Կառավարութիւնը Ընդգծեց Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Իր Որդեգրած Չէզոք Կեցուածքին Անհրաժեշտութիւնը
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին հեռու մնալու Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելէ:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներուն դիակները Լիբանան վերադարձնելու իմաստով պահանջներ ներկայացուած են սուրիական պետութեան եւ այդ իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` բացայայտելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն ճակատագիրը:
Ան ըսաւ, որ այդ իմաստով հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կատարած է Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի կազմակերպութեան ներկայացուցիչին հետ եւ անկէ պահանջած միջամտել Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի լիբանանեան պետութեան յանձնուին լիբանանցի զոհերուն դիակները եւ տեղեկութիւններ փոխանցուին մնացեալ լիբանանցիներուն ճակատագիրին մասին:
Երեսփոխան Օքապ Սաքըրի վերաբերող թղթածրարին քննարկումին ընթացքին մեծ թիւով նախարարներ խստիւ դատապարտեցին Սաքըրի կեցուածքն ու քայլերը, անոնք նաեւ շեշտեցին Սաքըրի անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու կարեւորութիւնը:
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը իրաւունք չունի ջնջելու երեսփոխանի մը անձեռնմխելիութիւնը, որովհետեւ անիկա ընդհանուր դատախազութեան իրաւասութիւնն է:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի կոչ ուղղեց հետաքննութիւն բանալու իր ստացած սպառնալիքներուն մասին` աւելցնելով, որ ինք կասկածելիներուն մասին տեղեկութիւններ կը տրամադրէ ապահովական կառոյցներուն, բայց ոչ այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին լիբանանցի քաղաքացիներուն անձնականութեան:
Կառավարութիւնը Ռոժէ Սալեմը նշանակեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար:
ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Իտալիա:


