Մեծարանքի Հանդիսութիւն Ի Պատիւ Ուսուցիչներու Երկարամեայ Վաստակին

Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակի յոբելենական տարեշրջանի ծիրին մէջ ուսուցիչներու վաստակը եւ նուիրումը գնահատելը համարեա առաջնահերթութիւն մըն է վարժարանիս տնօրէնութեան մօտ, քաջ գիտակցելով, թէ սերունդներու դաստիարակութեան ընդմէջէն է, որ ապագայ տիպար երիտասարդը պիտի ուրուագծուի, կոփուած` վսեմ արժանիքներով: Դաստիարակը իր լիիրաւ դերակատարութեամբ հայ երիտասարդին հայեցի ազգային քրիստոնէաշունչ գիտելիքներ ջամբելով պիտի յաջողի կերտել օրինակելի մարդը:

Այս տեսլականով տոգորուած` վարժարանիս տնօրէնութիւնը եւ 90-ամեակի յանձնախումբը  չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերի երեկոյեան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի հանդիսասրահին մէջ կազմակերպեցին մեծարանքի հանդիսութիւն մը` հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, հիւրերու շարքին էին նաեւ Ֆանարի քաղաքապետը, կղերականներ, քոյրեր, մամլոյ եւ կրթական  հաստատութիւններու ականաւոր դէմքեր, ծնողներ եւ վարժարանիս բարեկամներու  հոծ բազմութիւն մը:

Պատուահանդէսը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որուն յաջորդեցին, Գիւմրիի «Պօղոսեան» կրթահամալիրի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին մեկնաբանութեամբ, «Հայր Մեր»-ը, ապա «Սուրբ-Սուրբ» շարականները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տեսչական մարմնի պատասխանատուներէն Կարպիս Գապասագալեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց, թէ` «Մեր կեանքին մէջ կան շարժառիթներ, որոնք յաճախակի չեն կրկնուիր, անոնք ունին իրենց իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու արժէքը: Եւ որպէս այդպիսին ու ոսկետառ արձանագրութեան արժանի` այս տարի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանի 90-ամեայ պանծալի գոյութեան առիթով տնօրէնութիւնը իր յոբելենական հանդիսութեանց բացումը կը մասնաւորէ վաստակի հանդիսութեամբ մը` գնահատելու եւ արժեւորելու համար իր երկարամեայ եւ վաստակաշատ ուսուցիչները…»:

Արաբերէն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս նախկին ուսանողներէն տոքթ. Համբիկ Քուրիէ, որ իր կարգին կարեւոր նկատեց Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքին մաս կազմող վաստակաշատ ուսուցիչներուն ամբողջանուէր վերաբերմունքը եւ յատկապէս անոնց ձգած դրոշմը` իւրաքանչիւր աշակերտի հոգիին ու կեանքին վրայ:

Գեղարուեստական բաժինով «Տիրամայր Հայաստանի» խումբը, Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ, ներկայացուց դասական գեղեցիկ պար մը: Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեգիա»-ն ներկայացուցին դաշնամուրի եւ ջութակի վրայ` Ժան-Փիեռ Աստիկեան եւ  Ռիթա Աստիկեան:

Ալլա Սողոյեանի հեզաճկուն մենապարին յաջորդեց, տասներորդ դասարանի աշակերտուհի  Սապին Շաթոյեանի  կատարողութեամբ, Դանիէլ Վարուժանի ասմունքը:

«Հայաստան» երգի մեղեդիին վրայ, եռանդուն քայլերով «Տիրամայր Հայաստանի» խումբին աղջիկները գեղեցիկ շուրջպար մը պարեցին:

Յայտագրին սպասուած պահը հասած էր արդէն, երբ Սիպիլա Փաչանեան բեմ հրաւիրեց հոգեւոր տէրը եւ տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը` տասնվեց վաստակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն յանձնելու պատուանշանները:

Պատուանշաններու տուչութենէն ու յիշատակի լուսանկար մը առնուելէ ետք, վարժարանիս տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեան, ողջունելէ ետք ներկայ հիւրերը, ըսաւ. «Հայ մարդը դարեր  շարունակ անհուն մեծարանքով գնահատած է մանկավարժի ասպարէզը. ուսուցիչին վերապահած ու վստահած է սերունդներու հոգեմտաւոր կրթութեան եւ լիարժէք քաղաքացիի դաստիարակութեան դժուարին առաքելութիւնը: Ազգ մը իր մտաւորական հանճարներու մարդուժով կարող է տիեզերական նուաճումներ արձանագրել…»: Ան շարունակեց.  «Կը հաւատանք, որ ուսուցչութիւնը որպէս կոչում` Աստուծոյ կողմէն շնորհուած մեծագոյն պարգեւն է այն անձին, որ իր իմաստասիրութեամբ եւ իր բարոյախօսութեամբ յառաջադէմ սերունդներ կը դաստիարակէ ի սպաս ազգին, մարդկութեան… Սփիւռքահայութեան պատմութեան մէջ, մայրիներու ասպնջական այս գեղեցիկ երկրին տարածքին 90 տարիներէ ի վեր Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի իրերայաջորդ  քաջարի  քոյրերը աննկուն կամքով, անբասիր հաւատքով գիտցան պահել իրենց առաքելութեան ճշմարիտ ոգին եւ ուղին: Մնացին անխախտ` լիբանանահայ սերունդներուն  հայակերտումի եւ մարդակերտումի իրենց վսեմ կոչման մէջ…»:

Անդրադառնալով մայր հայրենիքէն ժամանած Գիւմրիի «Պօղոսեան» կրթահամալիրի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին մասնակցութիւնը այս մեծարանքի հանդիսութեան եւ շնորհակալութեան եւ երախտապարտութեան խօսք ուղղելով` տնօրէնուհին շարունակեց իր խօսքը. «Բարձրօրէն կը գնահատենք վաստակաշատ մայեսթրօ Ռոբերտ Մլքէեանը. շնորհիւ իր գեղարուեստական բարձրորակ ղեկավարութեան` շնորհալի այս երգչախումբը ամէնուրեք եզակի յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ»: Յատուկ անդրադառնալով «Պօղոսեան» կրթահամալիրի  տնօրէնուհի քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի վաստակին` ըսաւ. «Անհուն գնահատականի խօսքս կ՛ուղղեմ յատկապէս միաբանակից քրոջս` քոյր Արուսեակ Սաճոնեանին, որ մայր հայրենիքի մէջ դժուարին պայմաններու մէջ ստեղծած է բարգաւաճ կրթահամալիր մը` շնորհիւ մեծանձն բարերարներու առատասիրտ օգնութիւններուն, բայց մանաւանդ` իր պողպատեայ կամքին եւ անվերապահ հաւատքին»:

Ապա ան իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց պարգեւատրեալ ուսուցիչներուն` անոնց մաղթելով անխափան առաքելութիւն եւ անսասան կոչում:

Տնօրէնուհիին ֆրանսերէնով արտասանած հակիրճ խօսքին յաջորդեց պարգեւատրեալ ուսուցիչներէն Զապէլ Ֆերմանեանի երախտագիտութեան խօսքը, որուն ընդմէջէն ան շեշտեց կարեւորութիւնը Հռիփսիմեանց քոյրերու բարձր ու անգերազանցելի հովանիին ներքեւ նուիրուելու  առաքելութիւնը: Զ. Ֆերմանեան ըսաւ. «Հոգեհարազատ օրրանին մէջ պատիւը ունինք մեր կողքին ունենալու հոգածու, աննկուն ու անսասան պատնէշ մը` յանձին քոյր Արմինէ Մակարոսեանին, որ այլազան ու զանազան դժուարութիւնները յաղթահարելու պայքարին զուգահեռ, ձեռնարկած է պարգեւատրումի այս իւրայատուկ հանդիսութեան, այսօր, քոյր, մեզի կը շնորհէք անմոռանալի պահ մը, որ կը ջնջէ տարիներու մեր ֆիզիքական յոգնութիւնը եւ մեզ կը զինէ նոր լոյսով ու հաւատքով `շարունակելու մեր ասպարէզը»:

Ուսուցիչներուն կողմէ ֆրանսերէնով շնորհակալութեան խօսքը արտասանեց Վանի Պանտիքեան, որ իր կարգին երախտագիտութեան եւ խոր յուզումի զգացումներով կլանուած իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, ան ըսաւ. «Երբ ուսուցիչները դասերու ծրագիրները կը պատրաստեն, կը բացատրեն ու շունչ կը սպառեն, երբեք փոխարէնը շնորհակալութիւն չեն ակնկալեր, սակայն երբ ծնողք կամ աշակերտ  շնորհակալութիւն յայտնեն, զարմանալիօրէն մեծ հաճոյք կը պատճառեն անոր: Այսօր մեր սիրելի քոյրերուն կողմէ այս մեծարանքի հանդիսութեան նախաձեռնութիւնը մեր սրտերը կը ջերմացնէ: Քոյրեր, որոնք Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի իննսունամեայ առաքելութեան ընթացքին, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, յարատեւօրէն կը շարունակեն իրենց անձնուիրումը: Յատուկ շնորհակալութիւն`  աշակերտներուն, որոնց յիշատակը միշտ վառ կը մնայ»:

Մեծարանքի հանդիսութեան վերջին մասով «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը կրկին բեմ բարձրանալով` հանդիսականներուն ներկայացուց փունջ մը սիրուած երգեր, որոնք օրուան յուզիչ տրամադրութիւններուն յաւելեալ պայծառացում եւ երանգաւորում շնորհեցին:

Ծաղկեփունջերու տուչութեան յաջորդեց հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնը եւ Տէրունական աղօթքէն ետք ներկաները ուղղուեցան վարժարանիս դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընդունուեցան շնորհաւորութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES