Շարպել. «2013-ի Ընտրութիւններուն Նախապատրաստական Աշխատանքին Մեծ Մասը Կատարուած Է»

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքին մեծ մասը կատարած է, յատկապէս վարչական, ապահովական եւ գումակային դասաւորումներուն առումով:

Ան ըսաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 9 յունիս 2013-ին` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը կ՛աւարտի յառաջիկայ 20 յունիս 2013-ին:

Շարպել յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին մէկ օրուան մէջ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

 

Share this Article
CATEGORIES