Նալբանդեան Մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին

Նալբանդեան եւ Կրիշչենքօ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Աշկապատի մէջ տեղի ունեցած Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:

Նիստին օրակարգը կը ներառէր տասնեակէ մը աւելի հարցեր 5 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի վեհաժողովին պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման ներկայացուելիք փաստաթուղթերու, ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ բազմակողմանի համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւններուն վերաբերեալ:

Արտաքին գործոց նախարարները մասնաւորաբար քննարկեցին գործող թուրքմենական նախագահութեան կողմէ նախաձեռնուած ԱՊՀ-ի մէջ համակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման մասին հռչակագիրի նախագիծը, որ ներառուեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի օրակարգին վրայ:

Նախարարներու խորհուրդին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մարդասիրական, բնապահպանական, ապահովութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ բազմակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցերուն:

Մասնաւորաբար` նիստին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ տարի «Հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաքները» միջպետական ծրագիրի եւ 2013-2014 թուականներուն ԱՊՀ-ի մասնակից երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան մարզին մէջ առաջնահերթ նախաձեռնութիւններու ծրագիրի իրականացման հարցերը:

Աշկապատի մէջ տեղի ունեցաւ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը 2013 թուականին ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնող Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթին Կրիշչենքոյի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան վերջերս տեղի ունեցած հայ-ուքրանական միջկառավարական յանձնախումբի նիստին արդիւնքները, երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:

Նախարարներ Նալբանդեան ու Կրիշչենքօ անդրադարձան 6-7 դեկտեմբերին Տապլինի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES