Կռփամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Եօթը Մարզիկով Կը Մասնակցի Մրցաշարքին
Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եօթը մարզիկով պիտի մասնակցի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Քալինինկրատի մէջ (Ռուսիա)` 9-19 դեկտեմբերին:
«Մենք բաւական լաւ նախապատրաստական աշխատանքներ տարած ենք Ծաղկաձորի եւ Աբովեանի մէջ: Մեր տղաքը պատրաստ են ախոյեանութեան: Կը կարծեմ, որ այս մրցաշարքին մեր մարզիկները պիտի տան իրենց առաւելագոյնը», ըսաւ Աղամալեան:
Նախքան Քալինինկրատ մեկնիլը (նախանցեալ օր), Աղամալեան հրապարակեց իր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ կռփամարտիկներէն.
Կորիւն Սողոմոնեան (49 քկ), Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Արամ Աւագեան (56 քկ), Յովհաննէս Պոչքով (60 քկ), Արթուր Քիրաճեան (64 քկ), Հրայր Մաթէոսեան (69 քկ) եւ Արմէն Սիմոնեան (91 քկ):

