Օմար Սլէյման Դամասկոսի Մէ՞ջ Սպաննուած Է
Սուրիական յեղափոխութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Հայսամ Մալեհ յայտնեց, որ Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Օմար Սլէյման զոհ գացած է Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիի մը ականահարման, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է:
Մալեհ նշեց, որ Սլէյման Սուրիա կը գտնուէր «Սի.Այ.Էյ.»-ի հետ համակարգաբար սուրիական քիմիական զէնքերու հարցը քննարկելու: Ան յայտնեց, որ Սլէյմանի անցեալ օգոստոսին Դամասկոսի մէջ սպաննուելէն տեղեակ դարձած է ականահարումի հեղինակներէն` աւելցնելով, որ ականը Սլէյմանը սպաննած է առանց իր գտնուած շէնքին վնաս պատճառելու:
CATEGORIES Միջազգային

