Ակնարկ. Թրքական Հրթիռներու Եւ Ռուսական Ռազմանաւերու Միջեւ

Վերջին օրերուն Սուրիոյ տարածքին անջատուած համացանցային հաղորդամիջոցը եւ առհասարակ հաղորդակցութեան համակարգի ջլատումը մտածել տուին, որ գետնի վրայ բեկումնային տեղաշարժեր կ՛արձանագրուին: Իրաքանչիւր կողմ դիմացինը ամբաստանեց Սուրիան արտաքին աշխարհէն անջատած ըլլալու յանցանքով: Յայտնապէս, մարտերը կեդրոնացած էին դէպի Դամասկոսի միջազգային օդակայան տանող մայրուղիին վրայ: Շաբաթավերջին թէ՛ համացանցի եւ թէ՛ հեռախօսային կապերու վերականգնումը որոշ առումով պարզ դարձուցին տիրող համապատկերը:

Կը թուի, թէ որեւէ կողմէ հիմնական տեղաշարժ չէր ապահոված: Ձեւով մը տիրող գոյավիճակը կը մնար նոյնը: Օդակայանի կարճատեւ փակումն ու թռիչքներու վերաիրականացումը կը յուշեն, որ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ կը շարունակեն մնալ օդակայան տանող մայրուղին եւ օդակայանը ընդհանրապէս: Պարզ է անշուշտ, թէ ռազմավարական ի՛նչ նշանակութիւն ունի թիրախի վերածուած օդակայանը, որուն պահպանումը կամ գրաւումը իրադրային նշանակութիւն կ՛ունենայ երեւութապէս ներսուրիական թուացող այս պատերազմին մէջ:

Այս արդէն քանիերորդ անգամն է, որ ճակատագրականութեամբ կը բնութագրուին դէպքերը. հաղորդակցութիւնը կ՛անջատուի, մինչ այդ տեղեկատուական պատերազմը կը թէժանայ եւ իւրաքանչիւր կողմ իր ձգած առաւելութիւններուն մասին հաղորդագրութիւններ կը տարածէ կողմնորոշելու, աւելի ճիշդը` ապակողմնորոշելու համար հանրային կարծիքը:

Ռազմական ընդհարումներուն առընթեր տեղեկատուական-հոգեբանական պատերազմը իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ անկասկած: Դիպաշարին հետեւողին մօտ կը զարգանայ այն տրամաբանութիւնը, ըստ որուն, գետնի վրայ զինուորական առումով կողմերը կը մղեն հաւասարապէս մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետ հետեւողական պայքարը, որ իւրաքանչիւր կողմին չի տար նկատառելի առաւելութիւն եւ ընդհանրապէս կը պահէ գոյավիճակը:

Այս իրողութիւնը իր կարգին մտածել կու տայ, որ արտաքին ուղղակի միջամտութեան բացակայութեան` հիմնական տեղաշարժերը, յառաջընթացները եւ անոնց դիմաց նահանջներն ու յանձնուիլները չեն  իրականանար: Այստեղ խօսքը չի վերաբերիր զինուժ, նոյնիսկ մարդուժ եւ ֆինանսաւորում տրամադրելու հսկայական ծաւալներուն: Հարցը ուղղակի ռազմական միջամտութեան մասին է, որ այս պահու դրութեամբ չէ ստացած միջազգային կանաչ լոյսը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը փաստօրէն մինչեւ հիմա բանաձեւերու սահմաններուն մէջ կեցուածքներ կը հրապարակէ եւ վեթոներու առկայութեան չի  կրնար յանգիլ զինուորական յարձակումով իշխանափոխութիւն իրականացնելու որոշումին: ՕԹԱՆ-ը, իր կարգին թրքական տարածքներու վրայ հրթիռներ տեղակայելու համաձայնութիւններ կը հրապարակէ` ճշդելով, որ իր կառոյցը որոշում չունի «փրկութեան» գործողութիւններ իրականացնելու:

Նոյնը կը պատահի դիմացի կողմը: Զանգուածային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իրանը Իրաքի ճամբով կը շարունակէ զինել իր դաշնակից Սուրիան, Անգարան կ՛ամբաստանէ Մոսկուան զինուորական գերարհեստագիտութեամբ Միջին Արեւելքի իր ռազմավարական գործընկերոջ զօրակցելու յանցանքով: Մինչ, ոչ սուրիացի այլազգիներու ինքնութիւններ կը յայտնաբերուին ընդհարումներու ընթացքին սպաննուած զինեալներու շարքերուն:

Ինքնապաշտպանութեան կամ սեփական քաղաքացիներ տարհանելու պատճառաբանութեամբ մէկ կողմէ Անգարան Սուրիոյ հետ իր սահմաններու տարածքին գերարդիական հրթիռներ կը տեղադրէ, միւս կողմէ Մոսկուան սուրիական ծովը  կը պաշտպանէ իր ռազմանաւերով: Եւ արտաքին միջամտութիւնը կը շարունակուի իբրեւ անհրաժեշտութիւն յանկերգուիլ:

Որեւէ պահու կրնայ  դէպի Սուրիա եւ նաեւ անկէ դէպի արտաքին աշխարհ հաղորդակցութիւնը վերստին անջատուիլ: Լրատուադաշտը հերթական անգամ կ՛ողողուի վերջին հանգրուանի բնութագրումներով, ընդհարումներու ճակատագրականութեան մասին վերլուծումներով: Լոյսը կը բացուի, դիրքերը կը մնան նոյնը` ընդհանուր առումով: Գոյավիճակ մը, յայտնուած` թրքական հրթիռներու եւ ռուսական ռազմանաւերու միջեւ աքցանուած Սուրիոյ տարածքին: Փոխուողը` զոհերու թիւն է. նաեւ` քանդումի տարողութիւնը:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES