Աւելի Գործնական Ճամբու Քարտէս Մը` Հայոց Ցեղասպանութեան Հանդէպ Արդարութեան Ի Խնդիր ( Բ. Մաս )

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

Այլընտրանքային, Բայց Լրացուցիչ Ռազմավարական
Մօտեցում
. Յաւելեալ Կեդրոնացում Թրքական
Քաղաքականութեան
Եւ Ընկերութեան Վրայ

Անհրաժեշտ է նաեւ շահագործել ներքին խոցելիութիւնը, որմէ Թուրքիա կը տառապի այսօր. նման ռազմավարութիւններ եւս պէտք է վերլուծման ենթարկուին:

– Եւրոպական Միութիւն եւ Թուրքիա.¬ Եւրոպական Միութեան կարգ մը քաղաքական գործիչներ, որոնք քաղաքական իմաստով զգայուն են Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ, Թուրքիոյ պարտադրած են պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ նախապայման Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու. ասոնք նաեւ հիմնականին մէջ իրենց ազգային շահերը կը հետապնդեն:

– Հրանդ Տինքի ռազմավարութիւն.¬ Անոր ռազմավարութեան էութիւնը կը կայանար այն երեւոյթին մէջ, որ պէտք է փոփոխութեան ենթարկել Թուրքիոյ հասարակութիւնը. անոր ռազմավարութեան առանցքը կը կազմէր թուրք քաղաքացին: Տինք միջոցն էր թուրքերը մղելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու, բայց եւ այնպէս, ան նաեւ հայկական սփիւռքին կողմէ կարգ մը քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, որովհետեւ կը պնդէր Ցեղասպանութեան առնչութեամբ բողոքելու` առանց ներգրաւելու թուրք ժամանակակից ժողովուրդը: Այս գծով փոփոխութիւն ընելու գործընթաց մը ծայր առած է Թուրքիոյ մէջ եւ այդ մէկը շահագործելն ու դրամագլուխի վերածելը պէտք է ըլլան մեր ռազմավարութեան կիզակէտը:

– Թուրքիոյ ներքին օրէնսդրութեան ռազմավարութիւն.¬ Նուազագոյնը 100 հազար իսլամացած հայեր կ՛ապրին Համշէնի մէջ, կան նաեւ մօտաւորապէս միլիոն մը հայեր, որոնք իրենց կեանքը փրկելու համար իսլամացած են, Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին նաեւ շուրջ 20 միլիոն քիւրտեր, որոնք հիասթափած են եւ կը հանդիսանան քաղաքական վտանգ մը Թուրքիոյ կառավարութեան համար: Շահագործելով ներքին խոցելիութիւնները, որոնցմէ Թուրքիա կը շարունակէ տառապիլ, պէտք է արժանի կերպով մեր ամբողջական քննարկման եւ ուշադրութեան կիզակէտ դարձնենք: Պէտք է նպատակ ունենանք Թուրքիոյ մէջ ստեղծելու դրական այնպիսի զգացողութիւն մը, որ թուրք խորհրդարանը հրաւիրէ հայանպաստ թրքական օրէնքներ որդեգրելու: Բաւական բարդ ու դժուար է, սակայն ժամանակի ընթացքին կարելի է. հաւանաբար պէտք է աւելի լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ մէջ ապրող համշէնահայութեան եւ իսլամացած հայերուն հետ, ինչպէս նաեւ` քիւրտերուն եւ ալեւիներուն: Թուրքիոյ ներգրաւումը Սուրիոյ հարցերուն հաւանաբար կրնայ այդ դուռը բանալ:

Ամփոփում. Համահայկական Իրաւունքներու
Պաշտպանութիւն
Եւ Անոր Վերակենդանացած
Դատավարելի
Ռազմավարութիւն

Հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան ամէնէն յարմար ճամբու քարտէսը` յառաջիկայ տասը տարիներուն համար, բազմաճիւղաւորուած մօտեցումն է` կարեւորութեան կարգով առաջնահերթութիւն ճշդելով:

Ա.- Համաձայնութիւն կայ հայ ազգի երկարաժամկէտ կենսունակութեան ու լինելիութեան  նկատմամբ համահայկական տեսանկիւնէ մօտենալու, որովհետեւ կայ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն անցեալի անարդարութիւնները լուծելու, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ պահանջներուն անսալու եւ սփիւռքի ու հայրենիքի ապագայ լինելիութիւնը երաշխաւորելու առումով: Ժամանակակից վերաձեւաւորուած կառավարութեան մը ստեղծումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` նուազ աւատապետական ձգտումներով եւ ընկերային¬տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը, ինչ որ պիտի ըլլայ ի շահ հայ հասարակութեան, ինքնաբերաբար եւ բնական կերպով դրական արդիւնք պիտի ապահովէ: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատմամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ռազմավարական մօտեցումին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւն մը` Մատրիտեան սկզբունքներէն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն անդին, պիտի ստեղծէ նոր հիմքեր` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակին եւ ապահովութեան մնայուն լուծման առնչութեամբ:

 

Բ.- Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, 100¬ամեակը մէկ անգամ տրուած առիթ է, որ չի կրնար եւ պիտի չըլլայ կրկնութիւնը նախապէս անհամար անգամներ կորսուածին, այսինքն` սահմանափակուիլ հանրահաւաքներով եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ համերաշխութեան յայտարարութիւններով: Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ անարդարութիւնը բազմերես է, ուստի, անոր լուծումը եւս բազմաթիւ ուղղուածութիւններ ունի եւ բարդ է: Կարիք կայ բազմաբեւեռ եւ մանրակրկիտ մօտեցման:

1.- Նախորդող քանի մը տարիներուն ընթացքին գոյութիւն ունէր որոշ ցրուած վիճակ մը մեր քաղաքական ճառախօսութեան մէջ, ներկայիս հատուցում կ՛առաջարկուի  համագործակցաբար ընթանալու` կիզակէտ ունենալով Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Բայց եւ այնպէս մենք կը վիճինք այն մասին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի դիտուիր այլեւս իբրեւ  մեր նպատակներու վերջնակէտ, այլ հատուցման իմաստով տարուող աշխատանքները խորքին մէջ պէտք է առաջնորդեն Ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ որ այս պատմական անարդարութիւնը պէտք է կարեւոր տեղ ունենայ ժամանակակից ուղղուածութեան մէջ` Հայաստան¬Թուրքիա հանրապետութիւններուն միջեւ յարաբերութեան իմաստով: Հակառակ սահմաններու առումով հարցին բարդ ըլլալուն` հայ¬թրքական յարաբերութիւնները (պետական մակարդակով) կրնան ազդուիլ, եթէ Թուրքիա այլեւս չզղջացող յարձակողապաշտ չէ, այլ խորքին մէջ` Ցեղասպանութեան ճամբով պատասխանատու:

2.- Ցեղասպանութիւնը ունի երկու հիմնական հարցեր, անարդարութեան երկու տարբեր մակարդակներ, մասնաւորաբար պայքարը Ցեղասպանութեան անարդարութեան եւ հայկական հողերու կորուստին: Հակառակ անոր որ ասոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն, բայց իւրաքանչիւր հարցի մօտենալու եւ զայն ներկայացնելու տեսանկիւններն ու ռազմավարութիւնը տարբեր է:

3.- Առաջին հիմնական հարցերէն մէկը կը մնայ այն, որ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ խափանել ճշմարտութիւնը: Ասիկա բաղկացած է հայ ազգին կողմէ մղուած պայքարէն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հայկական հաստատութիւններու կալուածներուն հատուցման, ինչպէս նաեւ 1915-1923 թուականներուն գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու ժառանգորդներուն ու անոնց ինչքերուն: Այս ծիրին մէջ ռազմավարութեան հիմք պէտք է ծառայէ դատական բնագաւառը:

4.- Երկրորդ հարցը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Կարսի պայմանագրին իբրեւ հետեւանք հայկական կորսուած հողերուն առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւական լուծման, այսինքն` հայ¬թրքական սահմաններուն: Ասիկա աւելի բարդ գործընթաց է եւ ասոր յատուկ դատական¬իրաւական հիմքեր պատրաստելը աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի: Այս իմաստով յաջողութեան գրաւականը քաղաքական իմաստով հզօր Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Ասիկա կը վերահաստատէ եւ իրաւական կշիռ կու տայ մեր այն տեսակէտին, որ երեք նպատակները` հայ ազգի կենսունակութեան առնչուած, այսինքն առողջ¬հզօր պետութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւն, լուծում` անլոյծ մնացած անարդարութիւնները  եւ հայկական սփիւռքի լինելիութեան ամրապնդումը կը հանդիսանան այն երեւոյթները, որոնք ինքնաբերաբար առնչուած են միեւնոյն շղթային:

5.- Ցեղասպանութեան լուծման դատական օրակարգ¬ուղեցոյցը արդէն ընթացք առած է: Պոլսոյ պատրիարքութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (3) սկսած են այս գործընթացին:

