ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ 2013-ի Պիւտճէի Նախագիծին
«Ասիկա աւարտը պիտի ըլլայ, պարոննե՛ր», երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին 2013 թուականի պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ խմբակցութիւններու ելոյթներուն ժամանակ ներկայացնելով ՀՅԴ-ի խմբակցութեան կարծիքը` յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:
Պատգամաւորը յայտնեց, որ իրենք կը պահպանեն պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ նախորդ անգամներուն կատարած իրենց գնահատականները եւ կը պնդեն, որ թէ՛ վարուող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը, եւ թէ՛ պետական պիւտճէն չեն համապատասխաներ երկրին առջեւ դրուած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներուն:
Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ վարուող քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք կարելի չէ ձեւաւորել մրցունակ տնտեսութիւն, կարելի չէ յաղթահարել աշխատանքի շուկային մէջ ճգնաժամային վիճակը, կարելի չէ վստահութիւն ներշնչել արդարադատութեան համակարգին եւ պետական կառոյցներուն միջոցով Հայաստանի քաղաքացիներուն համար: «Դժբախտաբար, ինչպէս կը տեսնենք, ոչ միայն կառավարութիւնը, նաեւ քաղաքական մեծամասնութիւնը կ՛անտեսէ եւ կ՛առաջնորդուի սեփական ակնոցներով դիտելու քաղաքականութեամբ ու չի նկատեր, որ երկիրը օրէ օր կը դատարկուի, եւ ամէնէն վատ բանը, որ կրնայ սպառնալ մեր երկրին, ատիկա կրնայ պետականութեան կորուստը ըլլալ: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ ասիկա աւարտը պիտի ըլլայ, պարոննե՛ր», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ Մինասեանի, պիւտճէն մենաշնորհուած է կառավարութեան կողմէ, եւ խորհրդարանի մասնակցութիւնը թէ՛ անոր քննարկումներուն, եւ թէ՛ ընդունումը, կ՛օրինականացնէ այդ «կամայական վարքագիծը»:
«Պիւտճէն նպատակ չէ, այլ միջոց պէտք է հանդիսանայ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: Ընկերային-տնտեսական զարգացման ռազմավարութեան մէջ, եթէ մենք չենք առաջնորդուիր զանգուածային աշխատատեղերու ստեղծումով, երկրին քաղաքացիներուն արժանապատիւ վարձատրութեամբ աշխատատեղեր ստեղծելու քաղաքականութեամբ, ուրեմն քաղաքացիներէն մի՛ պահանջէք մեր պետականութիւնը եւ իշխանութիւնները գովաբանելու մօտեցում: Այդպիսի բան պիտի չըլլայ: Այն առաջարկները, զորս ներկայացուցինք, դժբախտաբար, կառավարութեան կողմէ համարժէք պատասխան չեն ստանար եւ ուրեմն` անկարող ուժերուն մենք ոչ կ՛ըսենք, եւ մեր խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ պիւտճէին», աւելցուց Մինասեան:


