Նոր Սրահի Մը Կառուցման «Խորհրդաժողով»

Սփիւռքը «մեծ բաներ»-ը կը սիրէ: Վատիկանի նախանձը գրգռելու չափ` մեծ եկեղեցի: Մեծ մարզասրահ` նախարարին նետուած ձեռնոց: Խրախճանքի մեծ սրահ: Առաջին կարգի աթոռներու սուր հարց կայ, ամիրաներու օրերէն: Մարդիկ դաւանափոխ եղած են, երբ իրենց «մինտէր»-ը ետ տարած են:

Երկպառակութիւն կանխելու ազգասիրութեամբ, «ներկայացուցչական հանգամանաւորներ»-ու խորհրդաժողով հրաւիրած են մեծ պանդոկի մը մէջ, ճաշով: Այլապէս հարցեր չեն լուծուիր:  Ծախսը պիտի հոգայ Քոնկոյէն համեստ հայ մը, որուն անունը չ’ըսուիր: Թէեւ չգիտցող չկայ: Քոնկոյի հայերը բանակ չեն: Հրաւիրուած են ճարտարապետներ, կ’ըսուի` «տիզայնըր», դոկտոր-տոքթորներ: Կեդրոնականցի Արմենակն ալ հրաւիրած են` որպէս աշխարհ տեսած մարդ:

Կիրակի մը տեւած ճակատագրական ժողովէն ետք Կեդրոնականցին Էլպիսին հետ եկաւ: Այսօրուան գործը վաղուան չի ձգեր: Պատմեց:

– Որոշեալ ժամուն, կանուխ արթննալու անսովորները հոն էին: Ժողովական այրերուն կիները եւ ժողովական կիներու ամուսինները եւս: Պիտի սպասէին ճաշը, սուրճի եւ ախորժաբերներու պատիւ պիտի ընէին եւ ծխէին: Քոնկոցին «Պատուոյ սեղանին» առջեւ էր: Միւս սեղանները «անպատի՞ւ» էին: Ժողովը, ճաշէն առաջ եւ վերջ, «հանգամանօրէն» քննեց «առաջին շարքի աթոռներու բազմացումը»:

– Լա՛ւ է, ժողովը յստակ օրակարգ պէտք է ունենայ,- ըսի:

– Անշո՛ւշտ: Նախագահը հարցուց, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի ամէն մարդ առաջին կարգ նստի: Առաջարկուեցաւ յունահռոմէական թատրոնի ձեւը, բոլորակաձեւ եւ բարձրացող տեղերով: Մերժում: Դասախօսը կամ երգիչը կռնակը պիտի դառնար ներկաներու կէսին: Առաջարկուեցաւ, որ բեմը դարձող ըլլայ, կամ` սրահը, որպէսզի հաւասարութիւն պահուի: Մերժում: Նստողները եւ բեմին վրայ եղողները գլխու պտոյտ կրնային ունենալ: «Տոքթորներ» կային: Քննել չի բաւեր կարեւոր հարցերուն համար, ըսին` «քննարկում», «դոկտորնր» կային: Եւ ժամեր:

– Չյոգնեցա՞ն, չձանձրացա՞ր,- հարց տուի:

– Երբ հարցերը կարեւոր են, չեն յոգնիր: Խորհրդարաններ ժամացոյցի սլաքը կը կեցնեն եւ կը շարունակեն: Ինչո՞ւ ձանձրանայի: Նորոյթ է ըսել, live թատրոն էր: Խելքը գլուխը անձ մը առաջարկեց կառուցել սրահ մը` միայն առաջին կարգի աթոռներով: Տասը, քսան: Կարեւորները անոնք են: Թող նկարահանեն եւ «թելեվիժըն»-էն սփռեն: Մեծ թիւով մարդիկ կը տեսնեն:

– Գէշ գաղափար չէ, տաքին կամ ցուրտին ասդին-անդին երթալէ կ’ազատինք,- ըսի «ֆաքիր»-ի պէս:

– Մերժում: Այդ տասը կամ քսան հոգին, երբ իրենց սրահ մուտքը եւ առաջին շարք նստած ըլլալը տեսնող չըլլայ, չեն գար: Չեն գար նաեւ տիկինները, իրենց «սինեէ» հագուստներով եւ «քանդակուած» գլուխներով:

– Այդ առաջարկը ընողը խելացի ըլլալու էր,- ըսի ես:

– Խելացի, չեմ գիտեր, բայց վարսաւիրանոց ունի, տասներկու աթոռով, ըսաւ քովս նստողը: Փառաւոր ճաշէն եւ ազնիւ գինիէն ետք, ժողովը վերսկսաւ: Թմրած էին: Ըսելիք չէր մնացած: Կրկնութիւններ. «Ինչպէս առաւօտեան նիստին ըսին», «իմ կարծիքով»: Ճաշը խօսքով կը հատուցուէր:

– Եզրակացութիւն,- ըսի:

– Նախագահը ըսաւ, որ այս շատ կարեւոր հարցը մէկ ժողովով չի լուծուիր: Թաղերու եւ միութիւններու մէջ պէտք է քննել, առաջարկները լսել եւ հաւաքուիլ:

– Դուն բան չըսի՞ր:

– Ես այդքան խելք ունի՞մ: Ե՞րբ առաջին կարգ նստած եմ, որ տարբերութիւնը գիտնամ: Առաջարկեցի` ետեւի աթոռները պահել եւ փափկացնել: Ուզողը կը քնանայ, կամ կ’երթայ, առանց խանգարելու: Ծափահարող եղաւ:

– Եթէ կրկին հրաւիրեն, կ’երթա՞ս:

– Անշո՛ւշտ: Այս անգամ ժողովականներու կիներուն եւ ամուսիններուն հետ կը մնամ, մինչեւ «Փանթակրուէլ»-ի ճաշը:

Անլոյծ է առաջին շարքի աթոռներու «հիմնահարցի քննարկումը»… Մէ՞կ երկար շարք, բարձրադի՞ր աթոռներ: Ապրողը կը տեսնէ:

Հարցը եթէ չլուծուի, ազգը կը տուժէ:

Երկա՜ր կեանք քոնկոցիին…

ՄԱԿԱՐ, ի Պերիտոն, 3 դեկտեմբեր 2012

 

 

Share this Article
CATEGORIES