Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Եւ Կրեթթա Թասլաքեան Մաս Կազմեցին Տուպայ Մեկնող Լիբանանի Պատուիրակութեան
12-15 դեկտեմբերին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի պիտի ունենան Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները:
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի մեկնին Տուպայ` ներկայացնելու համար Լիբանանը:
Լիբանանի հաւաքականին մաս կը կազմեն 14 աղջիկներ եւ 5 տղաք:
Այդ աղջիկներուն կարգին են երկու հայեր` Լորի Թաշճեան եւ Կրեթթա Թասլաքեան:
Թաշճեան պիտի մասնակցի 400 մեթր արգելարշաւի, ինչպէս նաեւ 4×100 եւ 4×400 աղջկանց վազքի մրցումներուն:
Իսկ Թասլաքեան պիտի մասնակցի 100, 200 եւ 400 մեթր վազքի մրցումներուն:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուի: Անոր պիտի ընկերակցին նաեւ մարզիչներ Քարին Պուչաքճեան եւ Սալահ Ֆարրան:
CATEGORIES Մարզական


