Մամլոյ 76-րդ Լսարան. Խաչիկ Մուրատեան Զեկուցեց Արեւմտեան Հայաստանի Տարածքին, Ինչքերուն Եւ Թաքուն Հայերու Թաքուն Տեղեկութեանց Մասին
Գործակցաբար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու շարքին ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, մամլոյ 76-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Լսարանին բացումը կատարեց Յակոբ Գառնեշեան, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ այժմու իրավիճակին, ուր այն միջոցին, երբ ան կը փորձէ «եւրոպական սալոններ» մուտք գործել, ներքին մակարդակի վրայ, մարդկային իրաւանց, քրտացած հայերու եւ իրենց ակունքները դառնալ փորձող բնիկներու երեւոյթը հետզհետէ շեշտակի կը դառնայ: «Այսօր օղակը կը սեղմուի Թուրքիոյ շուրջ, եւ մեզի համար ներկայիս հրամայական է շարունակել մեր պահանջատիրական երթը», ըսաւ Գառնեշեան` ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան զեկուցաբերը` «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիրներէն եւ այժմ Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի»-ի վարիչ խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած իր զեկուցումին ընթացքին Խաչիկ Մուրատեան խօսեցաւ գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի այժմու իրավիճակին մասին` մեկնելով երեք թեմաներէ, որոնք հետեւեալներն են.
– Հայկական կոթողներու իրավիճակը:
– Գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի աշխարհագրական կառոյցը:
– Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող թաքուն հայերու կառոյցը:
Սահիկներու օգնութեամբ Մուրատեան ներկայացուց վերջին տարիներուն գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իր կատարած պրպտումները` փորձելով «Երկրի» այժմու իրավիճակը փոխանցել այնպէս, ինչպէս որ է, «առանց գնահատումներ կատարելու», ինչպէս հաստատեց ինք:
Վանայ լիճի Աղթամար կղզիով ու Ս. Խաչ եկեղեցիով սկսած սահիկները շարունակուեցան` ներկաները հոգեպէս փոխադրելով դէպի Խարբերդ, Բալու, Տիգրանակերտ, Անի, Մեզիրէ, Սասուն եւ այլ հայաւաններ, որոնց փլատակներն անգամ հայութիւն կը բուրեն:
Մուրատեան, քաջածանօթ նշեալ շրջաններու պատմական, ժողովրդագրական եւ մշակութային իրավիճակին, ամենայն հարազատութեամբ փոխանցեց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեսած ու լսած իր «թաքուն» տեղեկութիւնները: Ցարդ թապու նկատուած երեւոյթներ հետզհետէ սկսած են բացայայտուիլ Թուրքիոյ մէջ, յատկապէս վերջին տասնամեակին, երբ յունուար 2007-ին թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը անկիւնադարձային հանգրուան նկատուեցաւ այս ուղղութեամբ: Աւելի ուշ, ծագումով հայ Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրիկս», Այշէ Կիւլի «Թոռունլար» (թոռնիկներ) եւ այլ այլախոհ գրողներու վիպական յուշագրութիւնները խթան հանդիսացան, որ տասնամեակներէ ի վեր իրենց արմատն ու ինքնութիւնը պահող «թաքուն» հայեր համարձակին հայօրէն հրապարակ գալու` իրենց անունները հայացնելով, մկրտուելով թէ այլ խիզախ ու խոստմնալից քայլերով:
Խօսելով կոթողներու եւ եկեղեցիներու մասին` Մուրատեան յայտնեց, որ անոնցմէ քիչեր կանգուն պահուած են, եւ այդ ալ` շնորհիւ անոնց դերակատարութեան բռնափոխման, ուր անոնց մեծ մասը վերածուած է սոսկ սիւնի մը, մզկիթի, թանգարանի կամ… ախոռի: Մուրատեան լայնօրէն անդրադարձաւ Տիգրանակերտի իրավիճակին, ուր Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ հայ եկեղեցին` Ս. Կիրակոս եկեղեցին իր եօթը խորաններով վերանորոգուած է Տիգրանակերտի քաղաքապետին ջանքերով:
Թուրքիոյ կեցուածքին գծով «Ազդակ»-ի հարցումին անդրադառնալով` Մուրատեան նշեց, որ Թուրքիոյ հարցը գէթ ներքին ճակատի վրայ առայժմ կեդրոնացած է քիւրտերու եւ քրտական հարցին վրայ: Օրինակ, թրքական կառավարութիւնը արգելափակած է Տիգրանակերտի նշեալ քաղաքապետին` Օսման Պայտեմիրի անցագիրը, որուն այնքան պէտք ունի ան` իր հիւանդութեան բուժման համար ճամբորդելու նպատակով: Նմանապէս, թրքական պետութեան անուղղակի քաջալերանքով, Տիգրանակերտի հայոց գերեզմանատան շրջակայքի բարձրայարկ արդի շէնքերու բնակիչներ մահուան սպառնալիքներ յղած են պոլսահայերու, որոնց կը փոխանցուէր Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան կողմէ վերադարձուող 200 կալուածներու սեփականագիրերը (թափու): Քիւրտերուն մօտ այժմ առածի վերածուած է այն ըմբռնումը, թէ` «թուրքերը ձեզ (հայերդ) կերան իբրեւ նախաճաշ, հիմա ալ մեզ կ՛ուտեն իբրեւ ընթրիք»:
Մէկուկէս միլիոն բնակչութիւն հաշուող Տիգրանակերտի հայութեան 90 առ հարիւրը կոտորուած են 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին: Մուրատեան մէջբերումներ կատարեց կարգ մը թուրք ջարդարարներու յաջորդներուն պատմած վկայութիւններէն, ինչպէս օրինակ այն թուրքը, որուն մեծ հայրը 1915-ին մսավաճառի իր ճերմակ զգեստով անասուններու փոխարէն իր առջեւ բերուած ձեռնակապ հայեր կը գլխատէր իր կացինով: Ուրիշ մը պատմած է, թէ ինչպէս 1915-ին 10 հազար հայեր ձեռնակապ սպաննուած ու «թափուած են» Տուտանի վիհը: Մուշէն անցնելով Մուրատեան յաճախ նկատած է խանութներու առջեւ թափուր աթոռներ, ուր 1915-ին եւ անկէ առաջ հայեր կը նստէին: «Այդ կորած հայերու տեղը, օր մը անպայման Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի զետեղուին աթոռներ, ուր պիտի նշուին 1915-ին զոհուած հայ խորհրդարանականներու անուններ», ընդգծեց Խաչիկ Մուրատեան` շեշտելով, որ գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մասին կարելի չէ առարկայականօրէն արտայայտուիլ: Այդտեղի աւերակները միայն հայու համար իմաստ ունին:
Մուրատեան նաեւ մէջբերեց իր մէկ ընկերոջ` Ճորճ Ալճայեանի խօսքը, որ իր աղջկան հետ եկած էր ծանօթանալու իր երկու մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն բնակավայրերուն: «Իմ աղջիկս հետս հոս բերելով ես իմ արմատներուս պատմութիւնը երկու սերունդ եւս փոխանցած կ՛ըլլամ, երբ իմ աղջիկս իր կարգին իր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն կը փոխանցէ իր հոս տեսածները»…
Խաչիկ Մուրատեան եւ իր սերնդակիցները Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ ուղղակի կապ ունենալու կարելիութիւն ունեցող վերջին սերունդն է: Քանի այլեւս վերապրողներ չկան, որ իրենց վկայութիւնները պատմեն նոր սերունդին:
Խաչիկ Մուրատեանի եւ իր նմաններու արմատներու «թաքուն» ճեղքերը բացայայտելու միտող այս նախաձեռնութիւնը ազգօգուտ եւ շահեկան է:
Ա՛յս միտումով եւ ոչ թէ թրքական առեւտուրը զարգացնող ընչաքաղց հայ վաճառականներու Թուրքիա երթեւեկի խղճալի երեւոյթով: Շահեկան է, որովհետեւ նման այցելութիւններ, իրենց հայանպաստ պրպտումներով, «թաքունը» բացայայտող, թապուն վերացնող վկայախօսութիւններով, թուրքին կը յիշեցնեն, թէ մենք տակաւին Թուրքիոյ հետ առկախ չլուծուած հարց ունինք, որ ուշ կամ կանուխ անպայման պիտի յանգի իր արդար հատուցման…
Ս. Գ.




