ օդաչուներու հարազատներուն:

Քոնկոյի մէջ «Իլ-76» օդանաւի աղէտին պատճառով զոհուեցան անձնակազմի բոլոր 7 անդամները, որոնցմէ  5-ը` Հայաստանի քաղաքացիներ: Օդանաւին վնասած բնակելի տուներուն եւ այլ շինութիւններուն մէջ զոհուած եւ վիրաւորուած են տասնեակ մը մարդիկ:

Share this Article
CATEGORIES