Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դեկտեմբերի կիսուն պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու առումով լիբանանցի երեսփոխանի մը մեղսակցութիւնը վտանգաւոր է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց երեսփոխան Օքապ Սաքըրի միջամտութիւնը Սուրիոյ տագնապին եւ խնդրեց քաղաքական բոլոր ուժերէն Սուրիոյ հարցին գծով չէզոք մնալ: Ժեմայէլ յայտնեց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը կախեալ է երկրին մէջ տիրող պայմաններէն: Ան մերժեց յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները` բացայայտելով, որ ինք համոզուած չէ, թէ ընտրութիւնները յետաձգելով կարելի պիտի ըլլայ ընտրական օրէնքը բարեկարգել:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պայթեցաւ ձեռնառումբ մը, որ նիւթական վնասներ պատճառեց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան գոյութեամբ երկխօսութիւն չկայ, որովհետեւ կառավարութիւնը երկրին քաղաքական համակարգը խանգարած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ մերժեց մեկնաբանել մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` աւելցնելով, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ նոր կեցուածք մը կը լսեն Ռայի պատրիարքէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ տագնապին պատճառով արձանագրուելիք ապահովական հաւանական խախտումներուն մասին միջազգային մտահոգութիւններ կան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին գործակցութիւնը պիտի սկսի, որովհետեւ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ հասարակ յայտարարներ գոյութիւն ունին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ցարդ պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնները պէտք չէ յետաձգել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտ կը գտնեն, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը արժանանայ բոլորին ողջոյնին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ պահանջուած է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` առանց անոր յետաձգումին մասին մտածելու իսկ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըր միակն է, որ իրաւունք ունի բացատրելու իր դերակատարութիւնը` սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու առումով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Իտալիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկէ նաեւ սուրիացի գաղթականներուն հարցը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Հաթեմ Մատի քրէական հարցերու ոստիկանութենէն պահանջեց երեսփոխան Օքապ Սաքըրի վերաբերող հեռաձայնային հաղորդակցութեան արձանագրութիւնները արտագրել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի անդրադառնալով երեսփոխան Օքապ Սաքըրի վերաբերող արձանագրութիւններուն ցաւ յայտնեց, որ ոմանք լիբանանեան պետութեան չէզոք մնալու որոշումը փոփոխութեան ենթարկած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Խալետ Զահրամանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Աքքարի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով բանակին ի գործ դրած ջանքերը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ ինք երբեք չի զարմանար սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու առումով երեսփոխան Օքապ Սաքըրի վերաբերող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն արձանագրութիւններէն: Ան աւելցուց, որ Սաքըրի շարքին կան նաեւ ուրիշներ, որոնք պատժուելու արժանի են:

ՄԱԿ-Ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ զէնքի թղթածրարը պէտք է լուծել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւիրած Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընդմէջէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց երեսփոխան Պութրոս Հարպի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ընդգծուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Փլամպլի դրուատեց Լիբանանի մէջ քաղաքական սառեցուած իրավիճակին վերջ տալու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերը:

Share this Article
CATEGORIES