Միջազգային Ընտանիքը Կը Շեշտէ Սուրիացի Ժողովուրդին Դէմ Քիմիական Զէնքերու Հաւանական Օգտագործման Անընդունելիութիւնը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Պրիւքսելի մէջ դաշինքի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովէն առաջ սուրիական վարչակարգը զգուշացուց իր ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործելէ: Ան նշեց, որ այդ մէկը «ամբողջովին անընդունելի» պիտի ըլլայ:

Ռասմուսեն լրագրողներուն յայտնեց, որ «քիմիական զէնքերու հաւանական օգտագործումը ամբողջ միջազգային ընտանիքին համար ամբողջովին անընդունելի պիտի ըլլայ:

«Եթէ որեւէ մէկը այդ ահաւոր զէնքերը օգտագործէ, միջազգային ընտանիքին կողմէ անմիջական հակազդեցութիւն կը նախատեսեմ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նոյն հարցով յայտնած էր, որ «Ասատը եւ անոր հրամանատարութիւնը այսօր կ՛ուզեմ զգուշացնել` աշխարհի աչքերը ձեր վրայ սեւեռուած են: Քիմիական զէնքի օգտագործումը անընդունելի է»:

«Եթէ այդպիսի զէնք օգտագործելու ողբերգական սխալը գործէք, ատոր համար պատասխան պիտի տաք: Մենք չենք արտօներ, որ 20-րդ դարուն ստեղծուած ամէնէն անխոհեմ զէնքով մթագնէք 21-րդ դարը», ըսած էր Օպամա եւ իր խօսքը սուրիական վարչակարգին ուղղելով աւելցուցած, որ «եթէ այդ զէնքերը օգտագործելու աղէտալի սխալը գործես, հետեւանքը պիտի կրես եւ պատասխանատու պիտի նկատուիս»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վենսան Ֆլորիանի իր կարգին «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերը» զգուշացուց քաղաքայիններու դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործելու հետեւանքներէն: Ան ըսաւ, որ «Ասատի ուժերուն կողմէ զանգուածային քանդումի զէնքերու, մասնաւորաբար քիմիական զէնքերու որեւէ օգտագործում անընդունելի է»` վստահեցնելով, որ Ասատի վարչակարգին կը հսկէ եւ պիտի հակադարձէ, եթէ այդ զէնքերը օգտագործէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ միջամտելու փորձեր չըլլան»` նշելով, որ «մենք ՕԹԱՆ-ի հետ Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ համաձայն ենք»: Ան ըսաւ, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը անընդունելի է եւ Ռուսիա այդ հարցին վերաբերեալ կացութեան կը հետեւի:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ՕԹԱՆ համաձայնութիւն յայտնեց Թուրքիոյ պահանջին` Սուրիոյ հետ վերջինիս սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ տեղադրելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES