Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ինքզինքդ Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Անասուններէ Փոխանցուող Հիւանդութիւններէ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2012-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինքզինքդ ինչպէ՞ս պաշտպանել անասուններէ փոխանցուող հիւանդութիւններէ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց անասնաբուժ տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ անասունները հաճելի ներկայութիւն են տան մէջ, եւ անոնց ընկերութիւնը հոգեկան կապ մը կը ստեղծէ խնամողին քով, բայց միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ անոնք կրնան մակաբոյծեր փոխադրել, եւ սնունդին լաւապէս հետեւիլն ու հսկելը անհրաժեշտութիւն է, երբ անոնց ներկայութիւնը կ՛ուզենք մեր տան մէջ:

Տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով անասուն եւ կենդանի հասկացողութեանց տարբերութիւնը, ան նաեւ պատասխանեց այն հարցադրումներուն, թէ ո՞վ է անասնաբուժը եւ ին՞չ է անոր դերը:

Շարունակելով խօսիլ անասուններու մասին` դասախօսը յաջորդ բաժինով ներկայացուց այն հիւանդութիւնները, որոնք կը փոխանցուին անասուններու ճամբով, անոնց փոխանցման միջոցը:

ա.- Մազի ու մորթի

Տարբեր մանրէններ, մակաբոյծեր, տզրուկներ կ՛ապրին անասուններու մազին ու մորթին վրայ ու իրենց սնունդը կը ստանան այս միջավայրէն: Ենթական յաճախ շփման մէջ ըլլալով ընտանի տարբեր անասուններու հետ, որեւէ ժամանակ անասունի մազին ու մորթին միջոցով տարբեր հիւանդութիւններէ կրնայ վարակուիլ:

Այս բաժինով տոքթ. Մանճիկեան շեշտեց ձեռքերը լուալու սովորութիւնը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը: Բացատրելով, թէ ջուրն ու օճառը տակաւին ամէնէն ազդու միջոցներէն են չէզոքացնելու որեւէ մանրէ կամ մակաբոյծ:

Դասախօսը բոլորին նկատողութեան յանձնեց այն կէտը, թէ անասունները պէտք չէ մեր ննջասենեակները մտնեն:  Ննջասենեակները ամէնէն զգայուն վայրերը ըլլալով` անասունը կրնայ որեւէ հիւանդութեամբ վարակել մեզ:

բ.- Հողի եւ բերանի

Անասունները կ՛արտաքսեն հողի վրայ, եւ այդ հողը կը պարունակէ վարակիչ հիւանդութիւններ. երբ մենք որեւէ պայմանի տակ շփման մէջ ըլլանք հողին կամ աւազին հետ, կրնանք վարակուիլ այդ հիւանդութիւններէն եւ յաճախ բերնի ճամբով:

Տոքթ. Մանճիկեան ձեռքերը յաճախ լուալու կողքին յիշեց կանաչեղէններու եւ բանջարեղէններու պարագան, եւ թէ անոնք ինչպէ՛ս պէտք է լուալ, յատկապէս երբ զանոնք պիտի գործածենք հում վիճակի մէջ, օրինակ` աղցան պատրաստելու մէջ:

Տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան խօսեցաւ նաեւ որդերու մասին` անոնց տափակ եւ երկար տեսակներով: Ան ներկայացուց որդերու գոյատեւման միջավայրը` նշելով, թէ անոնք ի՛նչ միջոցներով կը փոխանցուին մարդ արարածին եւ խօսելով անոնց պատճառած տարբեր հիւանդութեանց մասին:

Խօսելով տափակ որդերուն մասին, յատկապէս շեշտեց թենիա որդի տեսակները, որոնք կը փոխանցուին հում միսի ճամբով:

Գ.- Խածուածքի եւ ճանկելու

Յաճախ շան խածուածքի ու ճանկելու պայմանները մենք կը ստեղծենք, եւ անասունը դիմելով ինքնապաշտպանութեան կամ իբրեւ վախի արդիւնք` կը խածնէ կամ կը ճանկէ:

Երկու պարագաներուն ալ վնասուածքին տեղը անհրաժեշտ է սկիզբը լուալ պարզ ջուրով եւ հականեխել պեթատինով: Բժիշկի դիմելը անհրաժեշտ է ստանալու պատուաստներ` պաշտպանուելու համար:

Այս բաժինով դասախօսը յիշեց երկու պարագաներ`  ա.- թեթանոսի եւ  բ.- Ռէյպիսի

կատաղութեան: Երկու պարագաներուն ալ կան պատուաստներ եւ հետեւանքները կանխարգիլելու միջոցներ:

Իբրեւ եզրակացութիւն դասախօսը քաջալերեց տուներու մէջ ընտանի անասուններ պահելը, այն պայմանով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ պէտք է լաւապէս հետեւիլ անոնց, որպէսզի հեռու մնանք տարբեր հիւանդութիւններէ, ինչպէս նաեւ վայելենք անոնց ընկերութիւնը:

Աւարտին տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES