Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Վերսկսան Եւ Բանակը Հակադարձեց

Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ Ժապալ Մըհսեն շրջանին մէջ երէկ կէսօրին զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը սկսան սաստկանալ:

Առաւօտեան անհեթեթ եւ աննշան պատճառի մը համար սկսած արձակազինութիւնը կէսօրին վերածուեցաւ զինեալ բախումներու, ինչպէս նաեւ նռնականետերու արձակման` քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ պատճառելով երկու զոհեր, որոնցմէ մէկը Ժապալ Մըհսենէն, իսկ միւսը` Պապ Թըպպանէէն, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը յարմար զէնքերով հակադարձեց այն վայրերուն, ուրկէ կրակոց կ՛արձանագրուի, ինչպէս նաեւ խստացուց շրջուն ջոկատներու հսկողութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ քաղաքացիներուն հետեւելու բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն` երաշխաւորել կարենալու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ զգուշացումներ տրուեցան զինեալներուն, որ անոնց դէմ կրակ պիտի բացուի, եթէ շարունակեն խախտել շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES