Միջին Արեւելքի Ռելիներու Ախոյեանութիւն. Նասեր Աթիէ Ախոյեան` 8-րդ Անգամ Ըլլալով

Նասեր Աթիէ

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Տուպայի միջազգային ռելին:

Քաթարցի վարորդ Նասեր Աթիէ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի ախոյեան, երբ վերջին հանգրուանի այս մրցումին հանդիսացաւ առաջին, իր ինքնաշարժին` «Ֆորտ Ֆիեսթա Ար. Ար. Սի.»-ով արձանագրելով 2 ժամ 8′ 40″ արդիւնք մը: Անոր ետին Տուպայի ռելիին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ապտալլա Քասեմի եւ Ռաշետ Քաթապի:

Աթիէ, որ այսպիսով ունեցաւ 93 կէտ, ընդհանուր դասաւորման մէջ 41 կէտով գերազանցեց իր ազգակիցը` Ապտել Ազիզ Քաուարին, որ ինքնաշարժի հարց ունենալով կիսատ ձգեց այս ռելին: Երրորդ դիրքը գրաւեց Մըսֆեր Միրի, որ 42 կէտով ետ մնաց Աթիէէն:

 

Share this Article
CATEGORIES