6.- Այլընտրանքային եւ լրացուցիչ ռազմավարական մօտեցումները, որոնք կը փորձեն օգտագործել Թուրքիոյ ներքին խոցելի կէտերն ու կացութիւնները, արդէն իսկ կը գնահատուին իբրեւ մաս մեր քաղաքական ճառախօսութեան, եւ անոնք կը հետապնդուին յաւելեալ ջանքով եւ համոզումով:

7.- Բայց մենք անդրադարձանք, որ պաշարներու եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու մարդուժին զուգահեռ, մենք պէտք է ներգրաւենք հայ եւ օտար մասնագէտներ, որոնք այս մարզին մէջ կրնան օժանդակել տարբեր ձեւերով եւ ստեղծել անհրաժեշտ պայմանները հասնելու մեր նպատակներուն:

Մօտիկ Ապագային Յատուկ Ուղեցոյց

1970-ական թուականներէն ի վեր բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է հայ ազգին կողմէ, սակայն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ անոր յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան ազդեցութիւնը շատ մեծ մարտահրաւէր են մեզի համար: Պէտք է ըլլանք աւելի կեդրոնացած եւ ստեղծագործ, որպէսզի կարենանք անարդարութեան իմաստով լուծումներ գտնել:

Որպէսզի ունենանք ուժական եւ յաջող ուղեցոյց¬օրակարգ մը, պէտք է երկու նախապայմաններ զիրար լրացնեն.

1.- Հայաստանի կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը եւ մասնակցութիւնը` մեր ազգային նպատակներու հետապնդման ուղեցոյցին: Աւելի դատավարելի ճամբու քարտէս մը ստեղծելու առումով մեր ջանքերը շատ կարեւոր է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարութեան կողմէ սեփականատիրոջ դերի ստանձնումը` շրջանցելով խորհրդանշական չափանիշները: Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան ազգային նպատակներու առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ  յստակ կեցուածք մը եւ նոր ռազմավարութիւն ակնկալելի են: Անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ աւելի մօտիկ համագործակցութիւն եւ ռազմավարութեան համադրում: Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակի մարմին մը նման պահանջ մը չի բաւարարեր:

2.- Հայ ազգի եւ հայկական սփիւռքի նպատակներն ու պահանջները ներկայացնող օրինական մարմինի մը շուրջ յստակացում: Գաղափարը նոր չէ, բայց քաղաքական եւ ռազմավարական իմաստով կարեւոր է: Հատուցումներ ձեռք բերելու համար հայ ազգը կա՛մ պիտի համագործակցի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ, կա՛մ դատ պիտի բանայ միջազգային կամ թրքական դատարանի մէջ: Հայկական կողմը պէտք է ունենայ յստակ եւ մաքուր բանակցական կարգավիճակ, ռազմավարութիւն եւ օրինական ներկայացուցչական մարմին: Ճամբու քարտէսի օրինական հանգրուանին սկսելու համար պէտք է կազմաւորենք համահայկական կառոյց մը, որ սփիւռքը կը ներկայացնէ եւ համայն հայութեան ձայնը կը հնչեցնէ: Մենք նաեւ պէտք է մարդկային եւ նիւթական կորուստներու պաշարներ եւ ուժեր պատրաստենք, որպէսզի ճամբու քարտէսի ճամբուն վրայ նպատակներու հետապնդման լծուին: Սկսելու համար անհրաժեշտ է բարեփոխուած եւ բաց մտածելակերպ մը` քաղաքական, կրօնական եւ այլ ազգային հաստատութիւններու կողմէ դրսեւորուած. ասիկա մեր ղեկավարութեան կողմէ գործադրելի առաքելութիւն է, որպէսզի կարելի ըլլայ նման կառոյց մը կեանքի կոչել: Այս սփիւռքեան կառոյցը յառաջիկային պէտք է վերածուի օրինական այլ մարմինի մը, որ համայն հայութիւնը կը ներկայացնէ (սփիւռքն ու Հայաստանը):

Վերոյիշեալ երկու նախապայմանները մեծապէս պիտի օժանդակեն իրականացնելու աւելի օրինական ուղղուածութիւն ունեցող դատավարելի ճամբու քարտէս մը: Պէտք է շեշտը դնել հետեւեալ կէտերուն վրայ.

1.- Հայոց ցեղասպանութեան դատական ամբողջական թղթածրար մը. եթէ միտում կայ զայն ներկայացնելու միջազգային դատական ատեաններուն, ապա ատիկա կը պահանջէ մասնագիտական պատրաստուածութիւն: Կարեւոր է, որ մենք մեր նախապատրաստական պարտականութիւնը կատարենք նախքան մեր դատը պաշտօնապէս ներկայացնելը, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգայնօրէն գնահատել Ցեղասպանութեան պահանջին իրաւական վաւերականութիւնը: Ասոր զուգահեռ, պէտք է ներկայացուի անջատ վերլուծական մը` թրքական¬հայկական սահմաններուն օրինականութեան մասին: Այս իրաւաբանական խորհրդատուական կարծիքները պէտք է ներկայացուին հայ ազգի ներկայացուցիչներուն` միջազգային օրէնքի խումբ մը յարգուած իրաւագէտներու կողմէ, որոնց պարագլուխը պէտք է ըլլան բարեհամբաւ գիտակ փաստաբաններ, որոնք յանձնարարուած պէտք է ըլլան հայ ազգին կողմէ` յատկապէս այս գործին համար: Խումբին իրաւագէտներուն մեծամասնութիւնը պէտք է օտարներ ըլլան, անոնց մէջ պէտք է ըլլան հայեր, նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ:

2.- Յաջորդ առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ընտրութիւնը այն միջազգային ատեանին, որ մեր դատին ծառայելու իմաստով աւելի ձեռնտու ու շահաւէտ պիտի ըլլայ: Վերոյիշեալ խումբի իրաւագէտներուն եւ փաստաբաններուն հետ խորհրդակցութիւնը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել արդարութեան միջազգային ամէնէն յարմար դատարանը եւ սկսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրաւական կարծիք պահանջող գործընթացի մը:

3.- Հատուցման յաւելումը` իբրեւ Ցեղասպանութեան անարդարութեան մէկ մաս, չի փոխեր խաղը: Մանրամասն ժամանակագրական տուեալներու ու ցանկերու պատրաստութիւնը` հայկական ինչքերու եւ անշարժ գոյքերու վերաբերող, շատ կարեւոր է: Ցեղասպանութեան զոհերու (կամ անոնց ժառանգորդներու) ինչքերու պատշաճ փոխհատուցման համար անհրաժեշտ են վաւերական փաստաթուղթերը եւ ապահովագրութեան իմաստով նկատի առնուած վերլուծումները: Գիտնականները սկսած են այս աշխատանքին եւ, ըստ էութեան, փրոֆեսէօր Գէորգեան նախաձեռնած է մանրամասն եւ մանրակրկիտ հաշուարկ կատարելու: Բայց եւ այնպէս պէտք է խորհուրդ առնուի մարդկային միջազգային իրաւունքներու եւ մարդասիրական օրէնքի մասնագէտներէ` զանոնք աշխատանքի կոչելով այս նպատակով:

Նիւթական հատուցման առնչութեամբ օրինական մասնագիտական, հաշուապահական ներդրումը, գիտահետազօտութիւնը չափազանց կարեւոր է: Ասիկա պէտք է պատրաստուի եւ պատշաճօրէն ֆինանսաւորուի:

4.- Նիւթական յատկացնելու առաջնահերթութիւն. որպէսզի կարելի ըլլայ փափաքելի արդիւնքին հասնիլ` իբրեւ հայ ազգ ու ժողովուրդ, մեր նիւթական առաջնահերթութիւններն ու ջանքերը պէտք է ուղղենք դատական բնագաւառին: Այս նախաձեռնութիւնը պէտք է ըլլայ համահայկական տարողութեամբ եւ շուտով ընթացք առնէ:

5.- Միջազգային իրաւունքի եւ հանրային քաղաքականութեան բնագաւառին վերաբերող հայ մարդուժի պատրաստութիւն: Կարիք ունինք նուիրեալ հայերու, որոնք տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ են. ասոնք պէտք է զբաղին հանրային քաղաքականութեամբ եւ նման այլ բնագաւառներով, որպէսզի դառնան միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ:

6.- Շարունակուող քաղաքական ճնշում. օրինական կարծիքները առանձինն, նոյնիսկ` միջազգային դատարաններու, բաւարար չեն Թուրքիան անոնց համակերպելու մղելու: Անհրաժեշտ է դրական վճիռ մը, բայց անբաւարար կրնայ ըլլալ իրականացնելու մեր նպատակը, ուստի պէտք է ընդունուին դատական օրէնքներ եւ վաւերացուին` օրէնսդրական ուժականութեամբ: Այս պատճառով է, որ Թուրքիոյ վրայ քաղաքական ճնշում պէտք է բանեցուի ո՛չ միայն հայերուն կողմէ, այլ նաեւ ջանք ի գործ պէտք է դրուի ստեղծելու հայանպաստ ազգային հետաքրքրութիւն այն բանալի երկիրներուն մէջ, որոնք մեզի հետ ձեռք¬ձեռքի աշխատանք պիտի տանին մեր դատական ուղեցոյց¬օրակարգի գործադրութեան ճամբուն վրայ:

 

(Վերջ)

 

Share this Article
CATEGORIES