Կենցաղավարութիւն. Անախորժ Ձայներ, Անյարմար Ձեւեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ա.- Հազը

Ձմրան եղանակին շատ ընթացիկ երեւոյթ է հազը: Երբ կը հազանք, պէտք է մեր ձեռքը դնենք բերնին առջեւ, նախընտրաբար` թաշկինակով մը: Հազալու համար գլուխը կողմ շրջելու կարիք չկայ: Երկարատեւ, կրկնուող հազի պարագային, նախընտրելի է ներկաներէն ներողութիւն խնդրել եւ սենեակէն դուրս գալ` բաժակ մը ջուր խմելու եւ հանգստանալու համար:

Եթէ շարժապատկերի կամ թատրոնի սրահի մէջ ենք, փորձենք հազի ձայնը նուազագոյնի իջեցնել` բերնին առջեւ թաշկինակ մը դնելով: Շարունակուելու պարագային, անաղմուկ դուրս գանք սրահէն:

Բ.- Կոկորդը Մաքրել

Շատեր իրենց խցուած կոկորդն ու քիթը մաքրելու համար չեն վարանիր ուրիշներու ներկայութեան տեսակաւոր անախորժ ձայներ հանելու: Նոյնպէս ալ խնջելը ոմանց մօտ արարողութիւն է:

Խնջելը պէտք է ըլլայ կարելի եղածին չափ զուսպ ձայնով: Իսկ խնջելէ ետք թաշկինակը բանալու եւ մէջը նայելու երբեք կարիք չկայ. ասիկա շատ անյարմար եւ անախորժ է ներկաներուն համար:

Ինչ կը վերաբերի կոկորդ եւ քիթ մաքրելուն, թելադրելի է մեկնիլ սենեակէն եւ չխանգարել ներկաները:

 

Գ.- Փռնգտալ

Փռնգտալը կարելի չէ նախատեսել, իսկ ոմանց մօտ անիկա կրնայ տասնեակ մը անգամներ կրկնուիլ: Թելադրելի է կարելի եղածին չափ արագ թաշկինակով մը ծածկել քիթն ու բերանը եւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահել շուրջիններէն:

 

Դ.- Յօրանջել

Յօրանջելը յաճախ ձանձրոյթի նշան է, բայց նաեւ` անքնութեան: Յօրանջելը պէտք է աննկատ անցընել շրջապատը չվիրաւորելու համար: Կարելի է բերանը գոց եւ թեթեւակի գլուխը շեղելով յօրանջել եւ կամ ձեռքով ծածկել բերանը:

Նշենք, որ քիչ մը կամք գործադրելով` կարելի է զսպել զայն:

 

***

Հազալու, խնջելու, փռնգտալու թէ յօրանջելու ատեն մենք տեւաբար մեր ձեռքերն է, որ կը գործածենք: Իսկ մեր ձեռքերը միլիոնաւոր վարակիչ մանրէներով կը ծածկուին, ամէն անգամ որ զանոնք մեր բերնին կամ քիթին կը մօտեցնենք: Հետեւաբար պէտք է մնայուն ձեւով եւ յաճախակի լուանք զանոնք: Եթէ լուացուելու կարելիութիւն չկայ, առնուազն զանոնք մաքրենք հականեխուած թաց թաշկինակով կամ «ժել» օճառով:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Տանտիրուհիին մասին շատ բան կը պատմեն, անոր պնակներու սպունգը, սեղանի սփռոցը, աղբի դոյլը… Ասոնք խոհանոցի աղտոտ իրերն են, որոնք չմաքրուելու պարագային կրնան դառնալ մանրէներու տարածման հիմնական աղբիւր:

Կան տուներ, ուր թէ՛ երեխաները եւ թէ՛ մեծերը շատ յաճախ կը հիւանդանան մաքրութեան պակասի պատճառով, մինչդեռ քիչ մը բծախնդրութիւն եւ ժամանակ բաւարար են` կանխարգիլելու որոշ հիւանդութիւններ:

 

 

 

 

 

 

 

– Պնակի Սպունգը իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք պէտք է լուալ եւ ցամքեցնել եւ պարբերաբար հականեխել օ տը ժաւելով:

 

 

 

 

 

– Սեղանի Սփռոցը պէտք է լուալ իւրաքանչիւր ճաշէ ետք, եթէ անոր վրայ կերակուրի հետքեր եւ մնացորդներ կան: Թելադրելի է ունենալ առնուազն 2 սփռոց եւ փոխնիփոխ գործածել զանոնք:

Թէ՛ սպունգը եւ թէ՛ սեղանի սփռոցը պէտք է յաճախակի փոխել:

 

 

 

 

 

 

 

– Աղբի Դոյլը պէտք է միշտ կափարիչով փակ պահել եւ աղբը թափելէ ետք անպայման լուալ եւ չորցնել զայն:

Նոյնիսկ եթէ կերպընկալ տոպրակ զետեղած ենք անոր մէջ, դոյլին աղտոտիլը անխուսափելի է:

Աղբին դոյլը մաքրելու համար ունենալ յատուկ սպունգ եւ զայն չորցնել հին, անգործածելի շապիկով մը եւ ապա թափել զայն:

 

 

 

 

 

– Լուացուիլը անհրաժեշտ է ոչ միայն ուտելէ առաջ եւ վերջ, այլ նաեւ` ճաշ պատրաստելէ առաջ եւ արտաքնոց երթալէ ետք:

Տանտիկինը ծայր աստիճան բծախնդիր պէտք է ըլլայ, քանի որ մասնաւորաբար իրմէ կախեալ է ընտանիքին անդամներուն առողջութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

– Սեփական Մուճակները ճիշդ չէ հիւրերուն առաջարկել, մուճակներուն միջոցով սնկային հիւանդութիւններէ կարելի է վարակուիլ: Նախընտրելի է ունենալ հիւրերու յատուկ հողաթափեր:

 

 

 

 

 

– Բանջարեղէններն ու պտուղները պէտք է լուալ եւ հականեխել, նոյնպէս ալ` զանոնք մանրելու տախտակը:

Մանրելու տախտակը պէտք է յաճախակիօրէն հականեխել եւ թելադրելի է ունենալ երկու տախտակ, մէկը միսի, միւսը` բանջարեղէնի:

 

 

 

 

 

 

 

– Հեռախօսին Ընկալուչը, բջիջայինը, պատկերասփիւռին հեռավարը (ռիմոթ քոնթրոլ) ձեռքէ ձեռք անցնելով` տեսակաւոր մանրէներ կը փոխանցէ, ահա թէ ինչո՛ւ օրուան աւարտին պէտք է հականեխել զանոնք մանրէասպան սփրէյներով (օրինակ` տեթոլը): Ասիկա թելադրելի է յատկապէս ձմրան եղանակին, երբ հարբուխն ու հազը, ինչպէս նաեւ փռնգտալը անպակաս են մարդոց մօտ:

 

Այլազան

Ծննդաբերութեան Համար
Լաւագոյն
Երկիրը` Զուիցերիան

«Տի Իքոնոմիսթ» հրատարակութեան փորձագէտները կը նշեն, որ 2013 թուականին ծննդաբերութեան համար լաւագոյն երկիրը Զուիցերիան է:

Ծննդաբերութեան համար աւելի առողջ, անվտանգ եւ նպաստաւոր պայմաններ ապահովող պետութիւններու տասնեակին մէջ կ՛իյնան նաեւ` Աւստրալիան, Նորվեկիան, Շուէտը, Դանիան, Սինկափուրը, Նոր Զելանտան եւ Հոնկ Քոնկը:

Առաջին անգամ 1988 թուականին հրապարակուած վարկանիշը գլխաւորած Միացեալ Նահանգները այս անգամ յայտնուած են 16-րդ դիրքի վրայ, նոյնպէս ալ` Գերմանիան:

Ռուսիան ընդամէնը մէկ դիրքով առաջ է Սուրիայէն, իսկ Ազրպէյճանը կը գրաւէ 70-րդ դիրքը:

Կլկլակին Վտանգները

Անմեղ զուարճանք համարուած կլկլակը, որ լայն ընդունելութիւն գտած է նաեւ երիտասարդներուն մօտ, մասնագէտներու կարծիքով, ոչ նուազ նիքոթինային կապուածութիւն կը յառաջացնէ, որքան` սովորական ծխախոտը:

Բացի այս անպատեհութենէն, կլկլակը վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման կը նպաստէ:

Կլկլակ ծխողներու շրջապատին մէջ գտնուիլը չծխող մարդու համար հաւասար է կրաւորական ծխողի կարգավիճակին, որ նոյնպէս վնասակար է առողջութեան:

Բացի այս անպատեհութիւններէն, կլկլակին խոտը վառող ածուխը եւ անոր տարբերակները եւս կը վնասեն շնչառութեան եւ թոքերուն:

Իսկ ամէնէն կարեւորը` թոքերու քաղցկեղով հիւանդանալու հաւանականութիւնը թէ՛ ծխող եւ թէ՛ կլկլակ օգտագործող անձերուն մօտ գրեթէ հաւասար է:

Լացը Օգտակար Է Առողջութեան

Ամերիկացի գիտնականները յանգած են այն եզրակացութեան, թէ լացը օգտակար է առողջութեան` հոգեբանական եւ ֆիզիքական տեսանկիւնէն դիտուած:

Գիտնականները կը յայտնեն, թէ լացը կը բարձրացնէ մարդոց տրամադրութիւնը եւ մարմնի դիմադրականութիւնը եւ կը նուազեցնէ սթրեսի եւ կատաղութեան աստիճանը եւ սրտի կաթուածի հաւանականութիւնը:

Նոյն գիտնականներուն կարծիքով, արցունքները կը պարունակեն հորմոնի տեսակ մը, որ կը նուազեցնէ սթրեսը: Կիներու մօտ, յատկապէս յղութեան շրջանին, այդ հորմոնին տոկոսը աւելի բարձր է, քան տղամարդոցը: Հաւանաբար այդ պատճառով է, որ կիները շատ աւելի կու լան…

Լալու ժամանակ շնչառութիւնը աւելի խորունկ կ՛ըլլայ, բան մը, որ կը նուազեցնէ սթրեսի մակարդակը պարզապէս այն պատճառով, որ խոր շնչառութիւնը կը նուազեցնէ սթրեսի հորմոնին արտադրութիւնը:

Վնասակար Անուշահոտեր

«Թելեկրաֆ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, եւրոպացի գիտնականներ կոչ ուղղած են արգիլել «Շանել թիւ 5», ինչպէս նաեւ «Միս Տիոր» օծանելիքներու վաճառքը, քանի որ անոնց մէջ կան վնասակար բաղադրիչներ:

Եւրոպայի Միութեան խորհրդարանական կոմիտէն յայտնաբերած է 100 նիւթ, որոնք գերզգայնութիւն կը պատճառեն եւ այդ նիւթերուն մեծամասնութիւնը առկայ է անուշահոտերուն մէջ եւ անոնք կրնան վնասել քաղաքացիներու առողջութեան:

Բացի այս անուշահոտերէն, գիտնականներու սեւ ցանկին վրայ են նաեւ Կերլենի «Շալիմար»-ը, ինչպէս նաեւ «Էնճըլ» անուշահոտը:

 

Խոհագիր

Թապուլէի Տարբերակ

Բաղադրութիւն

– 100 կրամ ձաւար
– 3 լոլիկ
– 1 կանաչ պղպեղ
– 1 կարմիր պղպեղ
– Կէս կապ կանաչ սոխ
– 1 կապ ազատքեղ
– 3 ճաշի դգալ ձէթ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Աղ, պղպեղ

Պատրաստութիւն

2 լոլիկները, պղպեղները, կանաչ սոխն ու ազատքեղը շատ մանր մանրել:

Ձաւարը լուալ, քամոցէ անցընել եւ մէկ կողմ դնել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել լուացուած ձաւարը, աւելցնել մանրուած բանջարեղէնները, ապա` ձէթն ու կիտրոնի հիւթը: Համեմել աղով եւ պղպեղով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բաղադրութիւնը լեցնել ձեւաւոր, փոքրիկ, փոս ամանի մը մէջ, քիչ մը ճնշել եւ սառնարանը պահել շուրջ կէս ժամ:

Հրամցնելու ատեն շրջել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ, երրորդ լոլիկը կլոր շերտել եւ շարել ամանին մէկ ծայրը:

Բարի՛ ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աղէտ

Այս ինչ պատահեց հայոց աշխարհին
Ողբերգութիւն է համաշխարհային
Մի բուռ ազգ էինք, դարձել ենք կէս բուռ
Իսկ այդ կէս բուռն էլ արտասուք է լուռ:

Մենք այլոց տունը երբեք չենք քանդել,
Էլ ինչո՞ւ պիտի մեր տունը քանդուէր.
Մեր պաշտած հողը մեզ իր գիրկն առաւ
Մեր պաշտած քարը մեր գլխին ընկաւ:

Այո՛, կը յիշենք, նոյնիսկ կը գրենք,
Եթէ շատերս չխելագարուենք:
Բայց այս օրերին կայ լոկ մի՛ խորհուրդ`
Պիտի դիմանա՛ս, իմ հայ ժողովուրդ,
Դեռ պիտի յաղթես, ապրելո՛վ յաղթես.
Եւ նաեւ, նաեւ ծիծաղո՛վ յաղթես:

Մենք չմնացինք աշխարհում մենակ.
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ յենակ
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ թիկունք,
Շնորհակալ ենք` բոլորին յատուկ:
Մարդիկ զոհուեցին` ազնուութիւնը ո՛չ:
Սա՛ է պահելու ժողովուրդին ողջ:

Եւ ասա՛ Աստուած, եթէ խիղճ ունես,
Ի՞նչ ճակատագիր տուեցիր դու մեզ:
Մենք այսօր շատ ենք ցնցուած, բզկտուած,
Թող վերջին վիշտը լինի սա, Աստուա՛ծ:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES