Դաւիթ Խաչատրեան Տիրացաւ Profc-ի Տիտղոսին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանը ներկայացնող Դաւիթ Խաչատրեան պարտութեան մատնելէ ետք իր ռուս մրցակիցը` Քիրիլ Սուխումլինովը, տիրացաւ Profc-ի թեթեւ դասակարգի տիտղոսին (արհեստավարժ կռփամարտի կռուի ախոյեանութիւն):
Թէեւ առաջին ռաունտին յաղթանակ արձանագրեց Սուխումլինով, սակայն երկրորդին Խաչատրեան սաստկացնելով իր տուած ուժգին հարուածները բաւական նեղ կացութեան մատնեց իր մրցակիցը, որ բաւական վնասուածք ստացաւ:
Իսկ երրորդ ռաունտին արդէն իսկ Խաչատրեան յաղթական հռչակուած էր:
CATEGORIES Մարզական


