Մազ Եւ Մազի Յատկութիւններ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մեր բոլորին մարմինները անխտիր ծածկուած են մազերով:

Մարմնին ամբողջ մակերեսը ծածկուած է մազով, ի բացառեալ` շրթունքները, ներբանները, ափերը, ականջներուն ետեւի բաժինը, պորտը եւ արտաքին սեռական օրկաններու որոշ բաժինները:

Մազը կազմուած է երկու բաժիններէ`

1.- Մազապարկիկ
2.- Մազի ցօղուն

Մազապարկիկը, այլ խօսքով` մազին արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւին` ենթամորթին մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Անիկա կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները, որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը, որոնց արտադրած ճարպը կ՛իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները: Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ կ՛որդեգրեն ուղղահայեաց դիրք` թելամկաններուն պրկումով: Մազի պարկիկներուն մէջ կ՛արտադրուին մազին գունաւորում տուող նիւթի` մելանինի երկու տարբերակները, որոնք մազին կու տան տարբեր գունաւորումի երանգներ: Մազին ճերմակ եւ կամ  մոխրագոյն ըլլալը հետեւանքն է մելանինի չգոյութեան:

Մազի ցօղունին մէկ մասը կը գտնուի մորթին մէջ: Իսկ մնացեալ մասը կը ցցուի մորթի մակերեսէն դուրս: Մազին ցօղունը մազին անկենդան բաժինն է: Ցօղունը կազմուած է երկու խաւերէ եւ ներքին խողովականման պարապութենէ: Ցօղունին արտաքին խաւը կը պարունակէ քանի մը բարակ բջիջներ. իսկ ներքին` երկրորդ խաւը կը պարունակէ եղջերանիւթ եւ մելանին: Եղջերանիւթը մազին կու տայ զօրութիւն եւ կարծրութիւն. իսկ մելանինը կը գունաւորէ մազը:

Մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ «մազի ցօղուն» -ին փոխարէն` կը գործածենք ընդհանրապէս «մազ» բառը:

Մարմնին մազերը երկու տեսակ են`

1.- Բնածին-ընդոծին մազ
2.- Այրածին-արական մազ

1.- Բնածին մազ.

Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, որոնք յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմնին մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմնին բոլոր աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերը, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին` կ՛աճին, կ՛երկարին եւ մարդուն կու տան յատուկ ձեւաւորում եւ անհատականութիւն:

2.- Այրածին մազեր.

Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէ ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ: Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ կ՛ունենան, քան` աղջիկները, եւ այս պատճառով մանչեր շատ աւելի արական մազեր կ՛ունենան, քան աղջիկները: Աղջիկներու մօտ արբունքի շրջանին կը յայտնուին արական մազերը ցայլքի եւ անութներու վրայ, ինչպէս նաեւ` արտաքին սեռական օրկաններու շուրջը: Իսկ տղոց մօտ անոնք կը յատնուին կրծքավանդակի, անութներու, փորի, սրունքներու, թեւերու եւ դէմքի վրայ, ինչպէս նաեւ` արտաքին սեռական օրկաններու շուրջը: Արբունքի առաջին ազդանշանը ցայլքի մազերու յայտնաբերումն է: Արական ներազդակ testosterone-ի քանակն է, որ կ՛որոշէ այս բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ներազդակը անհատին ծինային կազմաւորումով կ՛որոշէ նաեւ մազին զօրութիւնը, խտութիւնը, գոյնը եւ ձեւը:

Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ` ոտքերու, արմուկներու, կուրծքի եւ կռնակի վրայ:

Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն կ՛երկարի եւ կ՛աճի մօտաւորապէս մէկ սմ:

Արբունքէ առաջ եւ ետք գլխու մազերը կ՛աճին հանգրուանային զարգացման ժամանակաշրջանով մը, որ կը տեւէ 2-3 տարի: Գլխու մազերուն 90 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ կենդանի եւ առողջ ու կ՛երկարի որոշ չափով: Իսկ անոնց 10 առ հարիւրը կը մնայ հանգիստ վիճակի մէջ 3-4 ամիսներ եւ ապա անոնք կը լքեն իրենց արմատները, կ՛իյնան ու կ՛անհետանան: Սակայն այս թափած ցօղուններու մազապարկիկներէն  կ՛աճին նոր մազեր, որոնք կը յայտնուին գլխու մակերեսին վրայ: Առատ գլխու մազ ունեցողներ օրական կը կորսնցնեն 50-100 մազ, սակայն այս կորուստին հետ զուգահեռ, տեղի կ՛ունենայ նոյնքան նոր մազի կազմաւորում` մազի պարկիկներուն մէջ:

Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր կամ շիտակ` համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին:

Մեր մարմնի մազերը ունին կարեւոր դերակատարութիւններ.

1.- Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն:

2.- Մարմնի մազերը կ՛օգնեն մարմնի ջերմականոնաւորման աշխատանքին: Անոնք մորթին կու տան ջերմութիւն: Ցուրտ եղանակին մարմնի ջերմութեան նուազումով մորթի թելամկանները կը պրկուին եւ մազի ցօղունները կը պահեն տնկուկ-ուղղաձիգ վիճակի մէջ, այս մէկը կը կասեցնէ մորթին ջերմատուութիւնը-կորուստը:

3.- Մարմնին մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը` արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար` անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն։

4.- Յօնքերը եւ թարթիչները արգելք կը հանդիսանան օտար մարմիններու, անձրեւի կաթիլներուն եւ քրտինքի մուտքին աչքերէ ներս:

Ի՞նչ է հերաթափութիւնը:

Հերաթափութիւն ըսելով` կը հասկնանք մազերու կորուստ: Գլխու հերաթափութիւնը կը յառաջացնէ ճաղատութիւն: Անիկա կը յառաջանայ, երբ մազերու կորուստը կը գերազանցէ նոր մազերու կազմաւորումը:

Ժողովուրդը ընդհանրապէս հերաթափութիւն ըսելով` կը հասկնայ գլխու մազերու հերաթափութիւն:

Հերաթափութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով`

1.- Տեղայնական հերաթափութիւն:
2.- Համայնական հերաթափութիւն:

1.- Տեղայնական հերաթափութիւնը կը պատահի մարմնի որոշ մէկ բաժնի մազերուն մէջ, մասնաւորապէս` գլխու մազերու, մօրուքի, յօնքերու եւ թարթիչներու մէջ: Ան կը յայտնուի կլորաձեւ եւ պզտիկ անմազ մորթի տարածութեամբ մը: Տեղայնական հերաթափութեան պատճառը յստակ չէ. սակայն անիկա կը նկատուի ինքնադիմադրողական հիւանդութիւն մը: Թափած մազերուն տեղ ինքնաբերաբար նորեր կը յայտնուին որոշ շրջան մը ետք: Դարմանումի համար կը գործածուի տեղայնական քորթիզոնի օծաններ եւ կամ ներմորթային ներարկումներ:

Գլխու հերաթափութիւնը տեղի կ՛ունենայ հիմնական եւ երկրորդական զանազան պատճառներով:

Հիմնական պատճառներն են.

1.- Ժառանգականութիւն եւ ծինային կազմաւորում.

Հերաթափութեան մեծ տոկոսը կը պատահի համաձայն անհատին ծինային կազմաւորման եւ ժառանգականութեան հիմունքներուն: Ճաղատ հայրեր մեծ հաւանականութիւնը ունին տեսնելու ճաղատ մանչ զաւակներ եւ թոռնիկներ:

2.- Հոգեկան եւ ֆիզիքական ճնշուածութիւն.

Շատ մը անհատներ անակնկալօրէն կը կորսնցնեն մեծ քանակութեամբ գլխու մազ` հոգեկան վերիվայրումներէ եւ մարմնական-ֆիզիքական ճնշուածութենէ ետք, որոնք կը պատահին մասնաւորապէս հետեւեալ պարագաներուն. որոշ հիւանդութիւն մը, վիրաբուժական գործողութիւն մը, մարմնական բարձր ջերմ, անակնկալ ծանրութեան կորուստ, խիստ ծոմապահութիւն եւ հիմնական կենսանիւթերու անբաւարարութիւն:

3.- Գերվահանագեղձութիւն եւ ենթավահանագեղձութիւն: Հերաթափութիւնը կը սկսի այս հիւանդութիւններուն ընթացքին կամ վերջ:

4.- Իգական ներազդակի եւ արական ներազդակի քանակական  փոփոխութիւններ եւ խանգարումներ, որոնք կը պատահին յղութեան, ծննդաբերութեան, դաշտանադադարի  եւ  արբունքի շրջանին:

5.- Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ`  հակալերդացուցիչ, յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout դեղեր:

6.- Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորբոքումներ, որոնց կ՛ուղեկցի նաեւ բարձր ջերմ:

7.- Գլխու սնկային բորբոքումներ:

8.- Շաքարախտ:

9.- Քաղցկեղի քիմիադարմանում:

10.- Քաղցկեղի Ք ճառագայթային դարմանում:

11.- Վատ սննդառութիւն եւ բնասպիտի ու երկաթի անբաւարարութիւն:

Գլխու հերաթափութեան երկրորդական պատճառներն են`

1.- Մազի գունաւորման համար գործածուած ներկեր եւ քիմիական նիւթեր:

2.- Մազայարդարումի համար գործածուած քիմիական նիւթեր եւ ելեկտրական գործիքներ.

3.- Մազայարդարումի ընթացքին կոշտութեամբ մազերը արդուկել-քաշել:

Վերոյիշեալ երեք պատճառները հետեւանք են  ապրելակերպի:

4.- Շարունակ մազ քաշելու եւ փետելու յոռի սովորութիւն:

Կարելի՞ է կանխարգիլել հերաթափութիւնը:

Այո՛, մասամբ մը: Ժառանգական-ծինային պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնը դարմանելի չէ: Իսկ մնացեալ պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնները կանխարգելի են:

Մոնրէալ

 

Share this Article
CATEGORIES