Հարիրի Ընդունեց Սուրիոյ Ազգային Համաձայնական Մարմինին Մէկ Պատուիրակութիւնը

Հարիրի` սուրիական ընդդիմութեան հետ հանդիպման պահուն

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռիատի մէջ ընդունեց Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց սուրիական յեղափոխութեան եւ անոր քաղաքական ղեկավարութեան իր զօրակցութիւնը:

Հարիրի դրուատեց ի գործ դրուող ջանքերը` միասնականացնելու համար սուրիական ընդդիմութեան շարքերը եւ պատրաստուելու յառաջիկայ փոխանցման շրջանի հանգրուանին:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ սուրիացի ժողովուրդը պիտի կարենայ իրականացնել իր երազները եւ ունենալ ժողովրդավարական պետութիւն` վերջ տալով բռնատիրութեան ժամանակաշրջանին:

«Սուրիական ընդդիմութեան եւ անոր ղեկավարութեան նեցուկ կանգնիլն ու զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է, որ կը պարտադրուի արաբական, եղբայրական եւ մարդկային մեր պատասխանատուութիւններուն ճամբով: Մենք երբեք պիտի չհրաժարինք սուրիական յեղափոխութեան նկատմամբ մեր զօրակցութենէն, ինչպէս նաեւ անոր ժողովրդավարական հզօրութենէն, որ կրցած է զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել», ըսաւ Հարիրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ Ազգային համաձայնական մարմինին հետապնդած նպատակները, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ սուրիական յեղափոխութիւնը մօտեցած է Դամասկոսի դռներուն եւ անոր արձանագրելիք յաղթանակը մօտալուտ է:

Share this Article
CATEGORIES