Նշմար. «Շիտակ Ճամբան, Պարսելոնայի Ճամբան…»

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ մանաւանդ Պարսելոնայի համար 25 նոյեմբերը պիտի մնայ անմոռանալի թուական մը, որովհետեւ Լեվանթէ-Պարսելոնա մրցումին ընթացքին, Պարսելոնա շուրջ 58 վայրկեան խաղաց իր ակադեմիայէն աւարտած ֆութպոլիստներով :

Իրողութիւն մը, որ ասկէ առաջ չէ պատահած Պարսելոնայի պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի միւս հսկաներուն հետ :

25 նոյեմբերին Եոհան Քրոյֆի եւ Քարլես Ռեքսաչի երազը իրականացաւ: Այս երկուքը տարիներ աշխատեցան Լա Մասիայի մէջ (Պարսելոնայի ֆութպոլի ակադեմիային անունը) եւ վերջապէս հասան իրենց երազին, երբ տեսան Վալտեսը, Մոնթոյան, Փիքէն, Փույոլը, Ալպան, Պուսքեթցը, Ինիեսթան, Զաւին, Ֆապրեկասը, Փետրոն եւ Մեսսին նոյն մրցումին: 11 Լա Մասիայի շրջանաւարտներ, որոնք անցնող շաբաթ Եւրոպական մամուլին էջերը լեցուցած էին:

Ֆրանսական Լ՛Էքիփը գրեց` «11 ոսկեայ շրջանաւարտներ», իսկ գերմանական Քիքըրզը ` «Շիտակ ճամբան` Պարսելոնայի ճամբան»:

1998-էն մինչեւ 2005 Պարսելոնան ոչ մէկ տիտղոսի տիրացաւ: Սակայն այս տարիներուն տարիքային խումբերուն մէջ արդէն աշխատանքը սկսած էր` պատրաստելու ապագայի աստղեր: Տարիքային խումբերուն մէջ կային Մեսսին, Փիքէն, Փետրոն, Պուսքեթցը, Ֆապրեկասը եւ ուրիշներ … որոնք այսօր կը կերտեն Պարսելոնայի ամէնէն փայլուն էջերը` իր 113-ամեայ պատմութեան ընթացքին:

Անշուշտ այս գրութեան նպատակը ո՛չ Պարսելոնան գովելն է, ո՛չ ալ տեղեկութիւններ տալ է:

Քանի մը օրեր առաջ «Ազդակ»-ի մարզական էջին մէջ կարդացի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին մարզիկներուն անունները: Իսկապէս ուրախալի էր եւ հպարտալի, որովհետեւ, գոնէ ինծի համար, ճշգրիտ ճամբան բռնած ենք: Երբ կը կարդանք Յակոբ Նաճարեան (ՀՄԸՄ Անթիլիասէն), Յարութ Սարգիս (ՀՄԸՄ Ֆանարէն), Խաչիկ Գերպապեան (ՀՄԸՄ Պէյրութէն), Սագօ Ազնաւուրեան (ՀՄԸՄ Ժունիորէն) եւ ուրիշ անուններ, որոնք եկած են ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայէն, կը հասկնանք, որ մենք արդէն բռնած ենք յաջողութեան ճամբան:

Կարեւոր չէ, եթէ մրցումներ չյաղթենք, կարեւոր չէ, եթէ սկզբնական արդիւնքները մեր ուզածին պէս չեն, կարեւոր չէ, եթէ ախոյեան չդառնանք: Կարեւորը ան է, որ մենք պէտք է հասկնանք, որ ասիկա 1-2 ամսուան համար չէ, այլ երկար տարիներու վրայ երկարող ծրագիր մըն է: Պարսելոնային նման ակումբ մը եթէ 7 տարի հեռու մնաց տիտղոսներէ…

Պէտք է հասկնանք, որ մեր տղաքը պէտք է խաղան եւ ոչ օտարը…

Իւրաքանչիւր առիթ պէտք է օգտագործուի մեր տղոց համար եւ ոչ օտարին…

ՀՄԸՄ-ը դպրոց է, թոյլ տանք, որ մեր շրջանաւարտները ներկայացնեն մեզ եւ ոչ օտարը …

Ուրեմն մեզի կը մնայ հաւատալ եւ շարունակել այս ճամբան, որպէսզի մօտիկ ապագային ունենանք մեր սպասած արդիւնքները:

 

Share this Article
CATEGORIES