«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Դժուարութիւններ Յաղթահարած Հայաքաղաքը` Պուրճ Համուտ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պուրճ Համուտի Կիւլլապաշէն թաղամասը

Պուրճ Համուտի բնակչութեան մէկ մասին հայրենիք ներգաղթէն ետք (1946-ին), յատկապէս Նոր Սիսի յարակից գօտին մասամբ կորսնցուց իր հայեցի դիմագիծը, երբ հարաւէն եկած եւ գլխաւորաբար շիի համայնքին պատկանող ընտանիքներ աժան գիներով գնեցին հայերու բնակարանները եւ մնայուն բնակութեան հիմեր դրին շրջանին մէջ:

Այդ ժամանակ տակաւին Պուրճ Համուտ քաղաքապետութիւն չունէր եւ Ժըտէյտէի քաղաքապետութեան կապուած էր: Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ էր Զմմառի միաբան մարտինցի արաբագէտ հայր Պօղոս Արիս, որ հեծիկով յաճախ կը շրջէր Պուրճ Համուտի թաղերը, փողոցները աղտոտող, լուացքի ջուրերը դուրսը թափող կիները կը յանդիմանէր եւ մաքրութեան կը հսկէր:

Միւս կողմէ, Սին Էլ Ֆիլի շրջանին մօտիկէն բխող առուակը (որ հետագային կոչուեցաւ Նապաա) իր հետ տիղմ եւ աղբ կը տեղափոխէր, որոնք յորդառատ անձրեւներու ժամանակ կ՛ողողէին թաղերը: Իսկ Նոր Սիսի տարածքը աւելի ցածրադիր ըլլալով, առաջին անձրեւներուն իսկ կ՛ողողուէր: Մանաւանդ երկաթուղագիծի կառուցման ժամանակ բարձրացուեցան հողերը, աւելի ցածցնելով այդ տարածքը:

Նշենք նաեւ որ ֆրանսական հոգատարութեան օրերէն մնացած սովորութեամբ մը, թաղի շուները, եթէ բժշկական արտօնագիր չունէին, քաղաքապետութեան պաշտօնեաներու կողմէ կը հաւաքուէին, ինքնաշարժներու մէջ կը դրուէին եւ ծովեզերք տարուելով կը մաքրուէին: Բայց այդ սովորութիւնը հետագային մոռցուեցաւ:

1950-ական տարիներուն սկիզբը Պուրճ Համուտ առանձին քաղաքապետութեամբ օժտուեցաւ: Առաջին քաղաքապետը եղաւ հայր Պօղոս Արիս:

*
*    *

«Ազդակ» պարբերաբար կ՛անդրադառնար Պուրճ Համուտի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ արձանագրած վերելքին: 30 նոյեմբեր 1948-ի թիւով եւ «Անդրնահրի թաղերուն վիճակը ամօթաբեր է Պէյրութի համար» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Վերջին մէկ-երկու օրերու ընթացքին Պէյրութի վրայ տեղացող հեղեղանման անձրեւները ճահճային լիճերու վերածեցին Անդրնահրի հայկական թաղամասերու փողոցները: Անոնք որ հոն կ՛ապրին` իրենց մորթին վրայ կը կրեն այս տխուր կացութեան աղէտալի բոլոր հետեւանքները. իսկ անոնք որ քաղաք կը բնակին` կրնան դիւրութեամբ երեւակայել թէ ինչ ահաւոր վիճակ կը տիրէ հոն:

Երբ ասֆալթով ծածկուած փողոցներէն իսկ հեղեղներ կը հոսին եւ երթեւեկութիւնը դժուարութեան կը մատնուի, կրնանք պատկերացնել Նոր Մարաշը, Նոր Սիսը, Թրատները իրենց ծուռ ու մուռ փողոցներով, ուր անձրեւը ցեխակոյտի լճակներ կը գոյացնէ, անանցանելի ըլլալու աստիճան:

Նոր Սիս թաղամասը

Չափազանց տխուր իրողութիւն մըն է ասիկա, որ ծանր անդրադարձներ կ՛ունենայ 20,000-ի հասնող մեր հայրենակիցներու կեանքին եւ առողջութեան վրայ: Համատարած ցեխ եւ աղտեղութիւն, որոնք շատ տեղեր բնակարաններէն ներս կը խուժեն եւ կը սպառնան ամբողջ թաղերը կղզիացնել մնացեալ շրջաններէն: Ոչ միայն թաղէ թաղ, այլ տունէ մը դիմացի տունը անցնելու համար իսկ երբեմն մարդ կը հարկադրուի բոպիկնալ` կօշիկներով ու գուլպաներով ցեխին մէջ չխրուելու համար:

Տեղատարափ անձրեւները չեն միայն որ այս ողբալի վիճակը կը ստեղծեն: Ամբողջ ձմեռը նոյնն է պատկերը: Կը բաւէ որ ճամբաներուն եւ փողոցներուն մէջ քիչ մը ջուր թափուի` փոշին եւ հողը կը վերածուին իսկոյն ձիթանման թանձր ցեխի, զոր Լիբանանի հզօր արեգակն անգամ չի կրնար չորցնել:

Երանի թէ անձրեւի մաքուր ջուրով եւ հողով շաղախուած ցեխ ըլլար Անդրնահրի թաղերէն յորդող դժբախտութիւնը: Ողբալին հոն է մանաւանդ որ այդ կեղտին կը խառնուին նաեւ լուացքի եւ կոյուղիներու գարշահոտ մնացորդները, անշնչելի մթնոլորտ մը ստեղծելով ամէն կողմ: Աւելցուցէք այս բոլորին վրայ շրջակայ բլուրներէն եւ լեռներէն հոսող հեղեղները, որոնք ուղղակի կը խուժեն բնակուած բաց տարածութիւններէն ներս, դուք կ՛ունենաք Անդրնահրի հայկական թաղամասերուն ծայրայեղօրէն թշուառ պատկերը, որ մխիթարական ոեւէ կէտ չունի: Տիղմ ու գարշանք ծայրէ ծայր:

Եթէ հայ ժողովուրդի բնական մաքրասիրութիւնը չըլլար, եթէ մեր հայրենակիցները արտակարգ տոկունութեամբ մը հերոսական ճիգեր ի գործ չդնէին, հակաառողջապահական այդ մթնոլորտին մէջ շատոնց բոյն դրած պիտի ըլլային զանազան վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնց համար սքանչելի գետին կայ: Բայց հակառակ անհատական ճիգերու – որոնք անբաւարար են անշուշտ նման մեծ աղէտի մը առաջքը առնելու – յաճախադէպ հիւանդութիւններ ու մահեր պակաս չեն դարձեալ:

Անտանելի այս կացութիւնը անմիջական դարմանի կը կարօտի: Կարելի չէ ցաւը մատնանշել եւ անցնիլ: Պատասխանատուները պարտաւոր են անյապաղ գործի լծուելու: Եւ ամէնէն առաջ` Ճիտէյտիի քաղաքապետութիւնը, որուն հոգածութեան տակ կը գտնուի ինքնին խոշոր քաղաք մը ներկայացնող այդ բազմամարդ շրջանը:

Բարեկարգութեան խոստումներ շատ են շռայլուած, բայց դժբախտաբար գործնական ոչ մէկ արդիւնք մինչեւ այսօր:

Շնորհիւ թափուած մասնաւոր ջանքերու եւ յաճախակի դիմումներու, կառավարութիւնը նկատի առած է մեր մատնանշած տխուր երեւոյթը եւ որքան գիտենք, մինչեւ իսկ որոշ յատկացումներ կատարած Անդրնահրի թաղամասերու շինութեան եւ առողջապահութեան ծրագիրներուն: Նախորդ եւ անցեալ տարիներուն, հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը անձնապէս այցելեցին այդ շրջանները ձմեռ ատեն եւ ականատես եղան հոն պարզուող անտանելի կացութեան:

Բարեացակամութիւնը չէ ուրեմն որ կը պակսի իշխանութեանց կողմէ: Կը մնայ, որ այդ բարեացակամութիւնը շուտով գործի վերածուի` յօգուտ շրջանի բնակչութեան եւ Լիբանանի գեղեցիկ մայրաքաղաքին, որուն մէկ մասը կը կազմէ Անդրնահրի արուարձանը:

Շինարարութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ այս երկրին մէջ, իւրաքանչիւր լիբանանցի մեծ ուրախութեամբ կը տեսնէ յատկապէս Պէյրութ քաղաքի բարեզարդութիւնը, որուն համար միլիոններ կը ծախսուին: Ամիս չանցնիր, որ նորանոր ճամբաներ չհարթուին: Անճանաչելի ըլլալու աստիճան, փոխուած եւ գեղեցկացած է Պէյրութը ու զարգացման հսկայ կարելիութիւններ ունի իր առջեւ:

Արդ, այսպիսի նախաձեռնութեամբ շինարարական գործը առաջ տանող կառավարութիւն մը անկարելի է մտածել, որ պիտի չբաղձար ուշադրութիւն դարձնել նաեւ Անդրնահրի վիճակին, որուն մաքրութիւնը, կանոնաւորութիւնը, գեղեցկութիւնն ու առողջ մթնոլորտը անհրաժեշտ պայմաններէն մէկը կը կազմեն Պէյրութի ընդհանուր մաքրութեան եւ բարեզարդութեան: Կարելի չէ տեղ մը շինել եւ ուրիշ տեղ քանդուած թողուլ: Ահա թէ ինչու այն վստահութիւնը ունինք թէ կառավարութիւնը սիրայօժար ընդառաջ պիտի երթայ բնակչութեան եւ երկրին բարիքին հետ կապուած ամէն ձեռնարկի: Պէտք է կրկին ու կրկին դիմել պատկան մարմիններուն եւ անձերուն, փութացնելու համար Անդրնահրի փողոցներուն, ճամբաներուն եւ կոյուղիներուն շինութիւնը:

Ժամանակն է այլեւս որ տիղմի եւ աղտի լիճերը չորնան եւ օրուան հացի կարօտ ու իր չարքաշ աշխատանքով ապրող մեր հայրենակիցները գոնէ առողջապահական տարրական պայմաններու մէջ գտնուին:

Անդրնահրի թաղամասերուն մէջ տիրող վիճակը, եթէ այսպէս շարունակուի, իսկական արատ մը եւ ամօթ մը պիտի դառնայ Լիբանանի սիրուն մայրաքաղաքի անուան»:

*
*     *

Յաջորդ օր, 1 դեկտեմբեր 1948-ին, «Պէտք է արժեցնել իրաւունքը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

Պուրճ Համուտ 1930-ական տարիներուն

«Երէկուան մեր խմբագրականով մատնանշեցինք կենսական խնդիր մը, որ կը վերաբերէր Անդրնահրի ընդարձակ քաղաքամասին: Ամէն ձմեռ այժմէական բնոյթ կը ստանայ այդ թաղերու անտանելի վիճակը` անձրեւային հեղեղումներու պատճառով, որոնց դէմ պաշտպանուելու բոլոր հնարաւորութիւններէն զրկուած է այնտեղի հոծ հայութիւնը: Աւելորդ է կրկին ու կրկին նկարագրել Անդրնահրի փողոցներուն ցեխակոյտերն ու լճացած գարշահոտ ջուրերը, որոնց իրական պատկերը ճանչնալու համար բաւական է մէկ անգամ գոնէ այս օրերուն անցնիլ այդ շրջանի ներքին մասերէն: Ամէնէն կենդանի նկարագրութիւններն անգամ անօգուտ մարզանքներ պիտի մնային, եթէ բուն ցաւին մասնակից պիտի չդառնան իրաւասու իշխանութիւնները, այսինքն անոնք որ ի պաշտօնէ պարտաւոր են զբաղիլ քաղաքի առողջական պայմաններով եւ բարեգործութեամբ:

Հին է ցաւը եւ տասնեակ տարիներու պատմութիւն ունի: Ամառը տեսակ մը, ձմեռը ուրիշ տեսակ: Տաք օդին` մթնոլորտը անշնչելի կը դառնայ, ապականուած ջուրերու եւ աղտեղութեանց արտահոսումներուն հետեւանքով, որովհետեւ կոյուղիներ եւ ստորերկրեայ խողովակներու ցանցեր գոյութիւն չունին հոն, ինչպէս սովորութիւն է հաստատել ոեւէ խճողուած կեդրոնի մէջ: Խոնաւ եղանակներուն` փողոցներէն կարելի չէ անցնել, որովհետեւ կանոնաւոր ճամբաներ չկան եւ գետինը ասֆալթէ զուրկ է:

Թշուառութիւնը բազմապատկող այս ողբերգութիւնը ծայրայեղ դժուարութեանց առջեւ դրած է հոն ապաստանած բազմահազար մեր հայրենակիցները, որոնք մեծամասնութեամբ ստիպուած են ամէն օր ոտքով հեռաւոր տարածութիւններ կտրել` գործի երթալու եւ գործէն  վերադառնալու համար: Հապա մանուկնե՞րը, դպրոցական խեղճ երեխաները, որոնք ծակ կօշիկներով եւ յաճախ բոկոտն դպրոց կը վազեն: Աւելորդ է խօսիլ օթոյի երթեւեկութեան մասին, քանի որ ամէնուն ծանօթ է հոն ապրող ընտանիքներու նիւթական անձուկ կացութիւնը: Թող թէ օթոներն անգամ ցեխին մէջ խրուած պիտի մնային, եթէ կարելի ըլլար իսկ նման պերճանքներ ապահովել: Որով մեր տղաքը ուղղակի ցեխի եւ աղտեղութեան մէջ հասակ կը նետեն, հերոսական պայքար մղելով անօթութեան, ցուրտին եւ ճահճային ջուրերուն դէմ:

Ինչո՞ւ կը ձգձգուի Անդրնահրի փողոցներուն եւ ճամբաներուն նորոգութիւնը: Ինչո՞ւ երեսի վրայ լքուած կը մնայ շրջան մը, որ իր դիրքով, տարածութեամբ եւ նկարչագեղ բնութեամբ Լիբանանի մայրաքաղաքին կարեւորագոյն մասերէն մէկը կը կազմէ:

Հարցում մը ահաւասիկ, որ պէտք է գտնէ այլեւս իր պատասխանը: Եւ որքան կարելի է շուտ, որքան կարելի է արագ կարգադրութեամբ:

Տրամաբանօրէն անըմբռնելի է եղած անտեսումը:

Անդրնահրի հսկայ շրջանը իր քաղաքապետութեան հանդէպ նիւթական պարտաւորութիւնները կը կատարէ՞, թէ ոչ: Տուրքերը կը գանձուի՞ն լիակատար ձեւով թէ ոչ: Խնդրոյ առարկայ թաղերը խոշոր հասոյթներու աղբիւր կը կազմե՞ն թէ ոչ:

Ոչ ոք կրնայ ժխտել այս իրողութիւնները:

Արդ, պարտաւորութիւնները որոշ իրաւունքներ ենթադրել կու տան: Երկրի մը օրինաւոր քաղաքացիները իրենց պարտքը հատուցանելէ վերջ, իրաւունք ունին նաեւ արդար պահանջքներ ներկայացնելու: Պետութիւնը չի կրնար խուսափիլ հանրային բարօրութեան հետ սերտ աղերս ունեցող պահանջները գոհացնելէ:

Պուրճ Համուտի Բարեշէն թաղամասը

Ուրախ ենք հաստատելու թէ քանի մը  առիթներով եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց խոստումներով, Անդրնահրի թաղային նորոգութեանց անհրաժեշտութիւնը ընդունուած է կառավարութեան կողմէ ու ծրագրի անցած: Հոս, Նահրի ամբողջ բնակչութիւնը – հայ թէ արաբ – անյետաձգելի գործ մը ունի կատարելիք.- Քաղաքապետութեան դռները ափ առնել, հաւաքական դիմումներ ներկայացնել, ազդեցիկ անձեր տեսնել, վիճակագրական յստակ պատկերներ փոխանցել եւ ընդհանուրի բաղձանքը արժեցնել յաչս գործադիր մարմիններուն:

Հայկական առածը իրաւացիօրէն կ՛ըսէ. «Չլացող տղուն կաթ չեն տար»: Այս այսպէս է, դժբախտաբար, քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն գործի մէջ: Կողմնակի բարեխօսութիւնները պէտք եղած արդիւնքը չեն տար, եթէ բուն շահագրգռուողները տէր չկանգնին իրենց իրաւունքին:

Ոչ անհատական, ոչ խմբական, ոչ ալ համայնքային միջոցներով եւ ջանքերով գլուխ գալիք ձեռնարկ մը չէ ասիկա: Այլ պետական գործ մը, որով շրջանի քաղաքապետութիւնը ստիպուած է շահագրգռուիլ: Օգտուողը միայն Անդրնահրի բնակիչները պիտի չըլլան բնականաբար, թէեւ անոնք են հետեւանքներու անմիջական ենթակաները: Եւ սակայն, հասարակաց առողջութեան եւ քաղաքային բարեզարդութեան հետ առնչութիւն ունեցող նման խնդիր մը իր լաւ ու վատ կողմերով կ՛անդրադառնայ մայրաքաղաքի ամբողջական կեանքին:

Տարիներ առաջ, երբ Անդրնահրի ներկայ շէն թաղամասերը ամայի էին, իբրեւ ճախճախուտ ու խոպան դաշտեր, մալարիան բոյն էր դրած հոն եւ աւեր կը գործէր Պէյրութի բնակչութեան մէջ: Եթէ ներկայիս մալարիայի չարիքը խոշոր չափով սանձուած է, ատիկա կը պարտինք առաւելաբար այդ շրջանները հաստատուող հայ գաղթականութեան, որ վատառողջ հողամաս մը բնակելի դարձուց: Պէյրութը զարգացաւ, մեծցաւ ու տարածուեցաւ մինչեւ Տորա: Կարելի չէ այլեւս գետէն անդին եւ գետէն ասդին իրարմէ զատել: Հաղորդակցութեան միջոցները արագ են եւ հաղորդակցողներու թիւը բիւրապատկուած: Լիբանանի պետական շահը եւ վերաշինական նախանձախնդրութիւնը կը պահանջեն որ ինչպէս Պէյրութի կեդրոնական մասերէն, նոյնպէս եւ անոր ծայրագոյն թաղերէն վերնան աղտեղութեան ու հիւանդութեան վերջին բոյներն ալ:

Անըմբռնելի է որ տեղ մը լայն ու մաքուր պողոտաներ բացուին եւ ուրիշ տեղեր ցեխի ու կեղտի ճահիճներ լճանան տարին տասներկու ամիս»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES