Պըրրի Մերժեց Երկարաձգել Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Մոհամետ Պալլութը: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ:

Միւս կողմէ, Պըրրի զարմանք յայտնեց կառավարութեան վարուելակերպին նկատմամբ` նշելով, որ կարծես ան կառչած չէ իր վաւերացուցած ընտրական օրինագիծին, որ փոխանցուած է խորհրդարան` քննարկուելու եւ վաւերացուելու համար:

Խորհրդարանի նախագահը այս գծով զարմանք յայտնեց լսելէ ետք ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի այն յայտարարութիւնները, թէ նախարարութիւնը սկսած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստուիլ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Պըրրի նշեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ ընտրական օրէնքին առումով այս ամսուան ընթացքին զարգացումներ կ՛արձանագրուին:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ինք կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգել:

Կառավարութեան փոփոխութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի շեշտեց, որ ո՛չ հանրապետութեան նախագահը, ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մերժած են կառավարութիւնը փոխելու գաղափարը, «սակայն նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւն չկայ առանց երկխօսութեան: Անոնք կը փափաքին կառավարութիւն մը կազմել առանց մեզի հետ երկխօսութիւն կատարելու, եւ այդ մէկը անկարելի է», ըսաւ Պըրրի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES