Հենրիխ Մխիթարեան` Շախտիորի Նոյեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Իր լուրը քաղելով Շախտիոր Տոնեցքի պաշտօնական կայքէջէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընտրուած է ակումբի նոյեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան ստացած է ակումբին համակիրներուն 40,14 առ հարիւրին ձայնը: Երկրորդ դիրքին վրայ է պրազիլցի Ֆեռնանտինիօ (29,16), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Վիլիան (21,10):

Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը Փիւնիկ Երեւանի հետ սկսած Մխիթարեան այս տարեշրջանին Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ցարդ նշանակած է 18 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES