ՖԻՏԷ-ի Դասաւորման Մէջ Արոնեան` 2-րդ Դիրքին Վրայ

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am)` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ճատրակի ողիմպիականի եռակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ 2815 կէտով կը մնայ երկրորդ` նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի ետին:

Վլատիմիր Յակոբեան 2704 կէտով կը գրաւէ 43-րդ դիրքը, մինչ առաջին հարիւրին մէջ են Սերկէյ Մովսիսեան (2688) եւ Գաբրիէլ Սարգսեան (2666):

6 հոկտեմբեր 1982-ին Երեւանի մէջ ծնած Արոնեան յաջորդաբար երկու տարի (2005 եւ 2006) մարզական լրագրողներուն կողմէ ընտրուած է Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES