Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Արժանավայել Նշում Լիբանանի Անկախութեան Տօնին

Մարդ անհատին ընձեռուած անկախութիւնը ենթակային, կը շնորհէ հոգեկան անդորրութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Իսկ հաւաքականութեան պարագային, երկնակամարի տակ ապրող ժողովուրդի մը տրուած խաղաղութիւնը հիմնականին մէջ կու տայ պատկանելիութեան գիտակցութիւն եւ որպէս անհատ ինքզինք փաստելու բացարձակ իրականութիւն: Ի զուր չէ, որ ժողովուրդներ պատերազմ կը մղեն անկախութիւն ձեռք ձգելու առումով, երբեմն նոյնիսկ ի գին մեծ զոհողութիւններու` իրենց կեանքին: Հիմնականին մէջ անկախութիւնը ժողովուրդի մը ապահով միջավայր, կեանքի համեմատաբար խաղաղ պայմաններ տրամադրել է` շնորհիւ երկրին իշխանութիւնը ստանձնած գիտակից ղեկավարներուն: Այս առումով Լիբանան 1943-ին, երբ ձերբազատեցաւ նախ օսմանեան, ապա ֆրանսական տիրապետութիւններէն, փաստօրէն ունեցաւ իր խորհրդանիշները` դրօշակը, քայլերգը, նախագահը, եւ մինչեւ այսօր, ի գին մեծ զոհողութիւններու, կը շարունակէ կանգուն մնալ Միջին Արեւելքի մէջ որպէս քրիստոնեայ պետութիւն:

Լիբանանի անկախութեան տօնին նշումը վարժարաններէն ներս նոր սերունդին մտածել կու տայ, թէ առանց հաւատքի, առանց զոհողութեան կարելի չէ հասնիլ անկախութեան: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ տօնեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Վարժարանին շրջափակը զարդարուած էր լիբանանեան դրօշակներով եւ լիբանանեան բանակի զինանշաններով: Սրահին բեմը զարդարուած էր լիբանանեան դրօշներով պատրաստուած մեծադիր մայրիի ծառով մը:

Ունկնդրելէ ետք Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, բացման խօսքով հանդէս եկաւ վեցերորդ դասարանի աշակերտ Ռեւ Դարբինեան, որ նշեց, թէ իւրաքանչիւր տօն իր ուրախութիւնը ունի, սակայն անկախութեան տօնը կը զատորոշուի այլ տօներէ, որովհետեւ քաղաքացիական գիտակցութեան զգացումը կ՛արթնցնէ` յիշեցնելով տուեալ երկրին դարաւոր պատմութիւնը: Ան ըսաւ, թէ հայրենիքի պահպանումը ապահով երաշխիք է իւրաքանչիւր հայորդիի, իսկ հայրենիքի մը ապագան իր հայրենակիցներուն ձեռքով կը կերտուի:

Գեղարուեստական յայտագրին մէջ նախակրթարանի իւրաքանչիւր դասարան ներկայացուց հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով բանաստեղծութիւններ, որոնց ընթացքին գովերգուեցաւ Լիբանանը` որպէս հայրենիք եւ արժէք: Ուշագրաւ էր առաջին դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցած «Լիբանանը իմ հայրենիքս է» անգլերէն խմբերգը:

Օրուան հուսկ բանքը փոխանցեց «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու բաժնի խմբագիր Արշօ Պալեան: Ան շատ հաղորդական ձեւով ներկայացուց տօնին խորհուրդը: Ա. Պալեան նախ խօսեցաւ անկախութեան խորհրդանիշներուն մասին, ապա անդրադարձաւ անկախութիւնը պահելու եւ անոր արժէքը գիտնալու հրամայականին: Ան շեշտեց լիբանանեան բանակին անյետաձգելի դերը` երկրին սահմանները պահպանելու եւ անդորրութիւն հաստատելու շատ կարեւոր առաքելութեան մէջ:

Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` գիտնալու հայրենիքին արժէքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց գեղարուեստական յայտագրին աշակերտութեան աշխուժ մասնակցութեան համար:

Յայտագրին վերջաւորութեան Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի, ներկայացուց «Մանուկներ ենք Լիբանանի»,  «Խաղաղութիւն» եւ «Պէյրութ» խմբերգները, որոնք երկար ծափահարութեամբ գնահատուեցան բոլորին կողմէ:

Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը իր անջնջելի դրոշմը ձգեց Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտութեան յիշողութեան մէջ:

Կ. Ա.

Share this Article
CATEGORIES