50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 3 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՀԱՅԵՐԸ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ
ԺԸ. ԴԱՐՈՒՆ ՀԱՅԵՐ
ԳԱՂԹԱԾ ԵՆ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ
ԺԷ. դարու վերջերը գաղթող տարագիր հայութեան բեկորներուն համար Ամսթերտամ եղած է համեմատաբար խաղաղ եւ ապահով վայր մը, ուր ծուարած հայ համայնքը զբաղած է գլխաւորաբար գորգի առեւտուրով: Ինչպէս այլ բազմաթիւ վայրերու մէջ, հոս եւս հայ փոքրաթիւ համայնքը չէ մոռցած իր լեզուն, գիրը, գրականութիւնը եւ կրօնը: Արդէն ԺԸ. դարու առաջին օրերէն հայ համայնքը ունեցած է իր եկեղեցին, որ գրեթէ անաղարտ կը մնայ մինչեւ այսօր:
Ամսթերտամի մէջ լոյս տեսնող «Մեր Ամսթերտամը» ամսագիրը իր թիւերէն մէկուն մէջ հրատարակած է հոլանտացի Յ. Վրիզէի մէկ ընդարձակ յօդուածը` Ամսթերտամի հայ համայնքին եւ եկեղեցիին ծագումին եւ պատմութեան շուրջ: Յօդուածը էսփերանթոյի թարգմանուած է հոլանտացի գրագէտ-լրագրող Ֆր. Ֆոլհամրերի կողմէ, որմէ կը քաղենք տեղեկութիւններ` մեզ հետաքրքրող հարցին մասին.-
Ամսթերտամի Կոնինզօ փողոցին թիւ 27 շէնքին ճակտին, կ՛ըսէ յօդուածագիրը, պիտի գտնէք քար մը, որուն վրայ փորագրուած է նշխարք մը` շուրջը ճառագայթներով եւ տակը հաղորդութեան սկիհը: Այդ քանդակին ներքեւ կայ արձանագրութիւն մը… հայերէնով: Նոյն այդ տան մէջ ԺԸ. դարուն կը բնակէր հայր Յովհաննէս Մինաս, որ աւելի քան քառասուն տարի կը սպասարկէր մեր քաղաքի հայ համայնքին…
«Բայց այս անգամ,- կը շարունակէ յօդուածագիրը,- ես կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել Կրոմփումորոտի թիւ 22 տան վրայ: Այս շէնքը, ուր ներկայիս տեղաւորուած է 3 – 6 տարեկան երեխաներուն դպրոցը, 1744 թուականէն մինչեւ 1556 թուական եղած է քրիստոնեայ հայերուն եկեղեցին: ԺԷ. դարու սկիզբի օրերէն իսկ մեր քաղաքին մէջ գոյութիւն ունէր կարեւոր առեւտուր մը Մերձաւոր Արեւելքի հետ: 1640-ին բաւական թիւով հայեր մշտական բնակութիւն հաստատեցին Ամսթերտամի մէջ. անոնք գլխաւորաբար գորգի առեւտուրով կը զբաղէին:
«… Երբ հայ համայնքին թիւը բազմացաւ: Կարիք զգացուեցաւ ունենալու հաւաքատեղի մը, ուր կարողանային կատարել իրենց կրօնական պարտականութիւնները` ըստ իրենց ծէսերուն եւ ազգային լեզուով: 1714-ին յաջողեցան գնել խանութ մը, որ վերանորոգուելէ ետք ծառայեց իբրեւ աղօթատեղի: Բազմաթիւ անգամներ այդ շէնքը ներսէն ու դուրսէն նորոգուած է համայնքին հարուստ անհատներու կողմէ: Առաջին նորոգութեան` գլխաւոր մուտքը եւ պատուհաններու զետեղումը, ծախքերը հոգացած է Մինաս քահանային զաւակը` Յովհաննէս:
«ԺԹ. դարէն կը սկսի Ամսթերտամի հայ գաղութին յետընթացը: Հայերուն թիւը շարունակ կը պակսի, որուն պատճառով 1856-ին եկեղեցին կը փակուի, երբ միայն մէկ հայ մնացած էր Ամսթերտամի մէջ: Բարեբախտաբար եկեղեցիին շէնքը կը մնայ մինչեւ այսօր, որուն շնորհիւ ունինք յուշարձան մը` երբեմնի ծաղկած հայ համայնքէն»:
Ս. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
ՀԱՅԱՇԷՆԻ ՄԷՋ
Հայաշէնի Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած ապրիլեան Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակի սգահանդէսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 24 ապրիլ 1961, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր առաւօտուն հանդիսաւոր պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նահատակաց հոգւոյն համար:
Ամբողջ օրը իրենց խանութներն ու գործատեղիները փակ պահելէ ետք, թաղեցիները երեկոյեան դարձեալ փութացած էին եկեղեցի` հաւաքաբար տօնելու համար նահատակներու յիշատակը:
Վահան քհնյ. Տէր Ղազարեան իր բացման խօսքին մէջ յիշեց. «Մենք ապրիլեան նահատակներու յիշատակը յարգելով` պէտք է անդրադառնանք, թէ ի՛նչ գնով ապրեցանք ու կ՛ապրինք: Մեր պարտքն է անոնց կտակը փոխանցել նորահաս սերունդին, որպէսզի արդարացուցած ըլլանք մեր գոյութիւնը` որպէս անոնց վսեմ գաղափարներուն հարազատ ժառանգորդները»:
Օրուան բանախօս Յակոբ Թութիկեան խորիմաստ կերպով պարզեց ապրիլ 24-ի իմաստը եւ եզրափակեց.
«Մենք հպարտ ենք Զոհրապով, Խաժակով, Վարուժանով, սակայն հարց տանք մենք մեզի, թէ անոնք ալ հպարտ կրնա՞ն ըլլալ մեզմով: Կը հաւատանք համրանքի կարեւորութեան, բայց չի բաւեր միայն համրանք ունենալ. մեզի որա՛կ պէտք է, որպէսզի մնայուն կշիռ ներկայացնող նուաճումներ արձանագրենք: Նո՛ր զոհրապներ, նո՛ր սիամանթոներ, նո՛ր զարդարեաններ ունենալու համար պէտք է նոր սերունդը համալսարաններ ղրկել, պէտք է լայն ասպարէզներ տալ արժանաւորներուն, որ աճին եւ ազգը անոնցմով գոյատեւէ»:
«Մեր նահատակներուն արիւնը թող զսպանա՛կ դառնայ` նոր նուաճումներու ի խնդիր»:
Եղան խմբական երկու արտասանութիւններ: Մեներգեցին Յասմիկ Յովսէփեան եւ Պետրոս Գալուստեան: Արտասանեց Մարի Սարգիսեան:
Տէր հայրը պահպանիչով հանդէսը փակեց:
ԹՂԹԱԿԻՑ
27 ապրիլ 1961
Հայաշէն