Աւելի Գործնական Ճամբու Քարտէս Մը` Հայոց Ցեղասպանութեան Հանդէպ Արդարութեան Ի Խնդիր ( Ա. Մաս )
ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ
Այս գրութիւն-յօդուածը կը նկարագրէ հայկական ազգային մարտահրաւէրներուն բաղադրիչները` շեշտը դնելով ճամբու քարտէսի մը վրայ` Հայոց ցեղասպանութեան աւելի համապարփակ լուծման մը առաջադրանքով:
Ընդհանուր առմամբ, ասիկա համադրում մըն է, որ կը համախմբէ տարբեր, սակայն կենսունակ եզրեր` միտքերու եւ մօտեցումներու, նպատակ ունենալով յառաջ բերել աւելի լայն յարակցութիւն մը` մեր քաղաքական մտածելակերպին մէջ:
Կան որոշ ջանքեր` մեր մարտահրաւէրներուն եւ առաջադրանքներուն առաջնահերթութիւնը ճշդելու. կայ շեշտադրում մը` դատական մօտեցումին վրայ կեդրոնացնելու մեր պայքարը, իսկ կայ նաեւ այլ ճիգ մը` ճակատումի ծրագիրները յառաջ քշելու:
Իմ նպատակս այս նիւթով հանրային քննարկման մը նախաձեռնել է` այս գաղափարները կարելի եղածին չափ ընդարձակ ու մեծ լսարանի հասանելի դարձնելով: Յոյսով եմ, որ ասիկա կայծակնային տարողութիւն կ՛ունենայ եւ սկիզբ կը դնէ քննարկումի մը` խորհուն միտքերու միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ նոր, լուրջ ջանքի` զարգացնելու եւ հետապնդելու ճամբու իրատեսական քարտէս մը` մեր ազգային նպատակներու վերջնական իրականացման ի խնդիր:
* * *
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան մեծամասնութիւնը այսօր ըստ բաւարարի հասկացողութիւն մը ունի մեր ազգին դիմագրաւած քաղաքական տեսադաշտին նկատմամբ եւ գիտակից է այն իրողութիւններուն, որոնք մեր ազգային շահերուն համար մարտահրաւէրներ են: Ի տարբերութիւն անցեալին, գրեթէ բոլոր հայերը կ՛ակնկալեն, որ այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իրատես լուծումներ գտնուին:
Ընկալեալօրէն գիտակցուած ազգային ձգտումն է իրականացնել հայ ազգի երկարատեւ կենսունակութիւնը` հետեւեալ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ.-
Ա.- Աւելի առողջ եւ ուժեղ Հայաստանի հանրապետութիւն
– Պաշտպանել ազգային շահերը եւ հայրենիքին ապահովութիւնը:
– Ստեղծել աւելի առողջ քաղաքացիական հասարակութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ զօրացնել հանրապետութիւնը:
– Պաշտպանել ժողովրդավարութեան հաստատութենականութիւնը եւ օրէնքին գերակայութիւնը:
– Ժողովուրդին տնտեսական բարեկեցութիւնը ապահովել եւ հաստատել ընկերային արդարութիւն:
Բ.- Լուծումներ անլոյծ անարդարութիւններուն` հայկական իրաւունքներ կամ Հայ դատ
– Արդարացի լուծում` Հայոց ցեղասպանութեան:
– Ազատ ու անվտանգ Արցախ:
– Ապահով եւ կայուն Ջաւախք:
Գ.- Աւելի առողջ հայկական սփիւռք
– Կառուցել եւ աւելի լաւ կազմակերպել սփիւռքահայ համայնքները:
– Պաշտպանել եւ հարստացնել հայկական ինքնութիւնը:
– Ազդեցութիւն ունենալ եւ առաջնորդել կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնը` հայ ժողովուրդին եւ անոր շահերուն վերաբերող հարցերուն գծով:
Վերոյիշեալ առաջադրութիւնները օղակներն են նոյն շղթային եւ անքակտելի կերպով միահիւսուած են հայ ժողովուրդի վերջնական ճակատագիրին. բայց արդեօք հայերը հասարակաց հասկացողութիւն ունի՞ն այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ճշդել օրակարգը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր ձգտումին լուծումներ գտնել: Ունի՞նք ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ, իմացականութիւն, թէ ո՞ր մարտահրաւէրը կամ առաջադրանքը մեր ազգին համար ունի առաջնահերթ անմիջականութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ունի՞նք ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍ մը, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հասնիլ մեր նպատակներուն:
Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները սկսած են ձեւաւորում ստանալ: Իրականութեան մէջ կայ վերակենդան պահանջ մը` լուծումներ գտնելու մեր ազգային պահանջներուն եւ ներկայ անարդարութիւններուն:
Համահայկական Հասարակաց
Ուղեցոյց
Հայ ազգի ուղեցոյց¬օրակարգը շատ պարզ է, բայց միեւնոյն ատեն` բարդ: Պարզ է, որովհետեւ անիկա կը հետապնդէ ամբողջ հայ ազգի լինելիութիւնը, բարդ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը բաղկացած է երկու տարբեր, բայց զիրար ամբողջացնող հատուածներէ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կը ներկայացնէ պետութիւնը, եւ սփիւռքը, որ կը պարփակէ իր պապենական հողերէն հեռացուած մարդիկ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տարբեր առաջնահերթութիւնները: Այս երկուութիւնը որոշ չափով կը ստեղծէ խառնաշփոթ վիճակ մը, որ կ՛առաջնորդէ անմիատարր ու աններդաշնակ քաղաքական ընթացքի: Անցեալին պատկերացում չունէինք այն մասին, թէ գործնական եւ ռազմավարական իմաստով ասոնք ինչպէ՞ս կարելի է առնչել իրարու: Այսօր կը գիտակցինք, այսուամենայնիւ, այդ երեք նպատակները` հայ ազգի կենսունակութեան առնչուած, այսինքն` առողջ-հզօր պետութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւն, լուծում` անլոյծ մնացած անարդարութիւնները (Ցեղասպանութիւն, Ղարաբաղ եւ Ջաւախք) եւ հայկական սփիւռքի լինելիութեան ամրապնդումը կը հանդիսանան այն երեւոյթները, որոնք ինքնաբերաբար առնչուած են միեւնոյն շղթային:
Ներկայիս համընդհանուր գիտակցութիւն կայ բոլորին կողմէ, որ այսօրուան Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական վիճակի վատթարացումը, այսօրուան անարդարութիւնը կը հանդիսանան ազգային անվտանգութեան դիմաց ցցուող սպառնալիքներ. աւելի՛ն, անոնք արագօրէն կը վերածուին ահաւոր մարտահրաւէրի` մեզմէ պահանջելով զանոնք նկատել անմիջական առաջնահերթութիւն: Կայ նաեւ ղեկավարներու, գիտնականներու եւ հասարակութեան կողմէ անվիճելի գիտակցութիւն ա՛յն մասին, որ աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ պահանջը ազատագրուած տարածքներու, որոնց անդրադարձ կը կատարուի իբրեւ «անվտանգութեան գօտի», եւ հարցը` տէ ժիւրէ ճանաչումին, կը գրաւեն ազգային քաղաքական առաջնահերթութեան ամէնէն մօտալուտ նկատուող դիրքը: Վերջերս տեղի ունեցած զուգընթաց ճանաչումը ի յայտ բերաւ այն երեւոյթը, որ հակառակ անոր որ հայ ժողովուրդին աշխարհը Հայոց ցեղասպանութենէն զատ այլ բաներ կը բովանդակէ, բայց եւ այնպէս այս պատմական անարդարութիւնը կարելի չէ անպատեհ նկատել: Պարզ դարձաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն հոգեբանական ուժեղ բաղադրիչ է հայ ազգի զաւակներուն աւելի քան կէսին համար, այլ այս պատմական անարդարութեան վերականգնումը կրնայ ունենալ նոյնքան կարեւոր ժամանակակից տարողութիւն, որովհետեւ անիկա կը վերաբերի հայկական-թրքական պետական յարաբերութիւններուն:
Այս պատճառով այսօրուան համահայկական քաղաքական տեսակէտը պէտք է ստեղծէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ղարաբաղի անմիջական կարիքներուն եւ անցեալի անարդարութեան վերացման, նաեւ սփիւռքի եւ հայրենիքի ապագայի կենսունակութեան անհրաժեշտ կարիքներուն միջեւ: Վերոյիշեալ առաջադրանքներուն հասնելու մեր ջանքերը երկար ժամանակէ ի վեր կը մնան կայուն. անգործունեայ ըլլալը կը վնասէ մեր դատին: Ուրախանալին այն է, որ նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին անարդարութեան պահանջը աւելի բարձր հնչած է բոլոր մակարդակներու վրայ` այսպիսով մեր պահանջները անորոշ եւ անհասկնալի կարգավիճակէն փոխադրելով յստակ ռազմավարութեամբ առաջադրուած դատի մը: Ամենափոքր ու աննշան փոխակերպումը նկատելի կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան գծով արդարութեան պահանջին մէջ, եւ այս գրութիւնը փորձ մըն է այս մէկը բացատրելու: Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատմամբ Հայաստանի ռազմավարական մօտեցումներուն պիտի անդրադառնանք անջատ յօդուածով:
Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Հայկական
Իրաւունքներուն Համար Արդարութեան Պահանջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախորդող երեք տարիները պիտի ըլլան այն հանգրուանը, երբ հայ ազգը պէտք է կրկնապատկէ իր ճիգերը Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ արդարութեան հետապնդման իմաստով: Մինչեւ վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող մեր բոլոր ջանքերը ունեցած են հոգեբանական հիմք` զգացական եւ ենթակայական կիզակէտէ դիտուած: Կազմակերպած ենք յիշատակի ձեռնարկներ, հոգեհանգիստներ, աշխարհով մէկ խօսքեր արտասանած ենք իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի: Կազմակերպած ենք ցոյցեր, պետական մարմիններէ լսած ենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին կրկնուող յայտարարութիւններ եւ այս բոլորը մեզի գոհունակութիւն պատճառած են: Վերջին տասնամեակին աւելի կուռ քայլեր առնուած են ճանաչում ապահովելու իմաստով: Վերջերս հռետորականութեամբ եւ քննարկումներու ճամբով խօսուած է փոխհատուցման մասին` առանց շատ պարզաբանումներ տալու այս առնչութեամբ տարուող ու տարուելիք գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին: Ցաւ ի սիրտ, Անատոլուի եւ Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքականութիւնը հայկական կողմին դիմաց խոչընդոտ կանգնեցուցած է` գերտէրութեան կարիքներուն եւ հայութեան արդարութեան իրաւունքին միջեւ հասարակաց շահեր ու հետաքրքրութիւններ ստեղծելու առնչութեամբ:
Աւելի ճշգրիտ, կարելի է ըսել, որ մինչեւ 2010 թուական իր յանցագործութիւնը ընդունելու նպատակով Թուրքիոյ վրայ մեր բանեցուցած ճնշումը ընթացած է նեղ ռազմավարութեամբ: Առաջին հերթին լուսարձակի տակ առնուած էր ճանաչման առնչութեամբ եղած անարդարութիւնը, երկրորդ` Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու ճիգերը եղած են անուղղակի, այսինքն ստեղծել միջազգային իրազեկութիւն` գործադրուած անարդարութեան նկատմամբ, այն յոյսով, որ աշխարհին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ Թուրքիոյ կողմէ անոր ընդունման:
Իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւունքը եւ անարդարութեան հարցը բարդ գործընթաց մըն է. անոր բաղադրիչները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով.
1.- Պայքարիլ Թուրքիոյ ուրացման եւ արդարութեան տնօրինման խոչընդոտման դէմ:
2.- Ճանաչում. պաշտօնական ներման հայցումի հասնելու համար:
3.- Հատուցում. ինչքերու վերականգնում եւ նիւթական հատուցում:
4.- Հողային հարցեր. սահմաններու ճշդում-ուրուագծում:
5.- Պապենական հողերուն վերադառնալու իրաւունք:
Պէտք է ընդգծել, որ սովորաբար կատարուող «յաջորդականութեամբ» յատկանշուող մօտեցումը` ճանաչում, ապա հատուցում, ապա վերականգնում, հեքիաթային մօտեցում է: Ասիկա յարմար չէ այսօրուան քաղաքականութեան: Վերոյիշեալ տարանջատումը պարզապէս կը ծառայէ բացատրելու մեր դատին բարդութիւնը: Անարդարութեան լուծում գտնելը կարելի է նուաճել բոլոր մակարդակներու վրայ աշխուժ յարձակումով, անհրաժեշտութեան պարագային` միաժամանակ:
Մատնանշելի է, որ ճանաչումը այլեւս չի դիտուիր իբրեւ վերջնական նպատակ: Գոյութիւն ունին ռազմավարական ծրագրաւորում, ընդ որում` հատուցման ձեռքբերման աշխատանքներ, որոնք աւելի արմատական երեւելով, կրնան իրականութեան մէջ հզօրացնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուժգնութիւնը: Այս հարցը, իբրեւ կարողականութիւն ունեցող կռուան, կրնայ դառնալ դիւանագիտական ճշմարիտ արգելք Թուրքիոյ համար: Նաեւ պէտք է վեր առնենք եւ շեշտը դնենք այն երեւոյթին վրայ, որ բռնագրաւեալ տարածքներու ու տունդարձի իրաւունքի գործընթացները աւելի բարդ են, քան` ճանաչումն ու հատուցումը: Ի սկզբանէ ցեղասպանութեան արարքին եղած առնչումը իրաւական իմաստով այսօր աւելի կը դժուարացնէ տարածքային խնդիրներուն լուծում գտնելը: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ միջազգային օրինականութիւններ ստեղծուած են Կարսի պայմանագիրով. արդարեւ, Թուրքիոյ տրուած է հողատարածք մը, որուն մէջ ներառուած են հնագոյն Անի քաղաքն ու Արարատ լեռը. նաեւ պայմանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրականութեամբ` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն: Այս հողային տարածքները, որոնք անարդարութեան բաղադրիչ մասը կը կազմեն, հաւանաբար կարիք ունին իրաւական տարբեր ռազմավարութեան, թէեւ լրացուցիչ են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման-հատուցման:
Հատուցման հետապնդումը կամ «ճամբորդութիւնը»` մեր նպատակներու ուղղութեամբ, ինքնին բազմակողմանի է:
– Սեփականութեան վերականգնում` ազգային ու անձնական. նկատի ունենալով տեղահանութեան եւ լուծարքի օրէնսդրութիւնը`թրքական կառավարութեան կողմէ ընդունուած (տես ստորեւ), հայերուն ինչքերը յափշտակուած են իրենցմէ:
– Յափշտակուած ինչքերուն մէջ կան` եկեղեցիներ, ազգային կալուածներ եւ անձնական սեփականութիւններ:
– Նիւթական կամ դրամական փոխհատուցում, որ ցարդ հարկ եղած ատակութեամբ չէ գնահատուած:
– Ցեղասպանութեան հետեւանքը մեր մշակութային ժառանգութեան վրայ եւ իբրեւ ազգ` մեր կենսունակութեան սպառնացող մնայուն վտանգը. նկատի ունենալով մեր սփռուածութիւնը արեւմտեան երկիրներու մէջ, ուր մնայուն կերպով սպառնալիք կայ մեր լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան: Այս մէկը կը կոչուի «Սպիտակ ցեղասպանութիւն»:
Թուրքիոյ մէջ հայութեան ունեցուածքին օրինական կարգավիճակ տալով` հայերը պիտի անդրադառնան, որ հատուցման հարցը բաւական երկար ժամանակի կարօտող խնդիր է:
