ՀՄԸՄ Ռաուտա Նշեց Իր Հիմնադրութեան Ա. Տարեդարձը

ՀՄԸՄ Ռաուտայի հիմնադրութեան Ա. տարեդարձին առիթով (25 նոյեմբեր 2011), շրջանի նորընտիր վարչութիւնը գաղափարը ունեցաւ այդ տարեդարձը նշել Տըքուանէի եւ Ռաուտայի շրջանի ՀՄԸՄ-ականներուն եւ շրջանի հայութեան հետ:

Այս առիթով Ռաուտայի ակումբին մէջ կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկը լաւագոյն արտացոլացումն է մասնաճիւղին գործունէութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռաուտայի վարչութեան ատենապետ Տենի Տերվիշեան:

Ան ողջունելով ներկաները անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջեցին այս հրաւէրին:

Ան կարեւորութեամբ նշեց սկաուտական շարժումին անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի շունչին տակ, որպէսզի հայ երիտասարդները հեռու մնան զանազան տեսակի յոռի երեւոյթներէ եւ իրենց սպառնացող տարբեր վտանգներէն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Տերվիշեան շեշտեց այն, որ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը կը պատգամէ այն, որ պէտք է միասնաբար բարձրանանք եւ բարձրացնենք:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Պետիկ Ծառուկեան:

Ան շեշտեց ՀՄԸՄ-ի կատարած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, որովհետեւ ատկէ մեկնելով մեր զաւակները կը ստանան իրենց հայեցի դաստիարակութիւնը:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոմիտէին աջակցութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին աշխատանքներուն յաջողութեան:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենադպիր Հայկ Թապաքեան: Ան շնորհակալութիւն յայնեց ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան` ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի յաջողութեան մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով մասնաճիւղին հիմնադրութեան Ա. տարեդարձը` անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք:

Տեղին է նշել, որ ձեռնարկին ամբողջ տեւողութեան միշտ կը հնչէին ՀՄԸՄ-ի երգերը, ինչպէս նաեւ մեծ պաստառի վրայ կ՛երեւէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան հետ առնչութիւն ունեցող լուսանկարներ` տեղի ունեցած բանակումներէ, ձեռնարկներէ, սեմինարներէ եւ այլազան տեսակի աշխատանքներէ:

 

Share this Article
CATEGORIES