«Կոչ Կ՛ուղղենք Դատական Քայլերու Դիմելու Սուրիոյ Պատերազմին Մեղսակցողներուն Դէմ» Շեշտեց Զօր. Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք կը մերժէ այս կամ այն բնակարանին մէջ խորհրդարանի մասնաճիւղեր բանալ:

Այս յայտարարութեամբ ան կ՛ակնարկէր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու կարգ մը երեսփոխաններուն կողմէ երեսփոխան Պութրոս Հարպի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, զոր նկատեց ապօրինի արարք եւ օրինազանցութիւն:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են յարգելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ իսկական օրէնսդրութիւնը:

Անդրադառնալով երեսփոխան Օքապ Սաքըրի վերաբերող այն արձանագրութիւններուն, թէ ինք կը զինէ սուրիական ընդդիմութիւնը, զօր. Աուն լիբանանեան պետութենէն եւ դատական իշխանութիւններէն պահանջեց դիմել համապատասխան քայլերու` Սուրիոյ պատերազմին մեղսակցողները պատժելու նպատակով:

Այս շրջագիծին մէջ զօր. Աուն աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը իր կարգին դարձած է Սուրիոյ մէջ տագնապը հրահրող միջազգային շարժումին նպաստող իսկական կողմ մը:

Լիբանանի կառավարութեան կազմը փոփոխութեան ենթարկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն հաստատեց, որ ինք դէմ է կառավարութեան փոփոխութեան` շեշտելով, որ նման պայմաններու մէջ անկարելի է երկիրը անիշխանութեան մատնել:

Share this Article
CATEGORIES