Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Սիթիի 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց հանդիպումներ:

Արեւմտեան շրջանի հիւսիսարեւմտեան գօտիին առաջին դիրքին վրայ գտնուող Օքլահոմա Սիթի, որ ամէնէն շատ յաղթանակ արձանագրած խումբն է (15), արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` 117-111 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պրուքլին Նեթցը, որ մրցումին աւարտէն չորս վայրկեան առաջ 104-102 արդիւնքով կը յառաջանար:

Սակայն Քեւին Տիւրընթ փրկեց կացութիւնը եւ նշանակեց վեց կէտ: Ան ընդամէնը նշանակեց 32 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք` 25 կէտ եւ 9 էսիսթ: Պրուքլինի մաս կազմող Տերըն Ուիլիըմզ նշանակեց 33 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Մինեսոթա Վուլվզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 105-88
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ 105-101
Օքլահոմա Սիթի – Պրուքլին Նեթց 117-111
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 80-76
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ 108-98
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 107-105

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Օրլանտօ Մեճիք – Եութա Ճեզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES