50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1962)
Յարութիւն Գաբրիէլեանի
Ասմունքի Երեկոն
Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ասմունքի երեկոն, նուիրուած` տաղանդաւոր բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ:
Սրահը գրեթէ լեցուն էր գեղարուեստասէր հասարակութեամբ:
Արեւմտահայ քնարական գրականութեան քաղցրաթախիծ երգիչ, համակրելի անմահանուն Մատթէոս Զարիֆեանի կեանքին համանուագը կազմող քերթուածները պիտի արտասանուէին:
Վաղամեռիկ տառապողի մը, տրտմաթախիծ քնարին տաք ու հեւքոտ քերթուածները պիտի արտասանուէին:
Գրեթէ անծանօթ, նոր անուն մըն էր Յարութիւն Գաբրիէլեան: Պիտի յաջողէ՞ր արդեօք բանաստեղծին գեղեցկօրէն դաշնաւորուած քերթուածնեարուն ապրումովը ներշնչուիլ ու այդ ապրումներուն հաղորդակից դարձնել իր ունկնդիրները արուեստագէտի արժանիքով:
Դիւրին չէ Զարիֆեան արտասանել:
Վաւերական, տաղանդաւոր արուեստագէտ մը ունկնդրելու ակնկալութեամբ չէին եկած ներկաները: Եւ Յարութիւն Գաբրիէլեան արուեստագէտ մը չէր: Յայտնութիւն մը չեղաւ:
Նախակրթարան աւարտած սիրող մը, արուեստագէտ շրջանակէ հեռու, շնորհալի, բոլորովին ինքնաշխատութեամբ լաւ սորված, շատ փորձած, ինքնավստահ ու համարձակ, յաջողեցաւ մինչեւ վերջ Զարիֆեանի քերթուածներուն մթնոլորտին մէջ պահել իր ունկնդիրները, անձանձրոյթ, որոնց մէջ չէին պակսեր նաեւ բծախնդիր ու բանիմաց արուեստագէտներ ու սիրողներ:
Արտասանուած բոլոր քերթուածներուն ընթացքին ուզեցինք հանդիպիլ Զարիֆեանին, երբեմն յաջողեցանք քերթողին ապրումներուն հետ ըլլալ:
Դժգոհ դիմախաղի մնայուն արտայայտութիւնը եւ քիչ մը լալկան ոճը, միօրինակութեան մը տպաւորութիւնը թողուցին:
Արտասանուած լաւագոյն քերթուածները եղան «Կոյսը վկայ»-ն եւ «Խենթը»:
Շատ բան ունի սորվելիք Յարութիւն Գաբրիէլեան: Ոտանաւորի մը կէտադրութիւնները յարգելու հիմնական պահանջէն մինչեւ արտասանական արուեստի խստապահանջ նրբութիւններուն թափանցումը:
Իր մէջ շնորհն ու աշխատելու կամքը չէ, որ կը պակսի: Նուաճումներ կատարելու ընդունակ սիրող մըն է:
Յարութիւն Գաբրիէլեան, ասմունքի իր առաջին երեկոյթով, գնահատանքի եւ քաջալերանքի արժանի յաջողութիւն մը արձանագրեց:
Ներկաներու ջերմ համակրանքին արժանացաւ: Երկու ծաղկեփունջեր նուիրուեցան եւ բազմաթիւ շնորհաւորութիւններ ընդունեց:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Հակաստալինեան Պայքարը Եւ Խրուշչեւ
«Փրաւտա»-ի մէջ Նիքոլա Տորիզօ քերթուած մը ստորագրած է, որ կը պանծացնէ Ստալինի զոհերուն եւ Ստալինկրատի պաշտպաններուն յիշատակը:
Յիշենք, որ Ստալինկրատ այսօր կը կոչուի Վոլկոկրատ:
Հայրս
Ստիպուեցաւ տունէն երթալ
Դէպի Սիպերիոյ սառնամանիքները,
Ապա անհետացաւ:
Ի բոլոր սրտէ, սակայն
Հաւատք ունէր Ստալինի
Բայց, անողոք, Ստալինը
Հաւատք չունէր հօրս:
Ժամը եկած է
Այդ զինուորները յիշելու
Յանուն ճշմարտութեան
Պէտք է:
Այդ ռազմիկները իրենց կեանքը
Տուին Ստալինկրատի համար.
Եւ սակայն չճանչցան
Վոլկոկրատը:
Զանազան մանրամասնութիւններ սկսած են թափանցել Խրուշչեւի փակման ճառին մասին: Կ՛ըսուի, թէ խորհրդային վարչապետը հաւանութիւն տուած է Էվթուչենքոյի հակաստալինեան քերթուածի հրատարակութեան եւ գրողներու ազատ արտայայտութեան ի նպաստ խօսած է:
Յայտնած է նաեւ, անհատի պաշտամունքի չափազանցութեանց վնասները պատկերացնելու համար, որ աւելի քան հարիւր հոգի շնչահեղձ մեռած են Ստալինի դագաղին շուրջ, անոր յուղարկաւորութեան ատեն, բայց այն ատեն կարելի չէր այս դէպքը հրատարակել:
Անշուշտ վերապահութեամբ պէտք է ընդունիլ այս լուրերը: Սովորութիւն է միշտ յապաղումով հաղորդել Խրուշչեւի ճառերը, որոնց յաճախ Արեւմուտքը աւելի արագօրէն կը ծանօթանայ, քան` խորհրդային ներքին աշխարհը: Այդպէս եղաւ արդէն համայնավար կուսակցութեան Ի. համագումարին Խրուշչեւի արտասանած ճառին առթիւ:

