ՀՅԴ-ն Պիտի Պահպանէ Իր Օրակարգը Եւ Անոր Շուրջ Քննարկում Պիտի Կազմակերպէ 6 Դեկտեմբերին
Հայաստանի Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն ներկայացուց «Միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ» կարգախօսով հասարակութեան լայն շերտերը համախմբելու նախաձեռնութիւնը:
«Այս նախաձեռնութիւնը կը բխի մեր ձեւաւորուած այն համոզումէն, որ նախ անհրաժեշտ է ձեւակերպել եւ ընդունիլ այն առաջնահերթութիւնները, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ դուրս բերել երկիրը այս տեւական տեղապտոյտէն եւ ապահովել անոր անվտանգ ու արագընթաց զարգացումը: Առկայ է ընտրութիւններուն նկատմամբ հասարակութեան ծայրայեղ անվստահութիւն եւ որեւէ քաղաքական ուժ չունի հասարակութեան մօտ բաւարար վստահութիւն: Ընտրութիւնները անխուսափելի իշխանափոխութեան վերածելու` գործնականին մէջ միակ կարելիութիւնը ընդդիմադիր զանգուածին լիարժէք համախմբումն է: Վերջապէս` Հայաստանի ապագան կախեալ է անկէ, թէ պետութեան ապագայ գլուխը որքանո՛վ կարեւոր պիտի նկատէ այս մարտահրաւէրները եւ պիտի ստանձնէ զանոնք յաղթահարելու յանձնառութիւնը», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Հայաստան այսօր կարիքը ունի ազգային պետական ուղեգիծի, որպէսզի երբեք չզիջինք մեր շահերն ու նպատակները` զարգանալու պատրուակով: Ըստ Ռուստամեանի, պէտք է ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, որպէսզի չզիջելու համար կարելի ըլլայ զարգանալ, պէտք է արդարութիւն, որպէսզի յանուն ներազգային համերաշխութեան բոլորին տրուին հաւասար կարելիութիւններ եւ բոլորը օգտուին ստեղծուած բարիքներէն:
Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ ասիկա կ՛երաշխաւորէ Դաշնակցութեան առաջարկած` 7 կէտնոց օրակարգի կատարումը: Ըստ անոր, առանց միասնական օրակարգի ընդունման եւ անոր կատարումը երաշխաւորող ճամբու քարտէսի համաձայնեցման, անպտուղ եւ սին է միացեալ թեկնածուի որեւէ փնտռտուք: «Միաժամանակ, կ՛ուզեմ պարզ եւ յստակ յայտարարել` մենք մեզ չենք ուզեր որեւէ մէկէն գերադասել, բայց որեւէ մէկն ալ հաստատ մեզմէ գերադասելի չէ: Մենք այս օրակարգը պիտի պահպանենք այնքան ժամանակ, քանի կարելի չէ երկիրը եւ ժողովուրդը ազատել այս կապանքներէն», յայտարարեց Ռուստամեան եւ բոլորին հրաւիրեց 6 դեկտեմբերի խորհրդաժողովին` աւելի լայն լսարանի առջեւ քննարկելու միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ ուղղուելու ստեղծուած կարելիութիւնը:

