ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պասքեթպոլի Յանձնախումբ
Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ-պարահանդէս` Ժիպէյլի «Օշըն պլու» ճաշարանին մէջ: Ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին հովանաւոր «Քոնթինենթըլ» հաստատութեան ներկայացուցիչը, Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի ընտանիքը, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց (2012-2013 տարեշրջանի) խումբին ներկայացումը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեանի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Եղիա Սրապոնեանի, Ասիոյ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եղբ. Յակոբ Խաչերեանի:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց (2012-2013) տարեշրջանի խումբի անդամներն ու անոնց մարզիչները հետեւեալներն են. գլխաւոր մարզիչ` Ճորճ Աքիքի, մարմնակրթութեան մարզիչ` Ֆուատ Ժըրժես, բժիշկ տոքթ. Ճոնի Իպրահիմ, statistics Ժոէլ Ապտէլնուր եւ մարզիկներ`
Ալիք Թապաքեան-Մարտիկեան, Սանտրա Նաժըմ, Նաթալի Սվաճեան, Լայլա Ֆարես, Սուլա Աբրամեան, Քրիսթին Մուֆարէժ, Նայիրի Ոսկերիչեան, Լուպնա Ապտալլա, Մեղրի Թորոսեան, Եասմին Արապ, Մակի Զաքարեան, Ռայա Ֆարահ, Բալիկ Սեմերճեան, Նաթալի Իթանի, Սարին Սվաճեան, Քաթրին Հաժ եւ Լարա Գրաճեան:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամ Մարալ Գուլաճեան եւ վարչութեան մէջ պասքեթպոլի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճերենեան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթելէ ետք խանդավառ երգերով ելոյթ ունեցաւ Արարատ Ահարոնեան: Ապա հիւրաբար բեմ բարձրացաւ հանրածանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեան, որ քանի մը երգերով մթնոլորտը ա՛լ աւելի խանդավառեց: Ապա ձեռնարկին վերջին բաժինով բեմ բարձրացաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, որ խանդավառեց երեկոն:

