Ժան Համմամ Ընթրիքի Երեկոյով Մը Պիտի Պատուէ Մարզական Լրագրողները
Տարիներու իր սովորութեան համաձայն եւ տօնական օրերուն առիթով, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին «Մըհաննա» ճաշարանին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) պիտի պատուէ մարզական լրագրողները:
Իւրաքանչիւր օրաթերթէ, շաբաթաթերթէ, ամսաթերթէ, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանէ երկուքական լրագրող պատուելով` Ժան Համմամ իր այս քայլով կու գայ միշտ ալ իր շնորհակալութիւնը յայտնելու մարզական լրագրողներուն, որոնք կ՛աշխատին ի նպաստ լիբանանեան մարզաշխարհին:
CATEGORIES Մարզական

