Մինչ Միացեալ Նահանգներ Կը Հերքեն Իրան Կը Յայտնէ, Որ Ամերիկեան Անօդաչու Սարք Մը «Գրաւած» Է
Իրանեան բանակը կը յայտնէ, որ Ծոցի ջուրերուն վերեւ գրաւած է առանց օդաչուի թռչող ամերիկեան սարք մը: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ իրենք գրաւած են «ՍքանԻկըլ» մը, որ ամերիկացիներուն կողմէ օգտագործուած փոքր եւ նուազ զարգացած առանց օդաչուի թռչող սարք մըն է:
«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թռչող սարքը գրաւուած է «վերջին քանի մը օրուան ընթացքին»: Ըստ իրանեան կողմին, սարքը գրաւուած է, երբ բռնաբարած է Իրանի օդային տարածքը:
Պահրէյնի մէջ ամերիկեան ծովուժի հրամանատարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ ամերիկեան ծովուժը Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ որեւէ նման սարք չէ կորսնցուցած:
«Ծոցի շրջանին մէջ մեր գործողութիւնները միջազգային ճանաչումի արժանացած ջուրերով եւ օդային տարածքներով սահմանափակուած են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք վերջերս որեւէ «ՍքանԻկըլ» չենք կորսնցուցած»:
Անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ իրանեան կործանիչներ միջազգային օդային տարածքին մէջ կրակ բացին ամերիկեան հետախուզական առանց օդաչուի թռչող սարքի մը դէմ: Իրան յայտնեց, որ սարքը իր օդային տարածքը մուտք գործած էր:


