Վալվերտէ Նշանակուեցաւ Վալենսիայի Մարզիչ
«Լա լիկա»-ի խումբերէն Վալենսիայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Էռնեսթօ Վալվերտէ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
48 տարեկան սպանացին փոխարինեց Մաուրիցիօ Փելլեկրինոն, որ պաշտօնանկ եղաւ, երբ Վալենսիա նախորդ շաբաթավերջին իր դաշտին վրայ 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռէալ Սոսիետատէն:
Վալվերտէ, որ նախորդ տարեշրջանին Օլիմփիաքոսի հետ Յունաստանի մէջ տուպլէ մը իրագործեց, արդէն իսկ փորձառութիւն ունի Սպանիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ նախապէս Աթլեթիքօ Պիլպաոյի եւ Էսփանիոլի մարզիչ եղած է:
Նշենք, որ ան այսօր պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Վալենսիա հիւրը ըլլայ Լիլի («Չեմփիընզ լիկ»): Անոր կազմը արդէն իսկ ապահոված է 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական


