Կը Հաւատա՞ս Ճակատագրի Գոյութեան

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հետզհետէ սկսած է ստուարանալ ու բազմանալ թիւը այն «հաւատուրաց» ու ցնորախօս մարդոց, որոնք Աստուծոյ հայրութիւնն ու բարութիւնը մոռացութեան գիրկը նետելով` զԱստուած կը մեղադրեն այն պատճառաբանութեամբ, թէ իրենց կենսընթացին պատահած դժբախտութեանց, տուայտանքներու եւ նեղութեանց բացարձակ պատճառը Աստուած Ինք է: Այսպէս, գործի ասպարէզէ ներս, երբ յաջողակ մէկը յանկարծ տնտեսական անկում արձանագրէ, երբ առողջ անձ մը անակնկալօրէն մահացու հիւանդութեամբ մը վարակուի կամ բռնուի, երբ երիտասարդ մը արկածի մը զոհը երթայ եւ իր աչքերը առյաւէտ փակէ… այս եւ նման պարագաներու դիմաց գտնուելով` մարդիկ կ՛ափսոսան ու կ՛եզրակացնեն` ըսելով. «Փախուստ չկայ, ճակատագիրն էր, Աստուած այսպէս ուզեց»:

Ինչո՞ւ զԱստուած կը մեղադրես կամ ի՞նչ համարձակութեամբ եւ հիմամբ զԻնք կը պարսաւես: Որովհետեւ աննախադէպ եւ անըմբերելի դէ՞պք մը պատահած է կեանքիդ մէջ եւ չես գիտեր` ո՞վ է յանձնակատարը կամ որո՞ւ ձեռքով կատարուած է: Ուրեմն, երբ չես գիտեր դատապարտելի անձը կամ խնդրոյ առարկան, որ տեղի տուած էր ի յայտ եկած դժբախտութեանդ, զԱստուա՞ծ պէտք է եպերես: Սա կասկածամիտի մը վախի ազդեցութեան տակ կատարուած մեղադրանք է:

Եթէ իսկապէս քեզի պատահող չարիքները Աստուծոյ որոշումով է, որ կը կատարուին, սա կը նշանակէ, թէ Աստուած չարիքը կամեցող մըն է: Իսկ եթէ Աստուծոյ կամքն է, որ այսինչ կամ այնինչ չարիքին հանդիպիս, այդ պարագային իրաւունք չունիս մաքառելու քեզի պատահող չարիքներուն դէմ, որովհետեւ չարիքին դէմ պայքարելովդ` Աստուծոյ կամքին ու որոշումին դէմ է, որ պայքարած կ՛ըլլաս: Ո՞վ է ճակատագրի հաւատացող այն մարդը, որուն եղբայրը երբ արկածի մը հանդիպի, զինք իսկոյն բժիշկի չի տանիր, այլ կը սպասէ տեսնելու համար, որ եթէ  երբեք իր եղբօր «ճակատագիրը» մեռնիլն է, ապա կ՛որոշէ զայն բժիշկի տանիլ կամ ոչ:  Նոյնիսկ կարելի է տրամաբանել եւ ըսել, թէ զո՛ւր է հիւանդը ազատելու իր ճիգը, որովհետեւ եթէ Աստուած անոր «ճակտին վրայ գրած է», որ պիտի մեռնի, ոչինչ կրնայ փոխել անոր կացութենէն: Խելամիտի հաւատալիք:

Ինչպէ՞ս կարելի է ճակատագրի մը գոյութիւնը ընդունիլ, երբ կը հաւատանք, թէ Աստուած մարդը ստեղծած է ընտրելու եւ որոշումներ տալու ազատ կամեցողութեամբ: Ո՞ւր մնաց մարդուն բանականութիւնն ու մտածելու կարողութիւնը եւ ընտրութիւն կատարելու ազատակամութիւնը: Ուստի ի՞նչն է, որ մարդը կը զատորոշէ անասունէն: Այս իմաստով, մարդ էակը կը դադրի ինքնիշխան ըլլալէ եւ կը հաւասարի անբան անասունի մակարդակին:

Ստեղծագործութեան պսակը` մարդը ԱԶԱ՛Տ ստեղծուած է եւ ԱԶԱ՛Տ է թէ՛ հոգեպէս` զԱստուած պաշտելու եւ թէ մտապէս` մտածումներ յղանալու եւ որոշումներ կայացնելու: Կեանքի գործերուն մէջ կ’ընտրէ այս կամ այն, մերժելով այս եւ ընդունելով այն: Այլ խօսքով` իւրաքանչիւր գոյակ ընդոծին Աստուծոյ կողմէ տաղանդ մը, քանքար մը ունի, բայց անոր հետ միաժամանակ ունի զայն գործածելու ու արդիւնաւորելու ազատութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով իւրաքանչիւրը իր արարքին պատասխանատուն ու համարատուն է: Եւ ճիշդ ասոր վրայ կանգնած է պատասխանատուութիւնը իր ըրածին, վեհութիւնը իր արարքներուն, ու անոնց  ընդմէջէն` մեծութիւնը իր անձին: Եթէ նախապաշարեալներու նման համոզուած ես, որ ճակատագրուած ես եւ ենթակայ անոր, ապա ուրեմն ազատութիւն բառը կեանքի բառարանէդ պէտք է հեռացնես ու հանես: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ազատութիւն եւ ճակատագիր բառերը իրարու ներհակ սահմանումներ ու եզրեր են:

Զարեհ արք. Ազնաւորեան կ’ըսէ. «Չարը արդիւնքն է մարդու ազատ կամքին ու գործերուն: Աստուած մարդուն տուած է բացարձակ ազատութիւնը` ընտրելու եւ ընելու այն, ինչ որ կ’ուզէ, ընտրելու չարը կամ բարին, մահը կամ կեանքը: Բայց Աստուած մարդուն կը յիշեցնէ նաեւ, որ մեր ընտրութիւնը իր հետեւանքները ունի, որ մարդ պիտի կրէ անպայմանօրէն: Սխալ որոշում մը իր ցաւալի հետեւանքները կրնայ ունենալ, որ մարդ պիտի կրէ անխուսափելիօրէն: Աստուած մարդուն ցոյց կու տայ ուղիղը, բայց չի կաշկանդեր մարդուն ազատութիւնը` ընտրելու այն, ինչ որ կ’ուզէ»:

Ճակատագրի հաւատք ընծայողները ժամանակի ընթացքին ճակատագրապաշտութեան «երկրպագու» կը դառնան` իրենց կեանքը աղերսելով ճակատագրին եւ ամէն երեւոյթ վերագրելով Երկնաւոր Հօր` Աստուծոյ: Նման մարդիկ անզգալաբար կ’իմաստազրկեն Քրիստոսի փրկագործութիւնը, արդար հատուցման գոյութիւնը, մեղքի եւ դատաստանի հասկացողութիւնը: Ինչո՞ւ Քրիստոս աշխարհ եկաւ: Ի՞նչն էր Անոր առաքելութեան գերագոյն նպատակը: Ինչո՞ւ համար մարդուս սիրոյն ցաւատանջ չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, թագի փոխարէն` փշեպսակի արժանացաւ եւ Իր անմեղ արիւնը հեղեց խաչին վրայ: Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակադրութեամբ սահմանուած է Վերջին Դատաստանը…

Մեղքը մեզ Քրիստոսէ հեռացնող յաւիտենական պատնէշ մըն էր (Հմմտ. Ես 59.2): Մեղքը բաժանումի, պառակտումի, տարբաղադրութեան նկարագրով քանդիչ ուժ մըն էր: Քրիստոս Իր քաւչարար արեամբ խորտակեց այդ մեղքի ախտով պարսպապատ պատնէշը ո՛չ թէ մեզ դժոխքէն ազատագրելու, այլ` Իր սիրազեղ արքայութեան մէջ ընդունելու համար: Եթէ ճակատագրի կը հաւատաս, ամբողջապէս դրժած ու ջրած կ’ըլլաս վերոնշեալ բոլոր ճշմարտութիւնները, որոնք աշխարհի սկիզբէն իսկ յայտնուած են մարգարէներուն եւ իրականացուած ու իրենց լրումին հասած են Քրիստոսով: Աւելի ցաւալին այն է, որ երբ ճակատագրին կը հաւատաս, Վերջին Դատաստանի հասկացողութիւնն ալ ինքնաբերաբար մտքէդ կը վերանայ, որովհետեւ երբ մեղքը գոյութիւն չունի, սա կը նշանակէ, որ Վերջին Դատաստանն ալ շատոնց դադրած է եւ պարզապէս Ս. Գիրքին մէջ յերիւրուած պատում մըն է: Մեղա՜յ Աստուծոյ:

Ոմանք ծայրայեղութեան երթալով, կը շարունակեն զԱստուած մեղադրել` ըսելով. «Աստուած կողմնակալ է: Ինչո՞ւ զիս այսպէս ստեղծած է: Ինչո՞ւ միայն ես եմ նեղութեանց ու փորձութեանց ենթարկուողը, եւ ոչ իմ ընկերս… Ինչո՞ւ ինծի այսպիսի ճակատագիր մը տնօրինուած է, մինչդեռ դրացիիս` տարբեր ճակատագիր մը…»: Կեանքի այս թաւալքին մէջ անկասկած փորձանքներ ու պատահարներ պիտի հանդիպին քեզի: Սակայն պէտք է գիտնաս, թէ Աստուծոյ թոյլտուութեամբ կրնան պատահիլ միայն այնպիսի՛ փորձութիւններ, որոնք կը նպաստեն փրկութեանդ: Այն փորձութիւնները, որոնք քեզ կը հեռացնեն հաւատքէդ ու ճշմարիտ աստուածպաշտութենէն, չե՛ն կրնար Աստուծոյ կողմէ ըլլալ: Եթէ նման փորձութիւններ վերագրես ճակատագրի գոյութեան եւ ճակատագրին գոյութեան հեղինակը Աստուած համարես, այդ պարագային Բանսարկուին ըրածը Ամենակալին վերագրած կ’ըլլաս: Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ կ’ըսէ. «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ, թէ Աստուած է, որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն, որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ’ենթարկէ: Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի` իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ 1.13-14): Աստուածաշունչի ամէնէն ժողովրդական գիրքերէն` Յոբ Երանելիին գիրքին մէջ մահը Աստուծոյ կողմէ իբրեւ փորձութիւն տրուած է: Առ այդ, փորձութիւնը մեր կեանքին մէջ բնական է եւ ոչ թէ` ժխտական: Ժխտական տեսակէտէ դիտուած` անիկա նոյնիսկ օգտակար ազդակ մըն է իբրեւ մեր ներքին էութիւնը հարազատօրէն յայտնաբերող եւ մեր կամքը մարզող, զօրացնող, մեր անհատականութիւնը շեշտող առիթ: Ըսուած խօսք է, որ` «Փորձութեան չհանդիպիլը առաքինութիւն չէ, այլ փորձութեան հանդիպելէ ետք` չտարուիլն է, այլ անոր յաղթելն է բուն, տոկուն առաքինութիւնը»:

Նկարիչ մը գեղեցիկ նկար մը կը գծէ եւ իր տան մէջ կը կախէ: Ապա տախտակամածի մը վրայ կը բարձրանայ եւ կամաց-կամաց ետեւ կ՛երթայ, որպէսզի նկարին հեռուէն նայի եւ ըստ այնմ վերջին սրբագրութիւնները կատարէ: Առանց անդրադառնալու` կը հասնի տախտակամածին ծայրը եւ վար իյնալու վտանգին մէջ կ՛ըլլայ: Քայլ մը եւս ետեւ երթալու պարագային, կրնար վար իյնալ եւ մեռնիլ: Երբ կը պատրաստուի իր վերջին քայլը դէպի ետեւ նետել, յանկարծ իր փոքրիկ որդին ձեռքը եղած աղտոտ վրձինով մը կը խծբծէ նկարը: Նկարիչը սրտնեղած ու բարկացած փոքրիկին վրայ կը վազէ: Նկարը թէպէտ կ՛աւրուի, բայց նկարիչը ստոյգ մահէ կ՛ազատի: Ինչպէս մանուկը նկարը աւրելով` ազատած եղաւ նկարիչը, այնպէս ալ Աստուած յաճախ զանազան միջոցներով կ՛աւրէ մեր ծրագիրները` նպատակ ունենալով մեր կեանքը փրկել եւ մեզ ազատել յաւիտենական կորուստէ:

Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուած բարի ու արդար Հայր ըլլալով` ստեղծագործութեան պահէն սկսեալ կը հետեւի իւրաքանչիւր քայլափոխիդ` խրատելով, յանդիմանելով, երբեմն պատժելով քեզ, որպէսզի չխոտորիս, չսայթաքիս եւ Իր ճամբուն մէջ մնաս: Կեանքիդ տագնապներուն մեծ մասը քու իսկ ձեռքո՛վդ է, որ կը շինես ու դժուարութեան հագուստը հագցնելով` զանոնք դիմացդ կը զետեղես: Սակայն Աստուած այդ տագնապներուն կեղծ շպարները մաքրելով, քեզի ցոյց կու տայ ճշմարտութիւնը ու կը հանդարտեցնէ քեզ` համաձայն իր քաղցրաբարոյ նկարագրին: Քրիստոնեան ճակատագրին չի՛ հաւատար եւ իր հաւատքը այսպիսի անհիմն ու շեղ «հաւատալիք»-ներու վրայ չի՛ հիմնաւորեր, այլ իր հաւատքի վէմը Քրիստոսի վրայ կը հիմնէ:

Քու կենսընթացիդ պատահող դժբախտութեանց դրդապատճառները այս աշխարհին վրայ փնտռէ եւ զանոնք Աստուծոյ մի՛ վերագրեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES