Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վազգէնեան Հոգեւոր Դպրոցին Մէջ Ուսանողներու
Միջազգային Օրը Նշուեցաւ
Դասական Երաժշտութեան Երգահանդէսով
Ուսանողներու միջազգային օրուան առիթով Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրոցը հիւրընկալեց հայ դասական եւ հոգեւոր երաժշտութեան երկրպագուներ, որոնք եկած էին վայելելու մեր ժամանակներու լաւագոյն թենորներէն մէկուն` Գէորգ Հաճեանի անզուգական կատարումները:
Գէորգ Հաճեանի բեմական 20-ամեայ գործունէութեան նուիրուած յոբելենական երեկոն հոգեւորի եւ աշխարհիկի միաձուլումն էր, որ սկսաւ Տէրունական աղօթքով: Մինչ երգահանդէսին բաժնին անցնիլը` ներկայացուեցաւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակի` Կոմիտասի կեանքը եւ գործունէութիւնը, որ նաեւ նախերգանք էր Հաճեանի` կոմիտասեան կատարումները առաւել պատկերաւոր դարձնելու համար: Իր հոգիին մէջ պահած կամուրջները, հոգեւոր լոյսը, հզօր ձայնը Հաճեանը ներկաներուն փոխանցեց Կոմիտասի անմահ գործերուն միջոցով` ներկայացնելով «Հայր մեր»-ը, «Տլէ եաման»-ը, «Անտունի»-ն, «Կիլիկիա»-ն, «Հայաստան»-ը եւ միւս ստեղծագործութիւնները: Հանրայայտ թենորը ներկայացուց նաեւ Էդուարդաս Մեժելայտիսի եւ Դանիէլ Երաժիշտի հեղինակած «Ապրիլի 24» ստեղծագործութիւնը:
Երգահանդէսին մասնակցած էր նաեւ Վազգէնեան դպրոցի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» երգչախումբը: Երեկոն կազմակերպուած էր «Սեւան երիտասարդական ակումբ»-ը` համագործակցութեամբ Վազգէնեան հոգեւոր դպրոցի տեսչութեան, աջակցութեամբ գործարար Գրիգոր Քարամեանի, Սեւանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս քհնյ. Իգնաթէոսեանի: Երիտասարդական ակումբի նախագահ Նաիրա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, միաժամանակ ցանկութիւն յայտնեց, որ այս պիտի ըլլայ սկիզբը դասական երաժշտութեան նոր երեկոներու կազմակերպման: Յովսէփեան շնորհակալագրեր յանձնեց այս ձեռնարկի աջակիցներուն, իսկ Գէորգ Հաճեանին` նաեւ սեւանեան այս օրը յիշեցնող յուշանուէր: Համերգի աւարտին թենորի ձայներիզներու վաճառքէն ստացուած հասոյթը փոխանցուեցաւ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ֆոնտին:
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրողներու Վկայութիւններու
Եռահատոր Բացառիկ Աշխատութիւնը Պատրաստ Է
Հայաստանի Ազգային արխիւը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կը շարունակէ հրատարակել եւ միջազգային հանրութեան դատին յանձնել կարեւոր եւ եզակի փաստաթուղթեր: Արդէն պատրաստ է «Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Վերապրողներու վկայութիւններ. արխիւային փաստաթուղթեր» եռահատոր աշխատութիւնը, որուն մէջ կը ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու` 1916 թուականին տուած վկայութիւնները:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, Անդրկովկասի տարածքին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի այն հատուածներուն մէջ, որոնք արդէն գրաւուած էին ռուսական բանակին կողմէ` 1916-1917 թուականներուն, իրականացուած է այսօրուան ընկալումով ծրագիր մը, որուն նպատակն է յստակացնել, թէ ի՛նչ կատարուած էր Արեւմտեան Հայաստանին մէջ 1915-ին: «Երբ հայկական կամաւորական ջոկատները եւ ռուսական բանակը կ՛ազատագրէին հայկական տարածքները եւ կը տեսնէին, որ արդէն այդտեղ հայ չէր մնացած կամ մնացած էին շատ քիչ թիւով մարդիկ: Շարք մը մտաւորականներ մշակած էին հարցացուցակ, որուն միջոցով կը պարզէին, թէ հայկական գիւղը մինչեւ տուեալ իրադարձութիւնը որքան բնակչութիւն, եկամուտ ունէր, եւ որքան մարդ կ՛ապրէր: Ինչքան զինուոր գացած է կռուի, ինչ եղած են, երբ սկսաւ կոտորածը, տեղահանութիւնը, որոնք մասնակցած էին, որոնք փրկուեցան, ինչպէս էր 1916-ին գիւղին վիճակը», ներկայացուց Ամատունի Վիրաբեանը:
Ազգային արխիւի տնօրէնին խօսքով, ասոնք հաւաստի տեղեկութիւններ էին, որովհետեւ գրի առնուած են մէկ տարի յետոյ, երբ մարդոց յիշողութիւնները թարմ էին, կը յիշէին ոճրագործութիւն իրականացնողներուն անունները: Եռահատորին առաջին հատորը կը պատմէ Վանի նահանգի մասին, որ բաժնուած է ըստ գաւառներու, իսկ անոնք` ըստ գաւառակներու: Երկրորդը կը վերաբերի Բաղէշի (Պիթլիս) նահանգին, որուն մէջ կը մտնեն` Մանազկերտը, Մուշը, Սասունը, Բաղէշը: Այստեղ ալ նոյն սկզբունքը կը գործէ: Երրորդ հատորը կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի միւս շրջաններուն` Խարբերդին, Տիգրանակերտին, Տրապիզոնին: Գիրքը ունի տեղեկատու համակարգ, բոլոր բնակավայրերը բացատրուած են, թէ ո՛ւր կը գտնուին, մարդոց մասին կարելի տեղեկութիւններ կան, իսկ անհասկնալի բառերը կարելի է գտնել օտար կամ բարբառային բառերու բառարանին մէջ:
Յառաջիկային պիտի տպագրուին նաեւ աշխատութեան 4-րդ եւ 5-րդ հատորները, որոնք կը վերաբերին Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան այն տարածքներուն, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի սահմաններուն մէջ չէին: «Աշխատութիւնը իսկապէս բացառիկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անոր մէջ մարդը կը ներկայացուի իր ապրումներով, ցաւերով, կրած տառապանքներով եւ հրաշքով փրկութիւնը: Մարդը, որ իրաւունք ունէր ապրելու, ոչնչացուեցաւ միայն անոր համար, որ եղած է ազգութեամբ հայ եւ քրիստոնեայ», յիշեցուցած է ան:
Ազգային արխիւի տնօրէնը շեշտած է, որ իրաւական առումով անիկա ունի մեծ նշանակութիւն, որովհետեւ անոնք գրի առնուած են մէկ տարի ետք, երբ նոյնիսկ նիւթ չկար տակաւին Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Փաստաթուղթերը կրնան ներկայացուիլ միջազգային գիտաժողովներու եւ հանդիպումներու: Գիրքը յառաջիկային պիտի թարգմանուի թրքերէնի, ռուսերէնի եւ անգլերէնի, ինչպէս նաեւ պիտի կազմուի գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակը: Յայտնենք, որ Հայաստանի Ազգային արխիւը կը նախատեսէ տպագրել նոր աշխատութիւններ եւս: 1918-ին Յովհաննէս Թումանեանի նախագահութեամբ ստեղծուած է յանձնախումբ, որ փորձած է բացայայտել հայ ժողովուրդին կրած վնասները Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին: Ամբողջացած է 29 հազար հարցաթերթիկ, որ պիտի տպագրուի 20-22 հատորով: Պիտի ստեղծուի նաեւ այն մարդոց անուններուն ցանկը, որոնք զոհ դարձած են Հայոց ցեղասպանութեան:
Քուէյթ 100 Հազար Տոլար Պիտի Յատկացնէ
Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն
Նոյեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին:
Սփիւռքի նախարարի հետ նախապէս ունեցած հանդիպումին ընթացքին դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր սուրիահայերուն առնչուող հարցերուն մասին զեկուցել իր երկրի ղեկավարութեան, այնուհետեւ սահմանել համագործակցութեան տարբերակներ:
Քապանտին նախարարին փոխանցած է, որ Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն 100 հազար տոլարի աջակցութիւն ցուցաբերելու գծով:
Նախարար Հ. Յակոբեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն հիմնական հարցերը եւ աջակցութեան ծրագիրներ գործադրելու այն անհրաժեշտ ուղղութիւնները, որոնց պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ առաջնահերթութիւն տալ:
Համաձայնութիւն գոյացած է այն մասին, որ յառաջիկային Հայաստան այցելեն Իսլամական բարեսիրական կոմիտէի ներկայացուցիչները: Սփիւռքի նախարարութեան օգնութեամբ անոնք Հայաստանի մէջ պիտի ուսումնասիրեն եւ ծանօթանան իրավիճակին, այնուհետեւ միասնաբար կազմակերպեն եւ իրականացնեն օժանդակութեան ծրագիրներ:
«Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»-ի Գլխաւոր Գրասենեակին Մէջ
Հանդիպում Դոկտ. Ֆետերիքօ Ֆաճինի Հետ
«Սինեփթիքս» ընկերութեան պատուոյ նախագահ, «Ֆետերիքօ եւ Էլվիա Ֆաճին» հիմնադրամի նախագահ Ֆետերիքօ Ֆաճին, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի նախագահի 2012 թուականի մրցանակը ստանալու համար` տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար, դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գրասենեակին մէջ: Դասախօսութիւն-հանդիպումին ներկայ էին Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի գործարար համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք ունկնդրեցին այս մարզի ապագային առնչուող դասախօսութիւն:
«Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»-ը կ՛աջակցի «Համաշխարհային տեղեկատուական արհեստագիտութեան մրցանակ» նախաձեռնութեան` այս ոլորտին մէջ զայն հրաշալի գործիք նկատելով բարձր վարկանիշ ունեցող Հայաստանը աշխարհի տեղեկատուական արհեստագիտութեան քարտէսին վրայ զետեղելու իմաստով: Հայաստանը այս բնագաւառին մէջ ունի չօգտագործուած հսկայական ներուժ, որ եթէ լաւապէս ու ճշգրիտ ձեւով օգտագործուի, կրնայ մեծապէս նպաստել երկրի տնտեսական աճին», յայտնած է «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Եղիշէ Չարենցի Տուն–Թանգարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Քանատահայ Քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի
«Չարենց» Դիմաքանդակի Բացման Արարողութիւնը
Նոյեմբեր 27-ին, Եղիշէ Չարենցի մահուան տարելիցին առիթով, բանաստեղծին տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ քանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի «Չարենց» դիմաքանդակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած էին գեղանկարիչներ, քանդակագործներ, գրողներ եւ այլ արուեստագէտներ:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան` գրողներու միութեան նախագահ Լ. Անանեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դ. Կարապետեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակից Ա. Գիւրջեան, արուեստաբան փրոֆ. Մերի Երզնկեան, Ե. Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Լիլի Յակոբեան:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Ե. Չարենցի դիմաքանդակին հեղինակը:
Մկրտիչ Տարագճեան 1982-ին հաստատուած է Քանատա, Մոնրէալ: Քանդակագործը անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Մոնրէալի մէջ, Պոսթընի հայկական թանգարանին մէջ, մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ կայացած Մանրանկարչական արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին, Երեւանի մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան կազմակերպած համահայկական ցուցահանդէսին:
Արուեստագէտին գործերը իրենց արժանի տեղը ունին` Ամերիկայի, Քանատայի, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ մէջ գտնուող մշակութային հաստատութիւններու եւ անհատական հաւաքածուներու մէջ:
Աւանի Մէջ Տեղադրուած Է
Սայաթ Նովայի Կիսանդրին
Աւան վարչական շրջանին մէջ տեղադրուած է Սայաթ Նովայի կիսանդրին: Աշուղին կիսանդրիին բացման պատիւը վերապահուած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ` Աւան վարչական շրջանի ղեկավար Մանուէլ Ջաւադեան, քանդակի հեղինակ Լեւոն Թոքմաճեան, Երեւանի աւագանիի անդամներ, արուեստի եւ մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր եւ Աւանի բնակիչներ:
«Գաղափարը շատոնց քննարկուած էր եւ այսօր Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին յոբելենական ձեռնարկներու շրջանակին մէջ կեանքի կոչուեցաւ: Ինչպէս գիտէք, Աւան վարչական շրջանի թաղամասերը անուանակոչուած են մեր հայ մեծերու անուններով եւ ծրագրած ենք այդ թաղամասերու պուրակներուն մէջ տեղադրել կիսանդրիներ: Այս ծրագիրը պիտի ըլլայ շարունակական», նշած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Կիսանդրիի բացման առիթով կազմակերպուած էր նաեւ տօնական նուագահանդէս` աշուղական երգերու լաւագոյն կատարողներ Թովմաս Պօղոսեանի, Արուս Գուլանեանի եւ այլ երաժիշտներու մասնակցութեամբ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երկու Հայրեր
Հայաստանի Անձնագիր Կը Ստանան
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր աթոռակալի տեղապահ Վահան ծ. վրդ. Օհանեան ստացած են Հայաստանի քաղաքացիի անձնագրերը:
Հայաստանի նախագահին արտօնութեամբ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան վերապահուած է հայ ազգի արժանի զաւակներուն եւ նշանաւոր գործիչներուն Հայաստանի քաղաքացիի անձնագրեր յանձնելու կարելիութիւնը: Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ անձնագրերը յանձնեց հոգեւորականներուն, բարձր գնահատելով հայր Ռաֆայէլի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար` վերջերս Զմմառի միաբանութեան մատենադարանի եւ մշակութային կեդրոնի բացման եւ հանդիսաւոր արարողութեան կազմակերպման իմաստով, նշած է. «Յատկապէս վերջին մէկ տարուայ ընթացքում հայր Ռաֆայէլը նոր որակ, նոր շունչ հաղորդեց ինչպէս Կաթողիկէ եկեղեցու եւ պետութեան, Առաքելական եկեղեցու, այնպէս էլ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնների զարգացմանը: Նա ազգին ու մշակոյթին նուիրուած անհատականութիւն է»:
Նախարար Յակոբեան անդրադարձած է նաեւ նախարարութեան հետ անոր ունեցած մնայուն համագործակցութեան, որ սկիզբ առած է իտալերէն-հայերէն բառարանի վերահրատարակումով, իսկ վերջերս լոյս տեսած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ 1890-1914 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր հրապարակումներուն ժողովածուն` «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» վերնագիրով: «Մխիթարեան միաբանութիւնը մեր ազգի հպարտութիւնն է: Սեբաստացու գործը նրա աշակերտները սիրով, ոգեւորութեամբ շարունակում են արդէն երեք հարիւր տարի, շարունակողներից մէկն էլ հայր Վահանն է, ով իր գրիչն ու միտքը նուիրել է հայոց պատմութեանը», յայտնած է նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
Վահան ծ. վրդ. Օհանեան ստանալով Հայաստանի անձնագիրը` նշած է, որ հազուադէպ կը պատահի, որ ինք այդքան բացայայտօրէն կը յուզուի: «Մենք պարտաւոր ենք նուիրուելու, հալելու ազգին ծառայելու գործի մէջ: Երազ էր անկախ հայրենիքը, եւ մենք միայն կարօտով կ՛երգէինք Հայաստանի անկախութիւնը, ոչ մէկս կրնար երազել, որ օր մը պիտի ապրինք անկախ երկրի մէջ, ունենանք անկախ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր»:
Ան երախտագիտութիւն յայտնած է իրենց ընծայուած բացառիկ առիթին համար. «Ես վաղուց կը փափաքէի Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր ունենալ: Ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր ունենալը: Հայրենիքը միշտ իմ սրտիս մէջ եղած է, յատկապէս որ կ՛ապրիմ Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ»: Հոգեւորականները յուզումով ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ հանդիսաւոր երդում տուած են:

