Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պոլիս

Գոհաբանութեան Ընթրիք Եւ
Մեծարանքի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի վարչութեան, 9 նոյեմբերին  միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանութեան ընթրիք եւ մեծարանքի երեկոյ:

Բացման խօսքը արտասանեց գործադիր մարմինի խորհրդատու անդամ Թալին Սարաֆօղլու, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար:

Համադամ ուտելիքներու կողքին, ներկաները ստացան միութեան խորհրդանշանը կրող մէկական փորագրուած արոյրէ յուշանուէրներ` նուիրուած գործադիր մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլարի կողմէ: Տեղի ունեցաւ միութեան պատմութիւնը եւ անցնող տարիներու գործունէութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը` պատրաստուած  Սարգիս Սալկընիի կողմէ:

Գուրգէն Պերքշանլար խօսք առնելով` իր ուրախութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս ներկայ ըլլալուն համար ձեռնարկին եւ բացատրութիւն տուաւ միութեան գործօն անդամներու ծառայութեան տարիներուն համար զարդասեղ կամ վկայագիր շնորհելու սովորութեան ծագումին մասին: Ան շեշտեց, թէ միութեան հոգաբարձութեան եւ գործադիր մարմինի վարչականներուն կողմէ պէտք է գործադրուին հետեւեալ նպատակակէտերը.  Հայրենիքի բարգաւաճում, պոլսահայու ոգիով հայ մշակոյթի տարածում եւ զարգացում, սփիւռքի մէջ հայապահպանման համար աշխատանք տանելու յատկացում:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում:

 

Թեհրան

«Ակունք» Կեդրոնի
Ցուցահանդէս
–Վաճառքի Բացումը

Նոյեմբեր 28-ին Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող մարմնա-մտային խանգարումներով հայ երեխաներուն օժանդակող «Ակունք» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն կեդրոնի սաների ձեռային աշխատանքներու տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքի բացում:

«Ակունք» կեդրոնի սաներէն կազմուած երգչախումբը հնչեցուց քանի մը երգ, ապա Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդի օգնական Մակար վրդ. Աշգարեան փոխանցեց սրբազան հօր ողջոյնի ու գնահատանքի խօսքը:

 

Ատրպատական

Ղալասար Եւ Ախտախանա Գիւղերու
Եկեղեցիներուն
Մէջ Ժամերգութիւն
Կատարուեցաւ

Նոյեմբեր 23-ին Սալմաստի նախկին հայաշատ գիւղերէն Ղալասարի Ս. Սարգիս եկեղեցին այցելեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան` ընկերակցութեամբ փոքրաթիւ խումբով ուխտաւորներու, գլխաւորութեամբ Սալմաստի պատգամաւոր Ռուբէն Տէր Պօղոսեանի: Տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն:

Ղալասարէն ետք առաջնորդը ուղղուեցաւ նախկին հայաբնակ Ախտախանա գիւղը, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն:

Վերոյիշեալ երկու եկեղեցիներու պատերն ալ գանձախոյզներու աւերիչ ձեռքերուն պատճառով թուլցեր են` սիւներուն տակը փորուած ըլլալուն պատճառով: Նոյն նպատակով նաեւ իրենց տեղերէն շարժած են յատկապէս Ղալասարի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող թանկագին տապանաքարերը, որոնք բոլորն ալ նրբարուեստ քանդակներով փորագրուած են եւ ունին ընթեռնելի արձանագրութիւններ,  ազգագրական արժէքով:

 

Նոր Ջուղա

Նորակազմ Թատերախումբի Անուանակոչութիւնը
Եւ
Անոր Անդրանիկ Բեմադրութիւնը

 

 

Վերջերս, հովանաւորութեամբ Շահինշահրի հոգեւոր հովիւ Անանիա վրդ. Գուճանեանի,  տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի մշակութային միաւորի նորակազմ թատերախումբի անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վիոլեթ Յարութիւնեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ թատերական արուեստի դերակատարութեան` մարդկային կեանքի պատմութեան ընթացքին:

Ապա նորակազմ թատերախումբը շուրջ երեք ամիս աշխատանքէն ետք, դերուսոյց Ռազմիկ Մարկոսեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուց Շիրվանզադէի «Շարլաթան» կատակերգութիւնը:

Երեկոյի ընթացքին Անանիա  վրդ. Գուճանեանի ձեռամբ թատերախումբը մկրտուեցաւ «Յակոբ Պարոնեան» անուամբ: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց, որ երիտասարդ եւ հաւատարիմ ուժեր կը ծաղկեցնեն եւ կ՛արժեւորեն հայ մշակոյթը:

Յայտնենք, որ սոյն  բեմադրութիւնը ներկայացուեցաւ նաեւ Նոր Ջուղայի մէջ, որուն ընթացքին եւս հայրական ոգեշունչ խօսքով հանդէս եկաւ հայր սուրբը:

 

Յունաստան

Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին
Եկեղեցւոյ
109-Ամեակի Նշում

Աւանդութեան համաձայն, 24 եւ 25 նոյեմբերին Թեսաղոնիկէի մէջ մեծ շուքով տoնուեցաւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ ուխտի օրը եւ հիմնադրութեան 109-ամեակը:

Նոյեմբեր 24-ին կատարուեցաւ ժամերգութիւն,  իսկ երեկոյեան Տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք,  որուն ընթացքին կարդացուեցաւ թաղական խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Խօսք առին նաեւ թաղականութեան ատենապետը եւ թեմի առաջնորդը:

Նոյեմբեր 25-ին մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ տարիներու գոյատեւման, յորդորեց ներկայ հայ ժողովուրդը արթուն պաշտպանը ըլլալ հոգեւոր եւ ազգային  արժէքներուն: Ան նաեւ նշեց, որ  յառաջիկայ տարի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 110-ամեակը ըլլալով` որոշ անակնկալներ եւ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին:

Մատաղի օրհնութեան ընթացքին տարիներու ծառայութիւն ունեցող եկեղեցւոյ դպիրներ`  Ռուբէն Գասպարեանի, Թոնի Գասեմեանի եւ Վահրատ Թեքօղլուի ուրարի տուչութիւն կատարուեցաւ:

 

Գերմանիա

Գերմանիոյ Հայոց Ստորագրահաւաքը

Գերմանական Հալլէ քաղաքի հայ համայնքը ստորագրահաւաքի մը նախաձեռնած է` ընդդէմ քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնաժողովի որոշումին:

Արդարեւ, Հալլէի քաղաքապետուհի Տակմար Շապատոս նախապէս իր համաձայնութիւնը տուած էր հայ համայնքին` քաղաքին մէջ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին խաչքար մը զետեղելու վերաբերեալ:

Խաչքարին բացումը պիտի կատարուի Եղեռնի 100-ամեակին` 2015-ին: Անոր ձեւանմուշին վրայ ի սկզբանէ գրուած էր «Ցեղասպանութիւն» բառը: Սակայն Հալլէի քաղաքապետարանին մշակոյթի յանձնաժողովը առաջարկած է զայն փոխարինել «ջարդեր եւ տեղահանութիւն» բառերով` մատնացոյց ընելով Գերմանիոյ խորհրդարանի` 2005-ին այդ հարցին վերաբերեալ ընդունած բանաձեւը: Հալլէի հայերը, իրենց կարգին, կը պնդեն, որ խաչքարին վրայ «ցեղասպանութիւն» բառին առկայութիւնը ոչ մէկ իրաւական պարտաւորութիւն կ՛ենթադրէ քաղաքի ղեկավարութեան եւ կամ առաւել եւս մշակութային յանձնաժողովին համար: Գերմանահայոց այս ստորագրահաւաքին կարելի է մասնակցիլ http://www.aga-online.org/alert/detail.php?locale=de&alertId=5 ելեկտրոնային հասցէին մէջ արձանագրելով ձեր անունը եւ ելեկտրոնային հասցէն:

 

Ֆրանսա

Սեւրի Մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան
Յուշահամալիր

Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր մը պիտի հաստատուի Սեւրի մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող Սամուէլ Մուրատ վարժարանի շէնքերուն մէջ: Ծրագիրը, որ կ՛իրագործուի «Սեւր 2015» ընկերակցութեան կողմէ, պիտի պարփակէ թանգարան մը,  հետազօտական եւ դասախօսական կեդրոն մը: «Սեւր 2015» ընկերակցութեան նախագահ Ժիրայր Կէրկէրեան յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան կեդրոնական հարցէն անդին, որ հայերու Ֆրանսա հաստատուելուն ծննդեան վկայագիրն է, մեր ծրագիրի նպատակն է մայր քաղաքին մէջ հիմնարկի վերածել հայկական ներկայութիւնը եւ փորձառութիւնը, աւելցնելով, որ էապէս քաղաքացիական ծրագիր մըն է այս մէկը,  ուժականութեան տէր, գիտական, դէպի ապագան յարող, որ պարզ թանգարանային եւ յուշագրային շրջափակէն անդին կ՛անցնի:

Յուշահամալիրին շուրջ հետազօտական կեդրոնը պիտի քննարկէ եւ արտադրէ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ միաժամանակ այլ երեւոյթներու քննարկումներ պիտի իրագործէ, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային նիւթեր, որոնք առնչուած են ֆրանսահայերու հարիւրամեայ գոյութեան ու անոնց քաղաքացիական յանձնառութեան:

Ծրագիրին սկիզբ պիտի տրուի անկախ հիմնադրամի մը հաստատումով, որ պիտի օգտուի եկամուտէն միաբանութեան անշարժ գոյքերուն, որոնք իտէալական դիրք ունին,  տեղակայուած` Փարիզի մօտ եւ շրջապատուած հայահոծ համայնքներով: Համալիրին բացումը նախատեսուած է 2015-ին` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

 

Լոնտոն

Հայկական Ձեռագիր Եւ Տպագիր Գիրքերու
Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, 22 նոյեմբերին Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ  այդ գրադարանին մէջ պահուող հայկական ձեռագիր ու տպագիր գիրքերու ցուցահանդէս` նուիրուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին, հայ-բրիտանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20-ամեակին եւ Երեւանի` որպէս գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքի հռչակման: Հայկական ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու նմուշները  ներկայացուած էին Բրիտանական գրադարանի «Գանձատուն» սրահին մէջ:

Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Բրիտանական թանգարանի գիտական եւ հաւաքածոներու հարցերով տնօրէն Քերոլայն Պրազիէր: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու պալատի անդամ, Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մարզական հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, Բրիտանա-հայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ճոն Ուիթինկտէյլ:

Աւարտին երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Կարինէ Ղազինեան: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայ գիրքի եւ հայկական տպագրութեան պատմութիւնը:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 31 յունուար 2013:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Անի» Պարախումբին Ելոյթը

Նոյեմբեր 10-ին «Վեթերան մեմորեալ օտիթորիում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին ելոյթը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պօղոս Հանտեան: Ապա 30 հոգինոց պարախումբը  ղեկավարութեամբ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, իսկ Եղիա Հաշօլեան  ներկայացուց ժողովրդական պարերու փունջ մը:

Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասի. առաջին բաժինը սկսաւ ժողովրդական «Հոյ նազան» պարով եւ վերջացաւ Արա Գէորգեանի «Անլռելի զանգակատուն»-ով, իսկ երկրորդը սկսաւ Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ով եւ վերջ գտաւ Արամ Խաչատրեանի «Երեւան»-ով:

Հիւրասիրութիւն Ի Պատիւ Արցախի Թեմի 
Առաջնորդին
Ու Ազգ. Ժողովի Նախագահին

«Հայաստան» համահայկական  հիմնադրամի  աւանդական թելեթոնին առիթով  Լոս Անճելըս  իրենց այցելութեան ընթացքին, Արցախի թեմի  առաջնորդ Պարգեւ արք.  Մարտիրոսեան եւ  Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան  պաշտօնական այցելութիւններ տուին շրջանի  ազգային հաստատութիւններուն ու կազմակերպութեանց:

Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ  Միացեալ  Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն 21  նոյեմբերին կազմակերպեց պաշտօնական  հիւրասիրութիւն մը, որուն հրաւիրուած էին  շրջանի ազգային հաստատութիւններն ու  միութիւնները:

Մրցանակակիր «Ուղեւորութիւն Դէպի
Ամասիա
» Ժապաւէնը` «Արփա» Փառատօնին

Նոյեմբեր 18-ին «Ուղեւորութիւն դէպի Ամասիա» վաւերագրական ժապաւէնը արժանացաւ Վըրճինիա նահանգի Ալեքսանտրիա քաղաքի շարժապատկերի փառատօնի դատակազմի յատուկ մրցանակին: Ժապաւէնին բեմադրիչներն են Ռենտի Պել ու Էրիք Խաչիկեան:

Ժապաւէնը, որ ցուցադրուած է նաեւ Թորոնթոյի «Նուռ 2012», ինչպէս նաեւ Ֆիլատելֆիոյ եւ Սէյնթ Լուիսի փառատօներուն, 1 դեկտեմբերին  ցուցադրուեցաւ «Արփա» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին,  «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ: Ժապաւէնը կը վաւերագրէ Էրիք Խաչիկեանի` իր նախնիներու ծննդավայր Ամասիա կատարած այցելութիւնը:

Արցախի Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի
Լոս
Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի Նիստին

ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այցելող Արցախի պատուիրակութիւնը չորեքշաբթի, նոյեմբեր 21-ին այցելած է Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդ, ուր նախատեսուած էր պատուիրակութեան մասնակցութիւնը խորհուրդի նիստին:

Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան իր գործընկերներուն ներկայացուցած է պատուիրակութիւնը, ապա պատուիրակութեան ղեկավարը` ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով: Քաղաքային խորհուրդի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով Արցախի հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար` Ղուլեան յոյս յայտնած է, որ այդ դիրքորոշումը կ՛ըլլայ շարունակական:

Ողջունելով պատուիրակութիւնը` խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի յիշեցուցած է երկու տարի առաջ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի այցելութեան առիթով, քաղաքային խորհուրդին ընդունած բանաձեւը, որով շեշտուած է ազատ, անկախ ու ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւնը: Ան կոչ ըրած է Քալիֆորնիոյ իշխանութիւններուն, որ շարունակեն պաշտպանել Արցախի անկախութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Արմինէ Ալեքսանեան:

Օրուան երկրորդ կիսուն ԼՂՀ պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ, ուր հաւաքուած էին կառոյցին ուղեկցող բոլոր կազմակերպութիւններու եւ համայնքային նշանակութեան հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Ներկաներուն առջեւ ելոյթ ունեցած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ղուլեան եւ առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան` կոչ ընելով աշխուժ կերպով մասնակցելու համազգային հանգանակութեան, որ կը նպաստէ Արցախի եւ սփիւռքի հրատապ հարցերու լուծման:

 

Քանատա

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը
Արտաքին Գործոց Նախարար Ճոն Պէյրտի Հետ

Վերջերս, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն- խորհուրդի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Օթթաուայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան,  Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ առկայ տագնապի հարցն ու Հայաստանի շրջափակման խնդիրը: Նախարարին փոխանցուեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան կողմէ վաւերացուած 2012-ին վաւերացուած այն բանաձեւի բնօրինակը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց հարցին մասին:

Աւարտին, նախարար Պէյրտի յանձնուեցաւ «Հայկական պատմական յուշարձաններու կացութիւնը Ազրպէյճանի եւ Արցախի մէջ» անգլիատառ գիրքը, որ հրատարակուած է Հայկական ճարտարապետական հետազօտական հիմնարկին կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES