50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1962)

Տոմսեր

Անժամանակ Երկիր Մը

Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարող ամերիկացիներ, զզուած ըլլալով իրենց շուրջ թափառող, սիկարեթ խնդրող թուրք մուրացկաններէն, իրենց ինքնաշարժներու պատուհաններուն փակցուցած են թուղթեր` ճիկարա եոք (սիկարեթ չկայ):

Թուրքերը բողոքած են այս «անմարդկային» վերաբերումին համար եւ խնդրած են, որ մուրալու արտօնագրեր տրուին իրենց արեւմտեան ազգերու մէջ պատելով ապրելու համար:

Մէկ քաղաքի մէջ ներկայացած են տասնհինգ հազար մուրացկաններ: Ամերիկացիք բողոքած են, սակայն թուրք պատմագէտ մուրացկան մը յիշեցուցած է, որ Անգլիոյ մէջ քսան հազար մուրացկաններ ներկայացած էին  Շրուզպըրիի լորտին յուղարկաւորութեան` հոգեհաց խնդրելով:

– Այս դէպքը ԺԶ. դարուն տեղի ունեցած է,- կը պատասխանէ ամերիկացի մը` զարգացած մուրացկանին,- հիմա քսաներորդ դարուն մէջ ենք:

– Ո՛չ սակայն Թուրքիան, ուր տակաւին քարէ դարուն մէջ ապրող մարդիկ կան,- կը պատասխանէ համալսարանական թուրք մուրացկանը:

Խորհրդակցութիւններէ  ետք կ՛որոշուի Թուրքիան նկատել անժամանակ երկիր մը, ուր ամէն բան կարելի է արդարացնել:

Զինուորականութիւնը քսաներորդ դարուն հասած է` Ամերիկայի կռնակը բարձրանալով:

Քաղաքականութիւնը միջին դարերը կ՛ապրի` յաճախ մուրալով եւ երբեմն կախաղան բարձրացնելով իր ղեկավարները, բանտ նետելով ամբողջ խորհրդարանը իր «անձեռնմխելի» երեսփոխաններով, հանրապետութեան նախագահով…

Իսկ ժողովուրդը կ՛ապրի քարէ դարէն մինչեւ քսաներորդը` կողոպուտով, մուրալով, անօթութեամբ, եւ քանի մը նախարարներու շքեղ ինքնաշարժներով:

Այս համաձայնութենէն ետք թուրք համազգային միութիւնը, մուրալով ծաղկեպսակ մը ձեռք ձգած, եւ գացած դրած է ասանկ չքնաղ հանրապետութեան մը հիմնադիր Աթաթիւրքի դամբարանին վրայ` լալով, ողբալով…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Երգիծանքը
Երկաթէ
Վարագոյրի Ետին

Պուտափեշտի վարժարաններէն մէկուն մէջ ուսուցիչը կը հարցնէ աշակերտներուն, թէ քաղաքներու բնակչութիւնը ինչո՞ւ շատցած է:

Աշակերտ մը կը պատասխանէ եւ կ՛ըսէ.

– Որովհետեւ, գիւղերու բնակչութիւնը դէպի քաղաքները կը խուժէ:

– Ի՞նչ պէտք է ընել ասոր առաջքը առնելու համար,- կրկին կը հարցնէ ուսուցիչը:

– Պէտք է քաղաքներուն մէջ ալ քոլեքթիւներ հիմնել,- կը գոչէ աշակերտը:

***

Արեւելեան Պերլինի բնակիչներէն մէկը կը հարցնէ իր բարեկամին:

– Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ յանկարծ Ամօթի Պատը փլցնէին:

– Ծառի մը վրայ պիտի մագլցէի,- կը յարէ ան:

– Ինչո՞ւ,- կը հարցնէ առաջինը:

– Ոտնակոխ չըլլալու համար, բարեկամ,- կը յարէ երկրորդը:

***

Խորհրդային մասնագէտներուն Քուպա ժամանումին պատճառով հետեւեալը կը պատմուի Քուպայի մէջ.

Ուսուցիչ մը իր դասարանի աշակերտներէն մէկուն կը հարցնէ.

– Փեփիթօ, ո՞վ էր Նափոլէոն:

– Շատ դիւրին հարցում մըն է պարոն ընկեր. ան թեքնիքօ (մասնագէտ) մըն էր, որ Ֆրանսան իր բախտին լքելով` գնաց օգնելու Իտալիոյ, Եգիպտոսի եւ ուրիշ բազմաթիւ երկիրներու եւ ապա իր փնտռածը գտաւ Ուաթերլոյի մէջ…

***

Արեւելեան Պերլինի պահակազօրի տասնապետ մը կը հարցնէ յիսնապետին.

– Եթէ դէպի Արեւմտեան Պերլին փախչիմ, պիտի կրակե՞ս իմ վրաս:

– Անշո՛ւշտ,- կը պատասխանէ ան:

– Իսկ դո՞ւն:

– Ո՛չ, կը յարէ տասնապետը:

– Քանի որ այդպէս է, ես կ՛երթամ,- կը գոչէ յիսնապետը:

***

Խորհրդային Միութեան մէջ մարդահամարի մը ընթացքին կը հարցնեն ճերմակ մազերով գիւղացիի մը.

– Քանի՞ տարեկան ես, ընկեր:

– Քսանեօթը,- կը պատասխանէ ան:

– Կ՛երեւի, թէ տարիքդ մոռցած ես,- կը յարեն մարդահամարի պաշտօնեաները:

– Բնա՛ւ երբեք,- կը պատասխանէ ծերունին: – Իրականութեան մէջ 72 տարեկան եմ, սակայն յեղափոխութենէն ասդին մեր ապրածին կեա՞նք կ՛ըսէք դուք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES