Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Տարօն Սողոմոնեան Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Տարօն Սողոմոնեան

Կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, երէկ 56 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Տարօն Սողոմոնեան, որ կը կատարէր իր երրորդ մրցումը` արձանագրելով նոյնքան յաղթանակ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:

Սողոմոնեան, որ նախորդ երկուքին յաղթած էր Տմիթրի Սափոնի (Պիելոռուսիա) եւ Նասրաթ Մամատովի (Ազրպէյճան), այս անգամ յաղթեց Ջահանկիր Տաւիտովի (Ուզպեքիստան)` 17-11 արդիւնքով:

Սակայն Գոռ Երիցեան (64 քկ) պարտութիւն կրեց քուպացի Քեւին Հայլեր Պրաուն Պազնիէն` 10-6 արդիւնքով:

Յաջորդ հանգրուան չկրցաւ հասնիլ նաեւ Արտաւազդ Հարոյեան (75 քկ), որ պարտուեցաւ Փոլինէյքիս Քալամարասէն (Յունաստան)` 15-14 արդիւնքով:

Share this Article
CATEGORIES