Անի Ամիրաղեան` Հայաստանի Լաւագոյն Թենիսվումընը
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնը, տարուան մը արդիւնքները նկատի առնելով, կը կատարէ մրցանակաբաշխութիւն` տալով տիտղոսներ եւ վկայագիրներ:
Հայաստանի լաւագոյն թենիսվումըն ընտրուեցաւ Անի Ամիրաղեան, իսկ լաւագոյն թենիսմենը` Աշոտ Գէորգեան:
Նշենք, որ երէկ հրապարակուած թենիսի միջազգային նոր դասաւորման մէջ Ամիրաղեան վեց դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 463-րդ դիրքը:
Լուրը հրապարակած PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը նաեւ կը հաղորդէ, որ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացան Ալլա Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Մատանեան:
Մնացեալ տիտղոսակիրները հանդիսացան Մարինա Դաւթեան, Դաւիթ Նազարէթեան (12 տարեկան), Միլենա Աւետիսեան, Դաւիթ Մուրատեան (14 տարեկան), Արեւիկ Թումանեան եւ Միքայէլ Աւետիսեան (16 տարեկան):
CATEGORIES Մարզական


