Էն. Պի. Էյ. Նիւ Օրլինզ Յաղթեց Պաքսի
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումնեուն, Նիւ Օրլինզ արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը` 102-81 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միլուոքի Պաքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռոպին Լոփեզ նշանակեց 21 կէտ, որուն շնորհիւ անոր կազմը իր կատարած վերջին 11 մրցումներուն արձանագրեց իր 2-րդ յաղթանակը, մինչ անոր մրցակիցը իր կատարած վերջին ութ մրցումներուն վեցին պարտուեցաւ:
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, պէտք ունեցաւ երկարաձգումի` յաղթելու համար Շարլոթ Հոռնեցի (118-112):
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն ամէնէն շատ յաղթանակը (14) արձանագրած է Օքլահոմա Սիթի, մինչ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ արձանագրած է ամէնէն քիչ յաղթանակը (միայն մէկ):
Նուազագոյն պարտութիւնը (3) կրած են Մայեմի Հիթ եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ, իսկ ամէնէն շատը (14) կրած է Թորոնթօ Ռեփթըրզ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 118-112
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 89-79
Նիւ Օրլինզ – Միլուոքի Պաքս 102-81
Տենվըր Նակեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 113-110
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ 105-104
Օրլանտօ Մեճիք – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 102-94
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ
Պրուքլին Նեթց – Օքլահոմա Սիթի
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