1929-ին օրէնսդրութիւնը իրաւունք տուած է 1914 թուականէն սկսեալ 15 տարի տուեալ դատարկ հողը, դաշտը, մրգաստանը, ագարակը գրաւած անձերուն դառնալու որպէս այդ ինչքերուն թուրք նոր սեփականատէրերը, նաեւ` 1919 թուականէն սկսեալ, 10 տարիէ ի վեր գրաւուած շէնքերը կամ այլ անշարժ գոյքեր օրէնքով ինքնաբերաբար կը թրքացուին. այսպիսով հայերուն բոլոր գոյքերն ու սեփականութիւնները, որոնք առնչուած են ցեղասպանութեան, կ՛իւրացուին: Բայց ճիշդ հոս է մեր իրաւական պայքարին կիզակէտը:
Հայկական կողմը եւս լաւապէս կը հասկնայ հայութեան ինչքերուն վերաբերող օրինական տարբերութիւնը` 1937-էն ետք եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող, որովհետեւ հայկական ունեցուածքներ, որոնցմէ շատերը կը պատկանին հայկական բարեսիրական հիմնադրամներու, նաեւ պատրիարքութեան, վերջին տարիներուն թրքական կառավարութեան կողմէ «ազգայնացուեցան»: Հետեւաբար վերջիններուն իրաւական կարգավիճակը տարբեր է:
Ճամբու Քարտէս` Աւելի Համապարփակ
Մօտեցման Ուղղութեամբ
Հայոց ցեղասպանութեան անարդարութեան առնչուած դրական եզրակացութեան ձեւաւորման եւ հատուցման հասնելու որոնման աշխատանք, պայքար պէտք է տարուի ինչպէս Թուրքիոյ, միջազգային մակարդակի վրայ եւս: Այս ռազմավարութիւնը ունի երեք տարբեր միջոցներ` իրազեկութեան ձեւաւորում, քաղաքական ճնշում եւ օրինական քայլեր: 1970-ականներէն սկսեալ արդէն աստիճանաբար կերտած ենք մեր պայքարի առաջին միջոցները: Ներկայիս մենք կը կառուցենք յարակից ռազմավարութեան երրորդ միջոց` օրինական գործունէութիւնը հիմք ունենալով:
– Իրազեկման ձեւաւորում. թիրախը եղած է սփիւռքահայութիւնը եւ, նուազ տարողութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Պիտի շարունակենք աշխատիլ զօրաշարժի ենթարկելու լրատուամիջոցները, քաղաքացիական շրջանակը եւ ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւնները:
– Քաղաքական ճնշում. կառավարութիւններուն քաղաքական կամքն ու աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները` Թուրքիոյ մէջ եւ անոր շուրջ, առանցքային են մեր յաջողութեան համար: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան թիւ 306 բանաձեւն ու Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերող օրինագիծը` 2011¬ին ընդունուած, օրինակներ են քաղաքական ճնշումի (մեծամասնութեամբ` լոպիինկ), զոր հայերը պիտի օգտագործեն եւ մասնակի յաջողութիւններ արձանագրեն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու գծով: Թուրքիոյ ներգրաւումը արագօրէն զարգացող սուրիական ճգնաժամին մէջ Թուրքիոյ կարողականութիւնը անշարժութեան մատնող տուեալ է, որուն հայերս պէտք է պատրաստ ըլլանք եւ շահագործենք զայն:
– Դատական պահանջներ. այս է նոր ռազմավարութեան անկիւնաքարը: Ճամբու քարտէսը անարդարութեան լուծում պիտի գտնէ օրինական ուղիներով` հիմնուած երկու ճիւղաւորուած մօտեցումներու վրայ` Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշում եւ օգտագործում Թուրքիոյ ներքաղաքական խոցելիութեան:
Միջազգային Ճնշում Թուրքիոյ Վրայ
Քաղաքական իրազեկուածութեան եւ քաղաքական ճնշումի արդիւնքը պիտի ձեւաւորուի դատական պահանջի ձեւով` դատ բանալով Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ: Այս դատի ձեւաւորման համար հետեւեալ յստակացումները կը կատարուին.
– Անարդարութեան յստակ բնութագրում. անարդարութիւնը օրինական հիմք ունի՞. պատմական եւ բարոյական վաւերականութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է:
– Պարզաբանել դատական միջազգային ատեանը` ընդդէմ Թուրքիո՞յ. Արդարութեան միջազգայի՞ն ատեանը, (ՄԱԿ), թէ՞ Միջազգային ոճրային ատեանը: Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը, թէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը (խորհրդատուական կարծիքի համար). թրքական ատեանները, թէ՞ Թուրքիոյ ներքին օրէնսդրութիւնը: Նշենք, որ անձնական դատեր կրնան բացուիլ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին մէջ, քանի որ պետութիւններու միջեւ հողի պահանջը ի վերջոյ տեղադրուած է պետութիւններու միջեւ` Արդարութեան միջազգային դատարանին կողմէ:
– Ո՞վ է հայցատէրը. սփիւռքահայ կազմակերպութի՞ւն մը, պոլսահայ պատրիարքութի՞ւնը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութի՞ւնը, Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը: Պէտք է նաեւ նշել, որ տարբեր հայցատէրեր միասնաբար կրնան ներկայացնել տարբեր բողոքներ:
– Կառավարութիւններու քաղաքական կամքի բաւարար ներգրաւուածութիւն կա՞յ (գերտէրութիւնները ներառեալ), կա՞յ քաղաքական ընկերութեան զօրաշարժ:
– Դատը միջամտութեան-միջնորդութեան կարիք ունի՞, եթէ այո, ապա որո՞ւ կողմէ:
Նկատի ունենալով քաղաքական ներկայ իրավիճակը եւ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւնները, կարելի է ըսել, որ այս մէկը դիւրին խնդիր չէ:
Դատի լուծման առաջնորդող ճամբու քարտէսի ուրուագծման ընթացքին կարեւոր է, որ հայկական կողմը համակարգէ իր գործունէութիւնը` շահագրգռուած տարբեր կողմերու հետ. խումբերու, որոնք կրնան կատարուած անարդարութեան դէմ իրաւական դատ բանալ եւ իրենց ինչքերու վերադարձը պահանջել: Կալուածներու պահանջ ներկայացնելու պատմական իրաւունք ունին հետեւեալ կառոյցները.
– Պոլսահայ պատրիարքութիւն
– Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
– Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
– Սփիւռքը ներկայացնող մարմին մը, որ հաւաքական կալուածներու պահանջ կը ներկայացնէ` անձնական սեփականութիւններու կորուստին համար:
– Եւ անշուշտ` Հայաստանի կառավարութիւնը:
Պէտք է շեշտել, որ երբ հարցը կը վերաբերի միջազգային օրէնքին, Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայապատկան կալուածներու պահանջին ռազմավարութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ ներկայի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն միջեւ գտնուող ընդարձակ հողերէն ու սահմաններէն:
Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն, որ կան երկու տեսակի դատեր եւ երկու տիպի դատական մօտեցումներ: Ահաւասիկ օրինակներ ներկայ դատական հայցերէն` ներկայացուած հայցատէրերու կողմէ, որոնք հայ ազգի պահանջները կը ներկայացնեն` Թուրքիոյ Հանրապետութենէն ունեցած:
– Անհատական դատական հայցի օրինակ. Ցեղասպանութեան վերաբերող ապահովագրական բողոք The CA 9th Circuit case Movsesian v. Versicherung AG. Բազմաթիւ հայ անհատներ եւս ունին պատճէնները իրենց հին կալուածներու փաստաթուղթերուն, եւ ոմանք կը պատրաստուին անհատական պահանջ ներկայացնել Թուրքիոյ կառավարութեան:
– Հաւաքական հատուցման դատերէն օրինակներ. Պոլսոյ պատրիարքութեան դատը` Ցեղասպանութենէն ետք բռնագրաւուած ինչքերու վերաբերմամբ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատը` 1915¬ին գրաւուած հայկական կալուածներու պահանջով, նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան դատական հայցը:
Պէտք է ընդգծել հետեւեալները. անհատական դատերու ճամբով հատուցումը չի գոհացներ մեր ազգային պահանջները` Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան վերաբերող: Միայն խմբային հատուցման դատերը պէտք է նկատի առնուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ներգրաւել հատուցման ամբողջական ուղղուածութիւնը: Վերոյիշեալ դատական հայցերէն ոչ մէկը կցուած է Ցեղասպանութեան լուծման համապարփակ բնագիրով:
Հայկական կողմը լաւապէս կ՛անդրադառնայ, որ համընդհանուր պատկերին մէջ Թուրքիա կրնայ փոքր զիջումներ կատարել կարգ մը անհատներու` ի վնաս հայկական համազուրկ իրաւունքին:
(Շարունակութիւնը` վաղը)

