Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Նարեկ Մելքոնեան Նուազագոյնը Ապահովեց Պրոնզ Մետալ Մը

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարեկ Մելքոնեան (91 քկ եւ վեր) յաջողեցաւ նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը ապահովել Հայաստանի, երբ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 14-8 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր խրուաթ մրցակիցին` Եոսիփ Կրանիչի:

Կիսաւարտականին իր տոմսը ապահովեց նաեւ Նիքոլայ Յարութիւնով (81 քկ):

Նշենք, որ այսօր` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերը հանգիստի օր է:

Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` հինգշաբթի:

Share this Article
CATEGORIES