Նախագահ Սլէյման Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ  տիրող կացութիւնն ու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները:

Զօր. Քահուաժի նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց նաեւ դէպի Սուրիա անցքերուն հսկողութիւնը խստացնելու իմաստով բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական քայլերուն մանրամասնութիւններէն` արգիլելու համար զինեալներու եւ զէնքի ու զինամթերքի Սուրիա մուտքը, ինչպէս նաեւ պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ: Քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն եւ ընդհանուր դատախազութեան վերաբերող աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES